Սեպտեմբեր 7էն 8ի լուսցող գիշերը, 39 տարի առաջ, Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ հայ գրականութեան տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն Նշան Պէշիկթաշլեան, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ յաւերժացաւ իբրեւ հայկական երգիծանքի վերջին իշխանը։

Միայն երգիծագիր չեղաւ Նշան Պէշիկթաշլեան։ Նաեւ բանաստեղծութեանց, վէպերու եւ թատերախաղերու հեղինակ դարձաւ։ Իսկ իր կեանքի վերջալոյսին հռչակուեցաւ նաեւ իբրեւ հմուտ թատերագէտ՝ հայ գրականութեան կտակելով շուրջ 1200 էջերէ բաղկացած «Թատերական Դէմքեր» կոթողական աշխատասիրութիւնը, որ արժանացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին ու հրատարակութեան։
Արեւմտահայերէնի գեղեցկութեան եւ կատարելութեան անվիճելի վարպետ մը հանդիսացաւ Պէշիկթաշլեան, որ իր գրիչին գեղեցիկ պարզութեան միացուց պատկերաւոր արտայայտութեան եւ խորաթափանց մտածողութեան վաւերական թռիչքը։ Իր այդ արժանիքներուն շնորհիւ՝ երգիծանքի իր ուրոյն ոճն ու դպրոցը ստեղծեց. բնաւ հեգնող ու քինախնդիր չեղաւ, այլեւ իր ամէնէն սուր խայթոցներուն մէջ անգամ մնաց...  յարգալիր։
Այդ պատճառով ալ սիրուեցաւ ընթերցող լայն հասարակութեան կողմէ, որ անհամբեր սպասումով «լափեց» հայ մամուլի էջերուն հրամցուած Պէշիկթաշլեանի գրեթէ ամէնօրեայ տոմսերը, որոնք ինքնաքննարկման, քննադատութեան եւ ինքնաքննդատութեան առումով հարազատ հայելին դարձան հաւաքական մեր կեանքին՝ Սփիւռքի բոլոր ափերուն։
Անխոնջ աշխատող մը եւ ներշնչումի անսպառ աղբիւր մը եղաւ Պէշիկթաշլեան, որ աւելի քան քսան հատոր կազմող հրատարակուած իր գործերու կողքին ժառանգ ձգեց նաեւ անտիպ գործերու ամբողջ հարստութիւն մը։
Ծնած էր 1898ին (որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ 1896ին) Պոլիս, ուր Բերայի նախակրթարաններուն մէջ տարրական իր ուսումը ստանալէ ետք՝ 12  տարեկանէն նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ եւ ինքնաշխատութեամբ կատարելագործեց ոչ միայն իր  մայրենին ու գրելու տաղանդը, այլեւ՝ հայ մշակոյթին  եւ հայոց պատմութեան մասին գիտական իր այնքա՜ն լայն պաշարը։
Սկսաւ ստեղծագործել պատանի տարիքէն՝ պոլսահայ մամուլի էջերուն քերթուածներ եւ պատմուածքներ հրատարակելով։ Միայն կարճ ժամանակ մը զբաղեցաւ հայերէնի ուսուցչութեամբ, որմէ ետք ամբողջ կեանքը նուիրեց գրականութեան։
