15 Սեպտեմբերին, 155 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ սկսաւ հրատարակութիւնը «Մեղու» անունով թերթի մը, որ նոր էջ պիտի բանար եւ իր ուրոյն դպրոցը պիտի ստեղծէր հայ մամուլի պատմութեան մէջ։
Թերթին հիմնադիրն ու խմբագիրը Յարութիւն Սվաճեան կը կոչուէր։ Ժամանակի յանդուգն մտաւորականներէն էր Սվաճեան, որ իր հիմնած թերթով՝ Զարթօնքի Սերունդին տրամադրեց համարձակախօս բեմ մը, ի սպաս Ազգային Սահմանադրութեան եւ Աշխարհաբարի որդեգրումին։


Յ. Սվաճեան ծնած էր 1831ին, Պոլիս։ Կանոնաւոր ուսման հնարաւորութիւն չէր ունեցած ան՝ ինչպէս Եւրոպա ուսանած Զարթօնքի Սերունդի իր գաղափարակիցները։ Բայց ինքնաշխատութեամբ կրցած էր տիրանալ մտաւորական լայն պաշարի՝ դառնալով 19րդ դարակէսի հայ մտաւորականութեան ամէնէն յարգուած եւ հեղինակաւոր դէմքերէն մէկը։
Թէ՛ անձնական իր համոզումներով, թէ՛ «Մեղու»ի շուրջ խմբուած երիտասարդ յօդուածագիրներով, Յարութիւն Սվաճեան եղաւ նախակարապետը խիզախ քննադատութեան դրօշակիր հայ մամուլին։
«Մեղու»ն անխնայ քննադատեց հայ կեանքի արատաւոր երեւոյթներն ու բարքերը։ Ձաղկեց հայ կղերականութեան խաւարամիտ ներկայացուցիչներն ու թրքական իշխանութեանց անձնատուր դարձած ամիրայական խաւի պահպանողական ու ապազգային «ջոջ»երը։ Այդ պատճառով ալ «Մեղու»ն միշտ թիրախ դարձաւ թուրք ոստիկանութեան հալածանքին եւ Սուլթանի ծառայութեան նուիրուած ամիրայական շրջանակներու խծբծանքներուն։ Այդ հալածանքները, սակայն, բնաւ չընկճեցին «Մեղու»ն, որ իր քաջարի խմբագրով եւ անոր շուրջ բոլորուած Միքայէլ Նալբանդեանի եւ Յակոբ Պարոնեանի տարողութեամբ աշխատակիցներով միշտ արթուն մնաց պատնէշի վրայ։
Հայ ժողովուրդի ընդհանուր լուսաւորութեան ու զարգացման մնայուն ջատագովը դարձաւ «Մեղու»ն, որուն կատարած դերն ու առաքելութիւնը լաւագոյնս խտացուց Միքայէլ Նալբանդեան՝ յայտարարելով որ ««Մեղու»ն կենդանի ժողովրդի մաքուր բերանն է, ազգերի ցաւերի ու ուրախութեան ճշմարտապէս յայտարարը»։
Հայ մամուլի եւ ընդհանրապէս հայ գրականութեան գանձարանին մէջ «Մեղու»ի կատարած կարեւորագոյն ներդրումներէն մէկը եղաւ յայտնագործումը Յակոբ Պարոնեանի, որ պոլսահայ ազգային իրականութեան արատներն ու հայ ջոջերու թերութիւնները մերկացնող եւ խարազանող իր լաւագոյն ակնարկներն ու երգիծական էջերը սկսաւ ստեղծել «Մեղու» էջերուն, արժանանալով Յ. Սվաճեանի ամբողջական խրախուսանքին։
Սվաճեանի եւ Պարոնեանի գործակցութիւնը այնքան ամուր եղաւ, որ 1872ին, երբ Սվաճեանի առողջական վիճակին վատթարացումը այլեւս անհնար դարձուց խմբագրական աշխատանքը, Պարոնեան ինք ստանձնեց այդ պատասխանատուութիւնը։
1874ին Սվաճեան վախճանեցաւ՝ «Մեղու»ի արտօնագիրը փոխանցելով Պարոնեանի։ Բայց ոստիկանական եւ գրաքննչական ճնշումներն ու հալածանքները անտանելի դարձած էին այլեւս։ Այդ բոլորէն խուսափելու համար, Պարոնեան ստիպուեցաւ «Մեղու»ն փոխարինել «Թատրոն» անունը կրող նոր թերթով։
Հայ մամուլի պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը նուաճած «Մեղու»ի հրատարակութեան 155ամեակին առիթով՝ կþարժէ յուշատետրի այս հակիրճ անդրադարձը պսակել անմահն Պարոնեանի անկորնչելի մտածումներէն քաղուած հետեւեալ ծաղկեփունջով.
¬ Ճշմարտութիւնն խօսիլն դժուար է, լսելն՝ աւելի դժուար, իսկ զայն հասկցնելն՝ ամէնէն աւելի դժուար։
¬ Անանկ ժամանակի մը մէջ կþպրինք, որ քաղաքավարութիւնը եւ շողոքորթութիւնը նոյնանիշ բառեր եղած են։
¬ Դարերու մէջ ամէնէն ուշ հասնողը արդարութիւնն է։
¬ Սխալն ճանչնալն խելացութիւն է, իսկ զայն խոստովանիլը՝ մեծ քաջութիւն։
¬ Ի՞նչ է պատմութիւնն. ետիդ նայիլ՝ առջեւդ տեսնել։
¬ Երիտասարդութեան մէջ սիրելու համար կþապրինք, իսկ ծերութեան մէջ՝ ապրելու համար կը սիրենք:
¬ Գիտուն ըլլալուն ամէնէն պարկեշտ եւ ուղիղ ճամբան իւր տգիտութիւնն ճանչնալն է:
¬ Ցաւալի է, որ գիտունի գրչով լուծելիք խնդիրները դերձակի մկրատով կը կտրին շատ անգամ:
¬ Գիտութիւնը ժամացոյցի կը նմանի. զայն բանցնելու համար միշտ լարել է պէտք։
¬ Օրէնքները հաստատողները այրերն են, իսկ բարքեր հաստատողները կիներն են:
¬ Շատ անգամ ոչինչ չըսող խօսք մը նշանաւոր մարդու մը բերնեն ելած ըլլալուն համար իբրեւ պատգամ կþընդունուի, եւ շատ անգամ նշանաւոր խօսք մը աննշան մէկէ մը ըսուած ըլլալուն համար կարեւորութեան չþառնուիր:
¬ Մեծ անուանց ներքեւ յաճախ պզտիկ բաներ կը պահուին:
¬ Ո՜վ շողոքորթութիւն... Ամէն տարիք կը սիրէ քեզ։
¬ Կեղծ բարեկամները արեւու ժամացոյցի կը նմանին. երբ օրը պայծառ է՝ կը տեսնուին, երբ ամպոտ է՝ չեն տեսնուիր:
¬ Ոսկեղէն դարուն մէջ կաթին քիչ մը ջուր կը խառնէին. տասնըիններորդ դարուն մէջ ջուրին քիչ մը կաթ կը խառնեն:
¬ Դժբախտաբար մեր ազգին մէջ շատերու բարձրանալու գաղտնիքը բնական օրէնքով միայն կը լուծուի. Ծանրերը միշտ գետնաքարշ կը մնան ու թեթեւները վեր կþելլեն:
¬ Պարզութիւնն ու ճշմարտութիւնը այնպիսի գեղեցկութիւններ են, որ ամէն բանի մէջ կը փնտռուին ամէն բանէ առաջ:

Ն.