Սեպտեմբեր 27ի այս օրը, 95 տարի առաջ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ, հանդիսաւորապէս բացումը կատարուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմական 9րդ Ընդհանուր Ժողովին։
Ընդհանուր Ժողովները Դաշնակցութեան համար ունին հայ ժողովուրդի յեղափոխական գլխաւոր կուսակցութեան ԿԱՄՔը ներկայացնող ժողովի նշանակութիւն։ Դաշնակցութեան շարքերը եւ կազմակերպական միաւորները ժողովրդավարականօրէն ներկայացնող պատգամաւորներու մասնակցութեամբ գումարուած Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովները կը ճշդորոշեն Դաշնակցութեան Ուղին եւ կ'ընտրեն Դաշնակցութեան երթը առաջնորդող ղեկավար մարմինները։
Այդ առումով՝ Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովները ըստ ամենայնի հաշուետուութեան պատմական պահեր եղած են Դաշնակցութեան 124ամեայ կեանքին մէջ.- Հաշուետուութիւն՝ Դաշնակցութեան շարքերուն ընդմէջէն, ամբողջ հայ ժողովուրդի դատաստանին առջեւ։
Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովներու շարքին իններորդը պատմական եղաւ ոչ միայն աւանդական այս առումով, այլեւ՝ իր գումարման Պահուն ունեցած ազգային-քաղաքական նշանակութեամբ, Հայաստանի անկախութիւնը նուաճած հայ ազատագրական պայքարին հետագայ Ուղին հունաւորելու իմաստով։
1919ի Սեպտեմբերը յոյսերու եւ լաւատեսութեան աստեղային պահ էր հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ։
Առաջին Աշխարհամարտը աւարտած էր եւ ինչպէս ամբողջ Եւրոպայի, այնպէս եւ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական նոր քարտէսը ձեւաւորման իր փուլին մէջ կը գտնուէր։
Թէեւ Հայաստանն ու հայութիւնը ծանրագոյն կորուստներ կրած էին Աշխարհամարտի ընթացքին թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան հետեւանքով, բայց կրցած էին յարութիւն առնել Մեծ Արհաւիրքէն եւ ոչ միայն նուաճել անկախութիւնը հայրենիքի փոքր, բայց աստիճանաբար ընդարձակուող մասին վրայ, այլեւ հաստատուն հիմերով ամրապնդել հայոց ազգային պետականութիւնը։
Մայիս 1919ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նորակազմ կառավարութիւնը, Ալ. Խատիսեանի վարչապետութեամբ, խորհրդարանին ներկայացուած իր քաղաքական ուղեգիծին մէջ, արտայայտելով Պահու ընդհանուր խանդավառութիւնը եւ իշխանութեան ղեկը ստանձնած Դաշնակցութեան մէջ տիրող տրամադրութիւնները, արդէն հռչակած էր Միացեալ, Անկախ եւ Ազատ Հայաստանի ուղղութեամբ գործելու իր անսակարկ յանձնառութիւնն ու ամբողջական պատրաստակամութիւնը։
Ահա նմա՛ն մթնոլորտի մէջ, 27 Սեպտեմբեր 1919ին Երեւանի մէջ, կառավարութեան շէնքին մեծ դահլիճին մէջ, կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը Հ.Յ.Դ. Իններորդ Ընդհանուր Ժողովին, որ շարունակուեցաւ մինչեւ Հոկտեմբեր ամսու աւարտը։
Ժողովը պատմական նշանակութիւն ունեցաւ առաջին հերթին իր գումարման Պահու ա՛յս դիտանկիւնէն։
Եղաւ Դաշնակցութեան առաջին գերագոյն ժողովը, որ գումարուեցաւ Անկախ Հայաստանի եւ հայ ազգային պետականութեան պայմաններուն մէջ։
Հրաչ Տասնապետեանի ամփոփումով (տես՝ «Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. Ընդհանուր Ժողով» աշխատութիւնը), ժողովը ունեցաւ «ամենալայն ներկայացուցչական պատկեր ու յստակօրէն համազգային բնոյթ»։
Ժողովին իրենց ներկայացուցիչներով մասնակցեցան՝
- Հայաստանի ու Արեւելեան Բիւրոները եւ «բոլոր այն մարմինները, որոնք իրաւապէս գոյութիւն ունէին Ութերորդ Ընդհանուր Ժողովի օրերուն (1914)»։