Եղեռնէն վերապրած պոլսահայ գրողներէն շատերու պէս, Պէշիկթաշլեան ինք եւս նախ ձեռնամուխ եղաւ յետ¬եղեռնեան պոլսահայ գրական կեանքի վերաշխուժացումին, ապա՝ 1922ի Զմիւռնիոյ մեծ աղէտէն ետք, անցաւ Յունաստան, կարճ ժամանակ մը նուիրուեցաւ Քերքիրայի որբանոցները հաւաքուած հայ մանուկներու հայեցի դաստիարակութեամբ։ Այնուհետեւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր ամբողջ կէս դար իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ արեւմտահայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հոգեմտաւոր ժառանգութեան պահպանման ու զարգացման նուիրական պայքարին։ Մնայուն եւ փնտռուած աշխատակիցը դարձաւ ատենի հայ մամուլին՝ օրաթերթային տոմսեր հասցընելով Փարիզի «Յառաջ»էն ու Պոսթընի «Հայրենիք»էն մինչեւ Աթէնքի «Ազատ Օր»ին ու Պէյրութի «Ազդակ»ին եւ «Սփիւռք»ին։ Իսկ գրական իր ստեղծագործութիւններով՝ մնայուն ներկայութիւն եղաւ նախ «Հայրենիք Ամսագրի» եւ, ապա, «Բագին»ի էջերուն։ Յատուկ կանոնաւորութեամբ աշխատակցութիւն բերաւ յատկապէս «Բժիշկ» ամսագրին։
Պէշիկթաշլեան անձուկ պայմաններու մէջ ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց, բայց բնաւ վար չդրաւ գրիչը. ապրուստի դժուարութեանց եւ հիւանդութեան դէմ շարունակ պայքարեցաւ, բայց բարութիւնն ու լաւատեսութիւնը բնաւ չկորսնցուց։ Եւ որքա՜ն դիպուկ է հայկական երգիծանքի վերջին իշխանին նուիրուած Մինաս Թէօլէօլեանի այն արժեւորումը, թէ՝
Պէշիկթաշլեան բնաւ «չէ ծաղրած, այլ՝ երգիծած է, չէ խնդացած, այլ՝ ժպտած է։ Երգիծողը հոն է, ուր մարդը կրնայ ճապաղիլ, կոպտանալ։ Ու Պէշիկթաշլեան առ հասարակ կրցած է նուրբ երգիծանքին վարպետը մնալ»։
«Նուրբ երգիծանք»ի այդ ոճին խօսուն վկայութիւններէն մէկն է Արշակ Չօպանեանին նոիրուած Պէշիկթաշլեանի «դիմաստուեր»ին հետեւեալ պատկերը.
«Երբ ծնած է Արշակ Չօպանեան՝ իր դայեակը սարսափէն գետին ինկած, մարած է։
«Հայրն ու մայրը՝ վերցնելով այդ գլուխը, խանթարը զարկած են ու կշռած։ Կապար՝ 3500 տիրէմ։
«Բժիշկ մը, վրայ հասնելով, կը յայտարարէ.
«- Վախու բան չկայ։ Ընդհակառակն՝ ուրախացէ՛ք, քանզի ծնաւ նոր արքայ, ի Պէշիկթաշ քաղաքի։ Գլուխ մը՝ մեր անգլուխ ազգին համար։
«Անուշիկ մայրը կþառարկէ.
«- Տոքթոր էֆէնտիս, սա ամէնը աղէկ, ամմա, ասանկ անմարմին ինտո՞ր պիտ որ ապրի իմ մինուճար զաւակը...
«- Կնիկ, ըսի քեզի, որ ազգը անգլուխ է ու զաւակդ ալ գլուխ է։ Բռնէ զաւակդ ու ազգին վիզը անցուր»։
Իր կեանքի վերջին տարիներուն Պէշիկթաշլեանի առողջական վիճակը  կտրուկ վատթարացաւ։ Անկողնոյ ծառայեց երկար տարիներ, բայց դարձեալ շարունակեց թափով ստեղծագործել, մինչեւ որ 1972ին, Սեպտեմբեր 7էն 8ի լուսցող գիշերը, առյաւէտ փակեց բարութեամբ զեղուն իր աչքերը։
Յուշատետրի այս հակիրճ վկայութեան աւարտին, կþարժէ ընթերցողին յուշել Նշան Պէշիկթաշլեանի գլուխ-գործոցներէն «Հայը» խորագրով անմահ տոմսը։


Ն.

