Արդի հայ գրականութեան անմահ հիմնադիրներու փաղանգին մէջ բարձրադիր իր պատուանդանը ունի արեւելահայ աշխարհաբարի նախակարապետ Խաչատուր Աբովեան, որ լոյս աշխարհ եկաւ 205 տարի առաջ՝ Հոկտեմբեր 15ի այս օրը։
Երկար չապրեցաւ Խ. Աբովեան, միայն 39 տարեկան էր, երբ առաւօտ մը դուրս եկաւ իր բնակարանէն եւ անհետ կորսուեցաւ ու անյայտ

220 տարի առաջ 14 Հոկտեմբերը դարաշրջան բացող տարեթիւ մը դարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։
1794ի այս օրը լոյս տեսաւ անդրանիկ համարը «Ազդարար» անունով հայերէն տպագիր առաջին թերթին։
Յատկանշականօրէն եւ հայ ժողովուրդին ազգային-քաղաքական աստանդական ճակատագիրը խորհրդանշելով՝ հայկական առաջին տպագիր թերթը լոյս չտեսաւ հայրենի հողի վրայ։

Հոկտեմբեր 13ին, 48 տարի առաջ, նոր թեւակոխած գրական¬ստեղծագործական իր կեանքի հասունացման փուլը, 51 տարեկանին ապաժամ վախճանեցաւ սփիւռքահայ գրականութեան եզակի դէմքերէն Եդուարդ Պոյաճեան։
Հայրենի կորուսեալ Հողին ինքնատիպ երգիչը եղաւ Մուսա Լերան Խտըր¬Պէկ գիւղի ծնունդ Եդուարդ Պոյաճեանը։

Հոկտեմբեր ամսու երկրորդ Կիրակին Հայաստանեայց Եկեղեցին նուիրած է Սրբոց Թարգմանչաց տօնին։
Խորքին մէջ մեր եկեղեցին երկու տօն նուիրած է հինգերորդ դարու հայոց Թարգմանիչ Սուրբերուն։
Առաջին տօնը նուիրուած է ուղղակի Սուրբ Սահակ Պարթեւ ու Մեսրոպ Մաշտոց Հայր Թարգմանիչներուն եւ կը նշուի ամէն տարի՝ Յունիսի վերջը կամ Յուլիսի սկիզբը։

Հոկտեմբեր 9ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը Հայկական Յեղափոխութեան առաջին սերմնացաններէն Մկրտիչ Փորթուգալեանի։

Մ. Փորթուգալեան ապրեցաւ ու գործեց ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հայոց աշխարհը օտար տիրակալներու բազմադարեան լուծին տակ բաժան-բաժան եղած, իսկ հայը բռնատիրական ճնշումի եւ հալածանքի տակ կորաքամակ դարձած՝ ազգովին կանգնած էինք ուծացման ու կործանման օրհասական վտանգին առջեւ։