Հոկ­տեմ­բեր 31ի օ­րը մեր ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը մի­ջազ­գա­յին համ­բա­ւի տի­րա­ցած հայ գե­ղան­կա­րիչ Էտ­կար Շա­հի­նի։

Ազ­գա­յին ինք­նատ­պու­թեամբ եւ բարձ­րա­րո­ւեստ տա­ղան­դով օժ­տո­ւած նկա­րիչ է Էտ­կար Շա­հին, որ իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեամբ բար­ձունք մը նո­ւա­ճեց ա­րո­ւես­տի աշխար­հին մէջ՝ հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նա­չում ա­պա­հո­վե­լով հայ­կա­կան գծան­կար­չու­թեան ու յատ­կա­պէս փո­րագ­րա­կան գե­ղան­կար­չու­թեան։

96 տարի առաջ, Հոկտեմբեր 30ի այս օրը, յունական Լիմնոս կղզիի Մուտրոս նաւամատոյցին բացերը խարսխած բրիտանական աշխարհահռչակ Ակամեմնոն ռազմանաւին վրայ, Ա. Աշխարհամարտի մեծ պարտեաներէն Օսմանեան Թուրքիոյ ու

Ժողովուրդներու ազգային յիշողութեան մէջ կան ոչ միայն ինքնաճանաչման եւ հպարտութեան, երկունքի եւ խոյանքի ոգեշնչող պահեր, այլ կան նաեւ փորձութեան ու յուսաբեկումի, մեղկութեան եւ անկումի ողբերգական վայրկեաններ, որոնք կեանքի եւ ժամանակի թաւալումին հետ աւելի ու աւելի կը շեշտեն իրենց բախտորոշ նշանակութիւնը։

Հոկտեմբեր 27ին, 101 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ հրատարակուող Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի խմբագրատուն երթալու ամէնօրեայ իր ճամբու ընթացքին, 47 տարեկանին սրտէն կաթուածահար ինկաւ Սիմոն Զաւարեան։

Այդպէս յանկարծամահ՝ հայոց աշխարհէն մարմնապէս հեռացաւ եզակի դէմքերէն մէկը հայ ժողովուրդին։

Հոկտեմբեր 23ին, 17 տարի առաջ, Մ. Նահանգներու մէջ, 94 տարեկանին մահացաւ հայ ժողովուրդի անուանի զաւակներէն Լուտեր Ճորճ Սիմճեան, որ իբրեւ գիւտարար-հնարիչ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ամերիկացի հռչակաւոր դէմքերու ոսկեմատեանին մէջ։