Հայը
(«Հայ Աղբրտիք» շարքէն)

Նշան Պէշիկթաշլեան

Աստուած Հայը հրեշտակ է ստեղծած. վերջը զղջացած է ու սատանայի է վերածած։ Յետոյ ջնջած է անոր սատանայութիւնն ալ։ Հայը, սակայն, երկու էակներէն մէյ մէկ բան պահած է իր մէջ։ Աստուած Հայը երկիր ղրկած է՝ իբրեւ ֆէնոմէն։ Հայը մարդ չկրցաւ ըլլալ աշխարհի մէջ։
Դիւրաւ կարելի է ճանչնալ զինքը։ Ունի գլուխ մը, որուն գանգուր մազերը մրրիկի մը մէջ են՝ նման իր լեռնաշխարհին ալեկոծութեան։ Իր աչքերը՝ սեւով ու լոյսով խառն, լիճեր են, որոնց մէջ նետուած են իր ցեղային հանճարին քնարները, նկարները, ճարտարապետական ոճերը, ազգային պատմութիւնը։ Այդ բոլորը վեր կ’ելլեն, երբ հով մը փչէ։ Իր լիճերէն կ’ելլեն բարութեան անոյշ գետեր։ Իր քիթը Արարատ մըն է։ Խօսակցութիւնն ալ երկրաշարժ։ Կռնակէն աւելի շուտ կարելի է ճանչնալ զինքը։ Երբ տեսնես մէկը, իր ետեւէն, որ ծոծրակին մազերը կտրել տալու համար շատոնց է սափրիչին չէ գացած, վստահ կրնաս ըլլալ, որ անիկա Հայ է։
Դժուար է, սակայն, զինքը ճանչնալ իր ներսէն։
Առաջին քննութեամբ կ’ըսես՝ թիւ է ան։ Կը կարդաս իր թուանշանները ու կը տեսնես, որ տակէն կ’ելլեն բառեր։ Կ’ըսես՝ խօսք է ան։ Կ’ընթեռնուս խօսքերը ու կը գտնես, որ ոտանաւոր է։ Կը նկատես, սակայն, որ բնաւ չափ չունի ու կ’եզրակացնես՝ հանելուկ է ան։ Կը ճգնիս գտնել ի՛նչ ըլլալը, մէյ մըն ալ կը տեսնես, որ առեղծուած է եղեր։ Կ’աշխատիս լուծել, սակայն, առեղծուածը քեզմէ աւելի կ’աշխատի չլուծուելու համար։ Հայը աշխատանք կը կարծես ու կ’ըսես իրեն. «Ի՜նչքան գործունեայ ես, եկուր միասին քրտինք թափենք հանրային գործի մը համար»։ Կուգայ, բայց ատեն մը վերջը կը խորհրդածես. «Ան գործի մարդ է անձնական ձեռնարկի մէջ ու խօսքի մարդ՝ հանրային ձեռնարկի մէջ»։ Օր մըն ալ կ’իմանաս, որ դրամ է դիզեր։ Ան՝ խաբուած Աստուծմէ ու իր արարածներէն, փարեր է մամոնային ու նոյնացեր է անոր հետ։ Շիներ է տուն, բացեր է խանութ, ի՜նչ փոյթ, թէ ոտքերը յաճախ իր տան պատուհանէն դուրս են ելած ու իր գլուխը իր խանութին դռնէն դուրս է։ Կը չափէ, կը կշռէ, թիւերը ձիւթ է ըրեր ու կը ծամէ։ Ճահիճը քաղաք կը շինէ ու անապատը՝ շուկայ։ Կը բացագանչես՝  Էվրէքա՜, նիւթ է ան։
Տօնական օր մըն ալ կը մտածէ եկեղեցիի ու դպրոցի մասին։ Իր մտածումին չափ արագ գրեթէ՝ կը կանգնէ տաճարը եւ ուսումնարանը։ Ծառի մը ճիւղերուն չափ միութիւններ կ’արձակէ։ Օրեր կ’անցնին, մեր ֆէնոմէնը մատուռին առջեւ կը հայհոյէ ու վարժարանին առջեւ կ’աղօթէ։ Իր լուտանքին ու փառաբանութեան մէջ միշտ յափշտակուած քրիստոնեան է։ Նոր եզրակացութեան մը հասած կ’ըսես՝ ոգի է ան։
