- Details
- Category: Յուշատետր
Հոկտեմբեր 23ին, 14 տարի առաջ, Մ. Նահանգներու մէջ, 94 տարեկանին մահացաւ հայ ժողովուրդի անուանի զաւակներէն Լուտեր Ճորճ Սիմճեան, որ իբրեւ գիւտարար-հնարիչ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ամերիկացի հռչակաւոր դէմքերու ոսկեմատեանին մէջ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Հոկտեմբերի այս օրերուն (որոշ աղբիւրներու ճշգրտումով՝ Հոկտեմբեր 17ին) կը զուգադիպի ծննդեան տարեդարձը հայկական հրապարակագրութեան լուսամիտ դէմքերէն Մատթէոս Մամուրեանի։
Ներհուն մտաւորական, մանկավարժ, գրող, հանրային գործիչ, թարգմանիչ եւ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, տաղանդաւոր հրապարակագիր մը եղաւ Մատթէոս Մամուրեան, որ յատկապէս 1871ին իր հիմնած եւ ամբողջ երեսուն տարի խմբագրած թերթով՝ «Արեւելեան Մամուլ»ով, իրաւամբ հանդիսացաւ 19րդ դարավերջի հայ ազգային-քաղաքական մտքի մեծարժէք մշակներուն եւ գաղափարի սերմնացաններուն ամէնէն արժանաւորներէն մէկը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Արամ Ա. կաթողիկոսին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու թեմին շնորհուած հովուապետական այցելութեան առիթով, ԱՄՆի մէջ հրատարակուող «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութիւնը ի պատիւ վեհափառ հայրապետին կազմակերպուած ընդունելութեան, առիթ ստեղծեց պատուելու՝ բազմաշխատ խմբագիր, մտաւորական, «Ազատ Օր» օրաթերթի աշխատակից ընկ. Նազարէթ Պէրպէրեանը, աւելի քան քառասուն տարիներու վրայ երկարող մամլոյ ու ազգային իր ծառայութիւններուն համար։
«Ազատ Օր»ի ընտանիքի ջերմ շնորհաւորանքը կը փոխանցենք արժանի յարգանքի ուրախառիթ այս պարգեւատրման առիթով:
- Details
- Category: Յուշատետր
Հոկտեմբեր 18ի այս օրուան կը զուգադիպի ծննդեան տարեդարձը հայ ժողովուրդի անկրկնելի
հսկաներէն Քրիստափոր Միքայէլեանի։
152 տարիներ անցած են Քրիստափորի ծնունդէն ասդին եւ որքան տարիները թաւալին, այնքան կը պայծառանայ լուսաւոր դէմքը Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյն ու կեդրոնական ներկայացուցիչին։
- Details
- Category: Յուշատետր
Հոկտեմբեր 17ի այս օրը, 54 տարի առաջ, Երեւանի մէջ վախճանեցաւ արդի հայ գրականութեան ամէնէն սիրուած դէմքերէն Աւետիք Իսահակեան, որ քնարերգական իր մեծ տաղանդով դարձաւ Հայոց Սրտի խռովայոյզ երգիչը եւ արժանացաւ հայ բանաստեղծներու Վարպետի տիտղոսին։