Սեպտեմբերի այս օրերուն կը զուգադիպի 90- ամեակը «Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէ»ի հիմնադիր ժողովին։
Ինչպէս որ մեր օրերուն Հայաստանի Օգնութեան գաղափարը անդիմադրելի քաշողականութիւն մը ունի հայ մարդուն համար, աշխարհի չորս ծագերուն, ո՛ւր որ ալ ապրելու ըլլայ ան, նոյնպէս եւ մանաւանդ 1920ականներուն՝ Հայրենիքին օգնութեան հասնելու առաջադրանքը տարագիր հայութիւնը համախմբող եւ հայրենաձիգ ինքնակազմակերպման մղող ուժականութեան գլխաւոր աղբիւր էր։

Բայց ինչպէս որ մեր օրերուն քաղաքական ընթացիկ կամ առօրէական չարաշահումները կրնան ծանրագոյն հարուած հասցնել ամէնէն նուիրական գաղափարներուն անգամ, այնպէս ալ 90 տարի առաջ «Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէ»ի հիմնումը ծառայեց ոչ թէ իր մարմնաւորած վսեմ գաղափարին, այլեւ ճիշդ հակառակին՝ Սփիւռքի հայրենասիրական խորագոյն ապրումները չարաշահելու, տարագիր հայութիւնը «հրէի ու հեթանոսի բաժնելու», պառակտելու եւ խորհրդային հակակշռի ենթարկելու քաղաքական պատեհապաշտութեան։
Պատմական իրողութիւնը այն է, որ 1919ին արդէն Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ձեռնամուխ եղած էր, Պոլսոյ մէջ, «Հայաստանի Օգնութեան Միութեան» մը հիմնումին՝ բազմակուսակցական համագործակցութեան հողի վրայ։ Առաւելապէս նուիրահաւաքի առաքելութիւն ունեցող այդ կազմակերպութիւնը պիտի ծառայէր Հայաստանի նորաստեղծ Հանրապետութեան շուրջ արտերկրի հայօճախներու համախմբումին։ Գաղթականութեան, սովի եւ համաճարակի հայրենիք Հայաստանին անմիջական օգնութիւն հասցնելու հրամայականէն ծնունդ առած էր համահայկական նման կազմակերպութեան մը ստեղծումը։
1919ին, «Հայաստանի Օգնութեան Միութեան» ստեղծման կապուած էր նաեւ յոյսը արտասահմանի տարածքին հայանպաստ քարոզչութեան ծաւալումին, որովհետեւ մեծ տէրութեանց հանրային կարծիքը առաջնորդող քաղաքական եւ մտաւորական շրջանակներու, ինչպէս նաեւ պետական ու դիւանագիտական դէմքերու հետ հեղինակաւոր հայերու ծանօթութիւններն ու մտերմութիւնները կրնային, համադրեալ աշխատանքի պարագային, բախտորոշ դեր ունենալ ի սպաս հայոց անկախ հայրենիքին ու ազգային պետականութեան կայացումին եւ հզօ-րացումին։
Բայց Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ դաւող ուժերը՝ լենինեան Ռուսաստանն ու քեմալական Թուրքիան երկու կողմէ կրակէ օղակի մէջ առին ու կործանեցին Հայաստանի անկախութիւնը։ Չարեաց փոքրագոյնը ընտրելու իրատեսութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավար ուժը՝ Դաշնակցութիւնը որոշեց խորհրդայիններուն փոխանցել իշխանութիւնը եւ 2 Դեկտեմբեր 1920ին, Լենինի բանագնաց Լեգրանի հետ, կնքուեցաւ Հայաստանի կառավարութիւնը պոլշեւիկեան Յեղկոմին յանձնելու պայմանագիրը։
Խորհրդային կարգերու հաստատման դաժան ու դառն պատմութիւնը ծանօթ է եւ տեղը չէ այդ ուղղութեամբ ծաւալելու։ Եղա՛ւ 1921ի Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութիւնը։ Մղուեցա՛ւ Լեռնահայաստանի ազատագրման ու հայացման հերոսական գոյամարտը։ Բայց ի վերջոյ Հայաստանի խորհրդայնացումը պարտադրուեցաւ եւ Լենինեան Ռուսաստանը մարտավարութիւն փոխեց՝ հայ ժողովուրդի իւրայատուկ պայմաններուն համապատասխան շարժելու եւ սեփական ծրագիրներու յաջողութիւնը ապահովելու հաշուարկով։
