Հոկտեմբեր 22ի այս օրը, 39 տարի առաջ, Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ կատարուած ահաբեկչական յանդուգն գործողութիւն մը ցնցեց քաղաքական աշխարհը, ճեղքեց հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան ու Հայրենազրկումին շուրջ հաստատուած լռութեան պատը եւ տուաւ ազդանշանը Հայ Դատի ուժական պայքարին շղթայազերծման։

94 տարի առաջ, Հոկտեմբերի այս օրերուն, Լեռնահայաստանը յայտնուած էր կենաց-մահու թէժ մարտերու կրակին մէջ։
Ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բռնուած էր երկու կրակի միջեւ՝ արեւմուտքէն քեմալական զօրքերու ներխուժումով, իսկ արեւելքէն Լենինի Կարմիր Բանակին ու խորհրդային համազգեստ հագած ազերի փանթուրքիստներու ընդհանուր գրոհին հետեւանքով։

Հոկտեմբերի այս օրերուն կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ հրապարակագրութեան լուսամիտ դէմքերէն Մատթէոս Մամուրեանի։

Ներհուն մտաւորական, մանկավարժ, գրող, հանրային գործիչ, թարգմանիչ եւ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, տաղանդաւոր հրապարակագիրն է Մատթէոս Մամուրեան, որ 1871ին իր հիմնած եւ ամբողջ երեսուն տարի խմբագրած թերթով՝ «Արեւելեան Մամուլ»ով, արժանաւոր տեղ կը գրաւէ 19րդ դարավերջի հայ ազգային-քաղաքական մտքի մեծարժէք մշակներուն եւ գաղափարի սերմնացաններուն շարքին։

Ժա­մա­նա­կը որ­քան թա­ւա­լի, այն­քան կը պայ­ծա­ռա­նայ դէմ­քը Հայ­կա­կան Յե­ղա­փո­խու­թեան ան­զու­գա­կան ա­ռաջ­նոր­դին՝ Ք­րիս­տա­փոր Մի­քա­յէ­լեա­նի, ո­րուն ծննդեան 155րդ տա­րե­դար­ձը կը նշենք Հոկ­տեմ­բեր 18ի օ­րը։

Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր եր­րոր­դու­թեան ե­րի­ցա­գոյնն ու կեդ­րո­նա­կան դէմքն էր Ք­րիս­տա­փոր, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն շրջա­նի պատ­մու­թեան մէջ անկրկ­նե­լի բար­ձունք մը նո­ւա­ճեց իբ­րեւ հա­յու յե­ղա­փո­խա­կան յանդգ­նու­թեան ՄԱՐԴԱԿԵՐՏ դար­բի­նը։

Արեւմտահայ գրականութեան օրրան Պոլիսը երբեք չցամքեցաւ։ Նոյնիսկ 24 Ապրիլ 1915ի ցեղասպանական հարուածը, հակառակ իր ահաւոր տարողութեան, չկրցաւ արմատէն չորցնել հնաւանդ, այլեւ մշտանորոգ կաղնին պոլսահայ գրականութեան։
Հոկտեմբեր 16ի այս օրը, 88 տարի առաջ, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ լոյս աշխարհ եկած բանաստեղծը՝ Զարեհ Խրախունին առանձինն կը