- Նաեւ այն մարմինները, «որոնք կազմուած էին հնգամեակի ընթացքին (Բասէն, Բագրեւանդ, Հարք-Ապահունիք), ինչպէս նաեւ անոնք՝ որ կը բխէին Հայաստանի նոր իրականութենէն (Խորհրդարանական Ֆրակցիա, Երեւանի Ներկայացուցչական Խորհուրդ եւայլն)»։
Ժողովի նախապատրաստութեան շրջանին, Մարտ 1919էն սկսեալ, Հ.Յ.Դ. զոյգ Բիւրոները «արեւմտահայ մարմիններուն տուած էին յատուկ դիւրութիւններ՝ իրենց կազմերը ամբողջացնելու»։
Հ.Յ.Դ. Իններորդ Ընդհանուր Ժողովի «Որոշումներու գրքոյկ»ին համաձայն՝ ժողովին մասնակցեցան վճռական ձայնով 61 եւ խորհրդակցական ձայնով 19 պատգամաւորներ։
Ընդհանրապէս քառամեայ պարբերականութեամբ գումարուող Դաշնակցութեան գերագոյն համագումարներու՝ Ընդհանուր Ժողովներու պատմութեան մէջ, շուտափոյթ պարբերականութեամբ յատկանշուած էր Չորրորդէն (1907ին, Վիեննա) մինչեւ Ութերորդ (1914ի Յուլիս, Կարին) Ընդհանուր Ժողովներուն գումարման ժամանակաշրջանը։ Եօթը տարուան ընթացքին Դաշնակցութիւնը ունեցաւ չորս Ընդհանուր Ժողովներ, որովհետեւ Արեւմտահայաստանի եւ բուն Երկրին համար ծայր աստիճան բախտորոշ վերիվայրումներով բնորոշուող տարիներ էին։
Յատկապէս Եօթներորդ (1913ի Օգոստոս, Կարին) եւ Ութերորդ Ընդհանուր Ժողովները գումարուեցան հազիւ 10 ամիսներու ընթացքին։
7րդ Ընդհ. Ժողովի օրերուն Սիմոն Զաւարեան տակաւին կþապրէր եւ կþառաջնորդէր Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ գործող դաշնակցական ղեկավարութիւնը, իսկ Ռոստոմ հաստատուած էր Կարին, ուրկէ կը հունաւորէր բուն Երկրի մէջ Դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութիւնը։ Հ.Յ.Դ. Հիմնադիր Սերունդի երկու ղեկավար դէմքերու առաջնորդութեամբ, 7րդ Ընդհանուր Ժողովը քննութեան նիւթ դարձուց Գերմանիոյ հետ զինակցաբար ընդհանուր պատերազմի պատրաստուելու Իթթիհատի ռազմատենչ քայլերը։ Որոշեց՝ «օրինական բոլոր հնարաւոր միջոցներով կանխել զինուած ընդհարումները», իսկ եթէ պատերազմը անխուսափելի դառնայ՝ «ամէն քաղաքացի կը կատարէ իր քաղաքացիական պարտականութիւնը ի՛ր պետութեան հանդէպ»։
Աշխարհամարտը շուտով անխուսափելի դարձաւ եւ Իթթիհատ, գիտնալով հանդերձ Դաշնակցութեան հակապատերազմական դիրքորոշումը, քաղաքական ամէն քայլի դիմեց, որպէսզի տարհամոզէ Դաշնակցութիւնը եւ, Ցարական կայսրութեան դէմ թրքական պետութեան նախապատրաստած պատերազմի ընթացքին, թրքական զօրքերու կողքին ունենայ հայ ժողովուրդի արեւմտահայ թէ արեւելահայ հատուածներուն զինակցութիւնը՝ Դաշնակցութեան միջոցաւ։
Այդ պատճառով ալ, 7րդ Ընդհ. Ժողովէն տասը ամիս անց, գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհ. Ժողովը, Ս. Զաւարեանի մահէն ետք (Հոկտեմբեր 1913) Ռոստոմի առաջնորդութեամբ, որ միեւնոյն պատասխանը տուաւ Կարին եկած ու ժողովին ներկայացած Իթթիհատի բանագնացներուն։
Այդպէ՛ս, իր 7րդ եւ 8րդ Ընդհանուր Ժողովներու որոշումով, Առաջին Աշխարհամարտի դաժանագոյն տարիներու ընթացքին, Դաշնակցութիւնը ստիպուեցաւ զէնք բարձրացնել՝ միաժամանակ թէ՛ Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին իթթիհատական եղեռնագործութեան դէմ հայ ժողովուրդին ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու, թէ՛ Ցարական Կայսրութեան տարածքին ղեկավարելու համար Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումը եւ մասնակցութիւնը ռուս-թրքական պատերազմին, նպատակադրելով օգնութեան հասնիլ բուն Երկրի հայութեան փրկութեան՝ ստոյգ ցեղասպանութեան դէմ...