Սակայն, երբ իր խանութը երթաս, կը գտնես Հրեայ մը, երբ իր ժողովին երթաս, կը գտնես Բիւզանդացի մը, երբ իրեն հետ յարաբերուիս, յաճախ կը գտնես Քիւրտ մը, երբ հրապարակ երթաս, կը գտնես ճինիվիզ մը։ Բայց եթէ իր տունը երթաս, այնտեղ կը գտնես իր լաւագոյն յատկութիւնները։ Ու մէջէն չես կրնար ելլել։


*


Հայը, երբ կուսակցական է, կը ճառէ ազատութենէ, երբ չէզոք է, կը խօսի միութենէ։ Իբր մարդ՝ անիշխանական է, իբր Հայ՝ ազգայնական։ Անգամ մը որ տիրանայ իր հայրենիքին, կրկին անիշխանական կը դառնայ։
Քաղաքական կեանքի մէջ գործազուրկ է, ու գործազրկութեան նպաստ չի տրուիր իրեն։ Հայասէրներու բարոյական լումաներով կը կառուցանէ սպանիական դղեակներ եւ, անոնց մէջ նստած, կարկանդակներ կ’որոճայ։
Եթէ տարագրուի կամ աղքատանայ կամ երբ աշխարհի հեռաւոր մէկ անկիւնը իյնայ, շուտով կը գտնէ հացի ճամբան։ Փորձէ իրեն նպաստ տալ՝ այն ժամանակ կը ծուլանայ, մոլութենէ մոլութիւն կը գլտորի։
Կարելի չէ ոչ սուրով, ոչ հուրով սպաննել զինքը։ Զինքը մեռցնելու միակ միջոցը իրեն նպաստ տալն է։
Կրօնաւորները լաւ գիտեն այս գաղտնիքը ու հայուն վրայ կը վազեն աղէտներէ վերջը՝ տանելով նպաստի, կաթոլիկութեան կամ բողոքականութեան սնտուկներ եւ պարկեր։ Հայը լեռան մը վրայ կանգնած ըլլայ, ու միսիոնարը լեռան ստորոտը՝ պարկը բացած, Հայը ահագին բարձրութենէն, մէկ ոստումով, ամբողջ գլուխովը կը մտնէ պարկին մէջ։
Հայը, ինչով ալ զբաղի, կ’ընէ նաեւ դագաղագործութիւն։ Ան ամէն օր կը շինէ քանի մը դագաղ՝ բան մը թաղելով իրմէ։ Բարեբախտաբար, անսպառ է իր կենդանութիւնը։ Լաւ դագաղագործ ըլլալով՝ լաւ ալ մեռել թաղող եղած է։
Գիտունները կը փնտռեն յաւիտենական շարժումը։ Հայը կը խնդայ անոնց վրայ ու կ’ըսէ իւրովի.  «Ե՛ս եմ յաւիտենական շարժումը, եւ ինծի է, որ կը  փնտռեն»։ Ինքն ալ, սակայն, բան մը կը փնտռէ՝  Անկախութիւնը, ու զայն գտնելու համար օտարին դռները ափ կ’առնէ։ Կ’ըսես իրեն. «Անկախութիւնը դուն պիտի յայտարարես»։ Այս անգամ կը չէզոքանայ՝ անկախ հռչակուելու համար։
Շատ թերթ ու գիրք կը հրատարակէ։ Ասով կ’ապացուցանէ որ երբեք չէ ներկայացուած Տիար Յուսահատութեան եւ ոչ մէկ ծանօթութիւն ունի անոր հետ։
Ինչ որ իրն է ու անմիջապէս դրամի չի վերածուիր, չի գնահատեր։ Օրինակ իր տաղանդաւորները։ Բայց վա՜յ, եթէ իր ցեղին պատկանող միջակ մը ստանայ օտարներու ներբողականը. չտեսի մը նման, մեծով պզտիկով, բարեկենդան կը սարքէ, կ’ուռի եւ կը պայթի։