Մարտավարական այդ «ճկունութեան» դրսեւորումներէն մէկը հանդիսացաւ տարագիր հայութիւնը ի նպաստ խորհրդային կայսերապետութեան սիրաշահելու քաղաքականութեան որդեգրումը, որուն իրականացման յարմարագոյն զէնքը կոչուած էր դառնալու «Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէ»ն։
Ալ. Միասնիկեանի ղեկավարած կառավարութիւնը որոշեց ի մի բերել խորհրդային կարգերու տակ մնացած հայ մտաւորականութեան անուանի ներկայացուցիչները եւ, անոնց միջոցաւ, յառաջացնել համահայկական կազմակերպութիւն մը, որ կեդրոն պիտի ունենար Երեւանը եւ պիտի ղեկավարուէր նոյնինքն պոլշեւիկեան իշխանութեանց կողմէ։
Այդպէ՛ս, 13էն 15 Սեպտեմբեր 1921ին, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ «Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէ»ի հիմնադիր ժողովը, որուն կը մասնակցէին 82 մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ, ճնշող մեծամասնութեամբ Երեւանէն ու Թիֆլիսէն։ Սփիւռքը անշուք ներկայութիւն ունեցաւ հիմնադիր ժողովին եւ ուշագրաւ դէմքեր չկային տարագիր հայութիւնը ներկայացնելու կոչուած սակաւաթիւ հրաւիրեալներու շարքին։
Հիմնադիր ժողովին երեւելի մասնակիցներու շարքին էին Մելիքեան Ռոմանոս, Աբեղեան Մանուկ, Մալխասեան Ստեփան, Բէկզադեան Ալէքսանդր, Մանանդեան Յակոբ, Դեմիրճեան Դերենիկ, Թումանեան Յովհաննէս, Սարեան Մարտիրոս, Սարգսեան Լեւոն, Լէօ, Խանզադեան Ցոլակ, Կասեան Սարգիս, Տիգրանեան Սիրական, Մակինցեան Պօղոս եւ ուրիշներ։ Դժուար է ըսել, թէ հայ մտքի այդ հսկաներէն եւ հանրածանօթ հասարակական գործիչներէն որո՛նք պարտադրանքի տակ իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ որո՛նք, ընդհակառակն, կամովին ու խանդավառութեամբ մասնակցեցան։ Բայց փաստ է, որ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը նախագահ ընտրուեցաւ նորաստեղծ կազմակերպութեան, որ յաւարտ հիմնադիր այդ ժողովին՝ օրինական ճանաչում ստացաւ օրուան խորհրդային կառավարութեան 16 Սեպտեմբեր 1921ի թուակիր Հրամանագրով։
Հիմնադիր Ժողովի անունով հրապարակուեցաւ 15 Սեպտեմբեր 1921ի թուակիր Կոչ մը, որ տարագիր հայութիւնը կը հրաւիրէր փութալու Հայաստանի օգնութեան՝ շեշտելով, որ եկած է ժամանակը ազգային-քաղաքական ու հայրենասիրական ճառերէ անդին անցնելու եւ դրամական օգնութիւն հասցնելու            խորհրդային Հայաստանին։
Կոչը ինքնին առաջին ախտանշական ցուցանիշն էր հետագայ տասնամեակներուն խորացած խորհրդային քարոզարշաւի ծանօթ յանկերգներուն։ Մեկնակէտ ունէր պատմական այն նենգափոխումը, որ իբր թէ Նոյեմբեր 1920ին ստեղծուած Հայաստանի անկախութեամբ՝ հայ ժողովուրդը թեւակոխած է պետական ազգի կազմաւորման հունը, ուր այլեւս վերջ գտած է թշնամանքը «հին թէ նոր հարեւաններ»ու հետ, ինչ որ տարագիր հայութեան առջեւ կը բանայ «հայրենիքի վերաշինութեան» մասնակցելու պատմական ոսկեայ առիթը եւայլն, եւայլն...
