Նոյեմբեր 17ի այս օրը կը լրանայ մահուան 150ամեակը հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն Գէորգ Ախվէրտեանցի, որ յատկապէս իբրեւ Սայաթ-Նովայի մեծարժէք ժառանգութեան առաջին փրկիչը՝ անմահութեան իրաւունք նուաճեց հայոց մեծերու համաստեղութեան մէջ։
19րդ դարու սկիզբի տարիներէն սկսեալ, մեր ժողովուրդին պատմութիւնը սերտօրէն կապուեցաւ ռուս ժողովուրդի ճակատագրին հետ։ Վերջին երկու դարերուն հայ ժողովուրդի ապրած ե՛ւ լուսաւոր, ե՛ւ սեւ ու մութ օրերը այս կամ այն առումով առնչուած են Ռուսաստանի, յատկապէս ռուս քաղաքական մտքի զարգացումներուն։
Իսկ Գէորգ Ախվէրտեանց առաջիններէն էր, որ ռուսական միջավայրի մէջ հայկական տաղանդին առաջին ճառագայթող ներկայութիւններէն եղաւ եւ կրցաւ, ռուս քաղաքական ու պետական եւ գրական թէ մշակութային շրջանակներուն հետ իր սերտ կապերով, ազգային մեծարժէք ծառայութիւն մատուցել Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին։
Ընդհանրապէս հռչակուած իբրեւ առաջին կենսագիրը մեծանուն հայ աշուղ¬բանաստեղծ Սայաթ-Նովայի՝ բանասէր, բժիշկ եւ տնտեսագէտ Գէորգ Ախվէրտեանց ծնած էր 1818ին, Թիֆլիսաբնակ ու ռուսական բանակի հայ սպայի ընտանեկան յարկին տակ: 1834ին աւարտած էր Լազարեան ճեմարանը, իսկ 1839ին՝ Մոսկուայի համալսարանի բժշկական բաժինը:
Ուսման աւարտէն անմիջապէս ետք, 1839-42 թուականներուն, Կովկասի մէջ Ախվէրտեանց աշխատեցաւ եւ ժողովրդականութիւն ձեռք բերաւ իբրեւ զինուորական արժէքաւոր բժիշկ: Բժշկական ասպարեզէն ներս իր ձեռք բերած մեծ հեղինակութեան ու մասնագիտական հմտութեան համար, Ախվէրտեանցին կը հրաւիրեն Սան Փեթերպուրկ՝ իբրեւ ռազմական նախարար կոմս Ա. Չերնիշովի անձնական բժիշկ: Ս. Փեթերսպուրկ կը մնայ մինչեւ 1847 թուականը, երբ կը վերադառնայ Թիֆլիս ու պաշտօնավարութեան կը կոչւի նախ փոխարքայի գրասենեակին, ապա սպանդանոցային մաքսատան գործերու վարչութեան մէջ՝ իբրեւ աւագ աստիճանաւոր՝ զօրավարի կոչումով:
Ինչպէս որ իր կենսագիրները կը հաստատեն, Գէորգ Ախվէրտեանց բազմակողմանի ունակութիւններով օժտուած եւ ամենատարբեր հետաքրքրություններ ունեցող հանրագիտակ անձնաւորութիւն եղած է։ Ան հայրենի մշակոյթին մատուցած է անգնահատելի ծառայութիւն, զբաղած է բանասիրութեամբ, բարբառագիտութեամբ եւ պատմութեան հարցերով: Ան յայտնաբերած է հին Հայաստանի նախարարներուն պատուաստիճաններու ցուցակը‘ Գահնամակը:
Հակառակ ռուս¬ցարական արքունի շրջանակներէն ներս իր գտած ընդունելութեան եւ ընդհանրապէս ռուս գրական¬մտաւորական կեանքէն ներս իր վայելած ժողովրդականութեան, հայոց ժողովրդական երգերը հաւաքելու եւ զանոնք հրատարակելու միտքը հանգիստ չէր տար Ախվերտեանցին: Իր ջանքերով կը հաւաքուին Կովկաս ապրող հայ-թուրք-վրացի աշուղներու գրաւոր ու բանաւոր խաղերը: Ան կը պատրաստուէր հրատարակել աշուղական խաղերը, երբ կը յայտնագործէ Սայաթ-Նովայի «Տաֆթարը»։
Անորոշ ժամանակով Ախվէրտեան կը յետաձգէ հայ միւս աշուղներու գործերուն հրատարակութեան գործը եւ կը զբաղուի միայն Սայաթ-Նովայի երգերով:
Իր մտայղացումներուն մասին ան հետեւեալը կը գրէր իր առաջին ուսուցիչներէն եւ հետագայի մտերիմներէն Մկրտիչ Էմինին.-
«Ինձ մօտ հաւաքուել են անուանի քամանչիստ Սայաթ-Նովայի 45 կամ 50 երգերը եւ ցանկանում եմ զանոնք հրատարակել Թիֆլիսի բարբառով. նրա երգերում այնքան տեղական կոլորիտ կայ, որ սքանչելի է»։
Ամբողջ երեք տարի Ախվէրտեանց ամէն ճիգ ու ջանք կը թափէ՝ կարդալու «Տաֆթար»ի դժուար ընթեռնելի վրացատառ հայերէն, հայատառ թուրքերէն, վրացերէն գրուած տաղերը: Ապա կը գրէ ընդարձակ առաջաբան մը եւ կը ծանօթագրէ իւրաքանչիւր երգ, կը կազմէ անհասկանալի բառերու բառարան: Մոսկուայի մէջ 1852ին, Ախվերդյանի մօտ ընկեր ու բարեկամ, հայագէտ ու լեզուաբան Մկրտիչ Էմինի օժանդակությամբ լոյս կը տեսնէ Սայաթ-Նովայի երգերուն անդրանիկ ժողովածուն:
Երկար կեանք չունեցաւ Գէորգ Ախվէրտեանց։ Հազիւ 43 տարեկան էր, երբ 17 Նոյեմբեր 1861ին վախճանեցաւ։
Ն.