- Details
- Category: Յուշատետր
15 Սեպտեմբերին, 155 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ սկսաւ հրատարակութիւնը «Մեղու» անունով թերթի մը, որ նոր էջ պիտի բանար եւ իր ուրոյն դպրոցը պիտի ստեղծէր հայ մամուլի պատմութեան մէջ։
Թերթին հիմնադիրն ու խմբագիրը Յարութիւն Սվաճեան կը կոչուէր։ Ժամանակի յանդուգն մտաւորականներէն էր Սվաճեան, որ իր հիմնած թերթով՝ Զարթօնքի Սերունդին տրամադրեց համարձակախօս բեմ մը, ի սպաս Ազգային Սահմանադրութեան եւ Աշխարհաբարի որդեգրումին։
- Details
- Category: Յուշատետր
14 Սեպտեմբերի այս օրը, 91 տարի առաջ, Ռուսաստանի պետական ղեկին տիրացած պոլշեւիկները մեծապետական դիւանագիտութեան դաժանագոյն դաս մը տուին հայ ժողովուրդին։
Մայիս 1920էն ի վեր Մոսկուա գտնուող ու հայեւռուս յարաբերութեանց բնականոնացման համար բանակցելու եկած Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը, Լեւոն Շանթի գլխաւորութեամբ, ամենայն «քաղաքավարութեամբ» ետ Երեւան ղրկուեցաւ, իբր թէ անաւարտ բանակցութիւնները Հայաստանի մէջ շարունակելու պատճառաբանութեամբ...
- Details
- Category: Յուշատետր
Սեպտեմբերի այս օրերուն կը զուգադիպի 90- ամեակը «Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէ»ի հիմնադիր ժողովին։
Ինչպէս որ մեր օրերուն Հայաստանի Օգնութեան գաղափարը անդիմադրելի քաշողականութիւն մը ունի հայ մարդուն համար, աշխարհի չորս ծագերուն, ո՛ւր որ ալ ապրելու ըլլայ ան, նոյնպէս եւ մանաւանդ 1920ականներուն՝ Հայրենիքին օգնութեան հասնելու առաջադրանքը տարագիր հայութիւնը համախմբող եւ հայրենաձիգ ինքնակազմակերպման մղող ուժականութեան գլխաւոր աղբիւր էր։
- Details
- Category: Յուշատետր
Սեպտեմբերի այս օրերուն, 72 տարի առաջ, հայրենի հայութիւնը ապրեցաւ ազգային ինքնաճանաչումի եւ հպարտութեան զեղուն դրսեւորումներու նշանակալից հանգրուան մը։
Խորհրդային Միութեան կեդրոնական իշխանութեանց եւ, որոշապէս, այդ օրերու մենատէր Ստալինի արտօնութեամբ ու խրախուսանքով, Հայաստան պաշտօնապէս տօնակատարեց հազարամեակը ազգային մեր դիւցազնապատումին՝ «Սասունցի Դաւիթ» վիպասքի ստեղծման հազարամեակը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Արդի ժամանակներու համաշխարհային պատմութեան մեծագոյն գայթակղութիւններէն մէկուն՝ Մուսթաֆա Քեմալի զօրքին Զմիւռնիա մուտքին եւ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող յունական այդ չքնաղ քաղաքին հրոյ ճարակ կործանման տարելիցն է այսօր՝ 9 Սեպտեմբերը։