Ինկի՛ր, ու Հայը ձեռք մը կուտայ քեզի։ Ելի՛ր ու կ’ընդունիս իր ոտքը կամ իր նախանձէն եկող կիցը. որ, սակայն, ազգօգուտ է, որովհետեւ կը մարզէ քեզ եւ պատճառ կ’ըլլայ, որ պինդ կենաս ու ա՛լ չիյնաս։
Հայուն կրնաս ցոյց տալ բոլոր կարողութիւններդ, սակայն մի՛ յայտներ իրեն գրպանիդ կարողութիւնը, աւելի ճիշդը ըսելով՝ անկարողութիւնը։ Իր համարումը եթէ չվերնայ իսկ, անպայման կը պակսի։ Ան քեզ անգին կամ թանկագին կը կարծէր ու կը համոզուի, որ աժան ապրանք ես։ Ան չուզեր սորվիլ արժէքին ու գինին մէջ գտնուող տարբերութիւնը։
Հայը կապուած է իր ցեղին, իր լեզուին, քիչ թէ շատ‘ իր օրաթերթին ու գրականութեան եւ մշակոյթին։ Սակայն վայ, եթէ օտար լեզու մը սորվի կարդացածը հասկնալու չափ. կամացուկ մը «մնաս բարով» կ’ըսէ իր մշակոյթին՝ վերէն նայելով անոր վրայ, ու կը բռնէ այլասերման նրբուղին։ Հայուն իրապէս իր   ցեղին կապուած ըլլալը այն ատեն միայն կը հասկցուի, երբ ան, օտար տարածուն լեզու մը գիտնալով հանդերձ, չի հեռանար Մեսրոպին աննման գիրերէն։
*
Հայուն մէջ երկու հոգի կայ՝ վախկոտ մը եւ քաջ մը, կամ ստրուկ մը եւ հերոս մը։ Ամէն ազգի մէջ վախկոտը կը կծկուի քաջին ետեւը. ընդհակառակն է Հայուն մէջ. քաջը կը գտնուի վախկոտին տակը։ Ամէն բռնակալ կրնայ իր առաջին հոգին հանել։ Հանե՞ց. սոսկալի է հրաշքը։ Կը ցցուի պահեստի հոգին՝  խենթի նման։ Ու կը զարնէ։ Եւ իր հարուածը անսխալական է… Պապին պէս։
Երբ վտանգի օրերը անցնին, Հայը կը մեռցնէ իր մէջի հերոսը ու վախկոտին հետ քաջաբար շուկայ կ’իջնէ՝ գրաւելու՛ համար Ոսկեբերդ մը։
Օտարներէն ոմանք կ’ըսեն, թէ առեւտուրի մէջ մէկ Հայ կրնայ խաբել երեք Իսրայելացի։ Իրենց ըսածը հաստատելու համար, սակայն, երեք հրեայ չեն կրնար ճարել՝ իբր սուտ վկայ։ Ու մանաւանդ կը մոռնան, որ քաղաքականութեան մէջ բաւական է եւրոպացի շոշորթ մը՝ խաբելու համար ամբողջ հայութիւնը։ Հայը, որ շէնցնող է, որ կը շինէ ոչ միայն իրը այլ եւ ուրիշներունը, անշուշտ, ունի վաճառականական տաղանդ. սակայն իր այդ ճարպիկութիւնը  սկսած է այն տեղէն, ուր դադար մը առած է աշխարհի քաղաքական խարդաւանքը։
Աշխարհը ընդգրկող խաբէութեան մանեակ մը կայ։ Ճշդենք անոր վրայ Հայուն տեղը։ Հայը այդ խաբէութեան մանեակին մէջտեղէն կախուած մըն է։ Կախուած է՝ իբր խաչեցեալ ու Միւսին պէս, չէ կրցած միւռոնե՛լ խաչագողի երեսը՝ քրիստոնեայ աշխարհին։