Սեպտեմբեր 16ին, 192 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ ծնաւ Յովսէփ Շիշմանեան անունով տաղանդաւոր հայ մը, որ ճակատագրուած էր դառնալու մեր ժողովուրդի ազգային զարթօնքին եւ ազատագրական պայքարին գլխաւոր քարոզիչներէն ու մղիչ ուժերէն մէկը։

Սեպտեմբեր 15ի այս օրը, 96 տարի առաջ, թրքական բանակը Նուրի փաշայի հրամանատարութեամբ գրաւեց Անդրկովկասի նաւթակեդրոն Պաքուն՝ ազերի թուրքերու մուսաւաթական իշխանութիւնը զինու զօրութեամբ պարտադրելու համար քաղաքի հայ եւ ռուս բնակչութեան։

Սեպտեմբերի այս օրերուն, 92 տարի առաջ, տեղի ունեցաւ արդի ժամանակներու բարբարոսական մեծագոյն ոճիրներէն մէկը.-
Հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող յունական Զմիւռնիա չքնաղ քաղաքը հրոյ ճարակ կործանեցաւ թրքական զօրքի ձեռամբ։

Դարձեալ 11 Սեպտեմբեր է եւ ողջ մարդկութեան հետ Հայը եւս զարհուրանքով կը յիշէ 13 տարի առաջ Նիւ Եորքի մէջ գործուած մոլեռանդ ահաբեկչութեան ահաւոր ողբերգութիւնը։
2001 թուականի Սեպտեմբեր 11ի այս օրը աննախընթաց բնոյթի յարձակում մը գործուեցաւ Նիւ Եորքի Համաշխարհային

Սեպտեմբեր 10ին, 116 տարի առաջ, Գերմանիոյ Հոհենհոնոֆ քաղաքին մէջ, 51 տարեկանին մահացաւ հայոց հինաւուրց Արծրունի տոհմին վերջին ժառանգորդներէն Անդրէաս Երեմիայի Արծրունին։
Համաշխարհային հռչակով մեծ գիտնական էր Ա. Արծրունի՝ երկրաբան, հանքագէտ եւ մետաղագէտ, որուն անունով կը ճանչցուին հրաբխային կազմաւորումներու վերաբերեալ շարք մը տեսութիւններ, ինչպէս նաեւ ոսկեայ եւ թանկագին քարերու տեսակներ։