Աշխարհաքաղաքական բախտորոշ այդ վերիվայրումներու խորապատկերով՝ Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովը եկաւ պատմական արժեւորումը կատարելու հայ ժողովուրդին հնգամեայ մաքառումին՝ մահուան անդունդը թաւալգլոր անկումին եւ հրաշափառ յարութեան, որուն պսակումը եղան Հայաստանի անկախութեան նուաճումն ու հայոց ազգային պետականութեան կերտումը։
Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր Ժողովը պատմական նշանակութիւն ունեցաւ ոչ միայն հայ ազգային¬ազատագրական շարժման աւելի քան երեսնամեայ պայքարին յաղթանակով պսակումը ամրագրելու իմաստով, այլեւ՝ հայ քաղաքական մտքի ակամայ, այլ բռնի երկփեղկումին վերջ տալու առումով։
Այսպէ՛ս, Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովը Դաշնակցութեան Ծրագրէն ջնջեց Արեւմտահայաստանի եւ Արեւելահայաստանի համար 1907ի 4րդ Ընդհանուր ժողովին առաջադրած լայն ինքնավարութեան քաղաքական առաջադրանքները եւ, փոխարէնը, որոշեց ծրագրային նպատակ ունենալ «Միացեալ, Անկախ եւ Ազատ Հայաստան»ի իրագործումը։
Հ.Յ.Դ. Իններորդ Ընդհանուր Ժողովը պատմական եղաւ նաեւ ու մանաւանդ թրքական պետութեան գործադրած Հայասպանութեան պատասխանատուները պատժելու իր որոշումով, որ ամրագրուեցաւ «Նեմեսիս գործողութեան» որդեգրումով եւ անոր առջեւ ծրագրումի ու կազմակերպումի կանաչ լոյս բանալով։
Իր այդ որոշումներով՝ նաեւ գալիքի հաշւոյն պատմական կարեւորութիւն ունեցաւ 17 Սեպտեմբերի այս օրը, 95 տարի առաջ, Երեւանի մէջ բացուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովը73
Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իրականացման ի խնդիր բոլորանուէր եւ անդուլ պայքարը հունաւորեց Դաշնակցութեան հետագայ ուղին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումը դարձնելով կիզակէտը Դաշնակցութեան ազգային-քաղաքական վարքագծին։
Իսկ «Նեմեսիս գործողութեան» իրականացումով՝ Դաշնակցութիւնը ամբողջապէս լծուեցաւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան երկարաշունչ պայքարին՝ զայն դարձնելով հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներուն ազգային ինքնաճանաչումի եւ ինքնահաստատման ներշնչման աղբիւրը։
Հայապահպանման եւ հայակերտման կենարար ակունքը։
Վերջապէս, Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովը դաշնակցական սերունդներուն վրայ պարտք դրաւ մշակումը ժողովրդավարական եւ ընկերվարական այն Ծրագրին ու գործունէութեան, որոնք ընկերային արդարութեան եւ ամբողջական ազատագրումի ուղին պիտի հարթեն Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին առջեւ, մեր հայրենիքին ու ազգին առանձնայատուկ պայմաններէն մեկնելով։
Ն.