Հիմնադիր Ժողովի աւարտէն ետք խորհրդահայ մամուլի էջերուն լոյս տեսաւ «PRO ARMENIA - ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ» խորագրով առաջնորդող մը, որ կեղծիքի վերջին քողն ալ հանեց «Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէ»ի կազմութեան ետին գտնուող քաղաքական բուն դիտաւորութիւններէն վրայէն։ Խմբագրականը կը նշէր, որ նորօրեայ « PRO ARMENIA»ի մը պէտք ունի մեր ժողովուրդը, որպէսզի վերստին յօգուտ Հայաստանի բարեկամական ալիք ծաւալի աշխարհով մէկ։ Բայց խորհրդայիններու ուզած «PRO ARMENIA»ն հիմնովին տարբեր պէտք է ըլլար Ժորէսներու ծաւալած հայանպաստ շարժումէն, պէտք է ծառայէր այլ նպատակի, խմբագրականի իսկ բառերով՝ «PRO ARMENIA», «Հայաստանի համար»։ Որքան դառն յիշողություններ են կապուած այս երկու բառերի հետ։ Որքան յաճախ են արտասանուել այս բառերը մեր կեանքում։ Որքան նիւթական ու մարդկային զոհաբերութիւններ դուրս կորզել եւ որքան ցնորամիտ գործադրութիւն ստացել տասնեակ տարիներ եւ, իրապէս, վերածուել contra Armenia՝ Հայաստանի դէմ...
«Երկրի ծանր վիճակն հարկադրում է կրկնել յուշիկներով ծանր այս բառերը, սակայն սրանց պէտք է տալ նոր իմաստ։ Մօտ քառասուն տարի տեւող մտայնութեան ու գործելակերպի դարաշրջանը պէտք է փակուած համարել։
«Անհրաժեշտ է թողնել արտասահմանի կաֆէներում բազմած հեռաւոր հայրենիքի համար քաղաքական դեղատոմսեր ու պարտիզանական դաւադրութիւններ կազմելու սովորութիւնը, որի հետեւանքները կրում է երկրի մէջ գտնուող ժողովուրդը միայն։ Սրան պէտք է վերապահել քաղաքական նախաձեռնութեան իրաւունքը։ Պէտք է հոգալ աւերակ երկրի առուների ու ճանապարհների, ծխնելոյզների ու հանքահորերի, երկրագործական դպրոցների ու տեխնիկական ճեմարանների, կուլտուրական տնտեսութիւնների ու սպիտակ ածուխի մասին։ Կարճ՝ պէտք է մտածել ու տքնել երկրի տնտեսական վերլուծութեան համար, որ մի ժողովրդի հասարակական ու քաղաքական զօրութեան պատուանշանն է կազմում։
«Այո, կրկին «PRO ARMENIA», նորից «Հայաստանի համար», բայց այս անգամ արդէն նոր իմաստով ու նոր ուղղութեամբ»։
Ահա՛ այդ «նոր»՝ հայութիւնը պառակտելու ուղղութեամբ յառաջ մղուած կազմակերպութիւն մը եղաւ «Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէ»ն, որ 1920ականներու ամբողջ տեւողութեան ներքին խրամատներ բացաւ տարագիր հայութեան կեանքին մէջ, իսկ Հայաստանի օգնութեան բուն գործը նուազեցուց խորհրդային մեծապետական քաղաքականութեան արտասահմանեան քարոզչութեան ծառայող կոյր, այլեւ վիճաժ գործիքի։

Ն.