7 Հոկտեմբերին, 64 տարի առաջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մետֆըրտ քաղաքին մէջ, 84 տարեկանին վախճանեցաւ հայկական արդի նկարչութեան մեծատաղանդ դէմքերէն Արշակ Ֆէթվաճեան։

6 Հոկտեմբերին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան շնորհալի մանկագիր եւ սիրուած առակագիր Խնկօ Ապէրի, որ իր պարզ, հաղորդական եւ կրթիչ ստեղծագործութիւններով ու մանկավարժական երկարամեայ գործունէութեան վաստակով՝ փնտռուած անուն մը դարձաւ նորահաս սերունդներուն համար, հայ մշակոյթի ու հայեցի արժէքներու սէրն ու պաշտամունքը սերմանելով անոնց ներաշխարհին մէջ։

Հայոց պատմութեան ամէնէն ուսանելի էջերէն մէկը կը կազմէ Տիգրանակերտի ճակատամարտը, որ պատմաբաններու ճշգրտումով տեղի ունեցաւ 2080 տարի առաջ այսպիսի օր մը՝ ճիշդ Հոկտեմբեր 6ի վաղ առաւօտեան, մեր թուարկութենէն առաջ 69 թուականին։Ճակատամարտը մղուեցաւ հռոմէական եւ հայկական զօրքերուն միջեւ ու վերջ գտաւ հայոց բանակի պարտութեամբ եւ նահանջով։


Հայոց յուշատետրին 4 Հոկտեմբերի էջը ընթերցողին կը յուշէ հայ գրականութեան դասական գոհարներէն՝ Ալ. Շիրվանզադէի «Նամուս» վէպին իբրեւ շարժանկարի բարձրորակ ժապաւէնի իրագործման մասին։

Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան զոհերէն է նահատակ գրող Արտաշէս Յարութիւնեան, որուն ծննդեան տարեդարձը կը զուգադիպի այսօրուան՝ Հոկտեմբեր 3ին։