Հոկտեմբեր 31ի այս օրը, 137 տարի առաջ,  Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ, հայկական համեստ ընտանիքի մը յարկին տակ լոյս աշխարհ եկաւ մեծարժէք մանուկ մը, որ ի վերուստ օժտուած էր գեղանկարչական բացառիկ տաղանդով եւ որ Էտկար Շահին անունով կոչուած էր դառնալու հայկական գծանկարչութեան ու յատկապէս փորագրական գեղանկարչութեան աշխարհահռչակ վարպետը։

Հոկտեմբեր 27ի այս օրը, 12 տարի առաջ, քաղաքական հաշուեյարդարի աններելի ոճիր մը գործուեցաւ Հայաստանի    Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ։
Նայիրի Յունանեանի գլխաւորութեամբ արձակազէն մարդասպաններ խուժեցին դահլիճ եւ օր ցերեկով, լուսարձակներու տակ, մահացու կրակ բանալով, հայոց պետականութիւնը քաղաքական գլխատման ենթարկելու ծանրագոյն ոճիրը գործեցին։

images/stories/nerses%20varjabedian-26-10-2011.jpgՀոկտեմբեր 26ի այս օրը, 127 տարի առաջ, վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր զարթօնքին քաջարի ռահվիրաներէն Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան, որ հայ հոգեւորականին ազգային ծառայութեան կոչումը բարձրացուց քաղաքական ու գաղափարական առաքելութեան մակարդակին։

Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան, բայց մանաւանդ 28 Մայիս 1918ին կերտուած անկախ Հայաստանի տարեգրութեան ամէնէն սեւ օրերը արձանագրուեցան Հոկտեմբեր 1920ին, երբ Լենին¬Քեմալ սադայէլական զինակցութիւնը ամբողջ թափով երկու կրակի մէջ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

images/stories/aghpiurserop-24-10-2011.jpgՀայ մարդու ազգային յիշողութեան մէջ անջնջելի խորհուրդ ու պատգամ խտացուցած է մեր օրացոյցին 24 Հոկտեմբերի էջը, որովհետեւ թրքական բռնակալութեան սադրանքով, 112 տարի առաջ այսպիսի օր մը, Սասնոյ Կէլիէկուզան գիւղին մէջ, դաւադրաբար թունաւորուեցաւ, նահատակուեցաւ ու անարգօրէն գլխատուեցաւ մեր ժողովուրդին առասպելատիպ հերոսներէն Աղբիւր Սերոբ։