Ինչպէս հարուստ մշակոյթի տէր այլ ժողովուրդներու պարագային, հայ ազգի քաղաքակրթական զարգացման մէջ եւս թատրոնը ունեցած է հիմնական նշանակութիւն ու բախտորոշ ազդեցութիւն։
Ոչ միայն նախաքրիստոնէական ու հնադարեան ժամանակներուն իր ստեղծած մեծ քաղաքակրթութեան համար, այլեւ արդի դարաշրջան իր մուտքի ստեղծագործական կենսունակութեան առումով՝ հայ ժողովուրդը շատ բան կը պարտի թատերական իր տաղանդին։
Պոլսոյ Հայոց թատերական առաջին փորձերը կատարուած են ԺԹ. դարուն սկիզբները։ 1820էն քիչ առաջ, պատանիներու կողմէն՝ Տիւզեանց Գուբուչէշմէի բնակարանին մէջ։ Քիչ ետքը սկսած են թաղային վարժարաններու ներկայացումները։ 1856ի վերջերը, Օրթագիւղցի երիտասարդներ, իրենց գլուխը ունենալով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը, մասնաւոր տուներու մէջ, ներկայացուցած են ողբերգութիւններ ու կատակերգութիւններ...
19րդ դարու 30ականներէն սկսեալ Պոլսոյ մէջ թափ առած թատերական ներկայացումները, սիրողական հիմունքով կազմուած թատերախումբերով եւ գրաբարով ստեղծուած թատրերգութեանց բեմականացումով, փաստօրէն շունչ տուին հայոց ազգային ինքնաճանաչման ու անցեալի փառքի վերականգնման, քաղաքակրթական մեր հարուստ Աւանդի վերանորոգման եւ յատկապէս ազգային ազատագրութեան գաղափարի ժողովրդականացման մղումներուն։
Հայ գրականութեան զարթօնքի այդ շրջանը անհնար է պատկերացնել առանց հայոց պատմութենէն առնուած հերոսներու եւ դրուագներու թատերական մշակումին ու բեմականացումին, որոնք եւրոպական զարթօնքին ամէնէն մերձաւոր դիրքերուն կանգնած Պոլսոյ հայութեան գեղարուեստական կեանքին առանցքը դարձան։
Ահա ա՛յս իմաստով Դեկտեմբեր 14ի այս օրը յոբելինական տօն է հայ թատրոնին համար։
Այսօր կը տօնենք 150ամեակը արդի ըմբռնումով եւ արհեստավարժ հիմունքով ստեղծուած առաջին հայկական թատերախումբին՝ մեծահռչակ Բերայի «Արեւելեան Թատրոն»ի անդրանիկ ներկայացումին։
Շատ գրուած է Արեւելեան Թատրոնին եւ անոր ունեցած մեծ ներդրումին մասին։
Ինչպէս որ «Աւանգարդ» պարբերաթերթի կայքէջին վրայ, 9 Դեկտեմբեր 2011ին, մեծատաղանդ հայ դերասանուհի Արուսեակ Փափազեանի ծննդեան 170ամեակին նուիրուած իր յօդուածին սկիզբը Նուարդ Ասատրեան դիտել կու տայ՝
«Մեր պրոֆեսիոնալ բեմարուեստի ամրաշաղախում աննախադէպ խոշոր դերակատարութիւն ունեցան XIX դարի երկրորդ կէսի բիւրեղացող խմորումները: Դրանց արթնացրած հասարակական գիտակցութեամբ էր, որ բարձրակարգ (եւրոպականի նմանողութեամբ) թատրոն ունենալն ընկալուեց որպէս ազգային առաջադիմութիւնը խթանող «հասարակաց դպրոց»: Առանձին խմբերի գործունէութեան նկատմամբ յարաճուն հետաքրքրութեամբ՝ օրուայ հրամայական դարձաւ կազմակերպուած թատրոն-հաստատութիւն ստեղծելը: Ժամանակի թելադրանքով էլ 1861 թ. Դեկտեմբերի 14ին, Առաքել եւ Ստեփան Ալթունեանների նախաձեռնութեամբ կազմուած հոգաբարձուների խորհրդի աջակցութեամբ, Բերայի Սբ. Երրորդություն եկեղեցուն պատկանող «Արեւելեան Սրճարան»ի վերակառուցուած շէնքում, պետական արտօնագրով բացուեց «Արեւելեան Թատրոն»ը:
«Հիմնադիր դերասանակազմի 12 «առաքեալները» Կարլօ Ֆոսկինիի «Ահա վերացաւ ժամանակին վարագոյրը…» (տեքստը՝ Եղիազար Մելիքեանի) հաւատամք-խմբերգով ազդարարեցին առաջին ներկայացման «երրորդ զանգը»: Մեկնարկեց ֆրանսիացի դրամատուրգ Ռոթայի «Երկու Յիսնապետներ» հանրաճանաչ արկածային մելոդրամայի խաղարկումը: (Ի դէպ, իտալացի կոմպոզիտորը հեղինակել է հայ հայրենասիրական մի շարք երգերի, այդ թւում՝ Մկըրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Եղբայր եմք մեք»ի, երաժըշտութիւնը): Դեկտեմբերեան այդ երեկոն կրկնակի նշանակալից դարձաւ զգայացունց ներկայացումն աւարտուելուն պէս: Առաջին մեծ դերի՝ Թերեզայի, յուզառատ ու անբռնազբօս կերպաւորման վարպետութեամբ՝ հանդիսականի ցնծագին ընդունելութեանն արժանացաւ 20ամեայ Արուսեակ (իսկական անունը՝ Մարիամ) Փափազեանը: Բեմական բացառիկ բախտաւորութեամբ՝ շռնդալից մուտքի թողած հիացական տպաւորութիւնը միանգամից պաշտամունքի վերածուեց»:
Հայ Բեմի բազմավաստակ առաքեալներէն Գասպար Իփէկեան մանրամասն անդրադարձած է Բերայի Արեւելեան Թատրո-նի պատմութեան՝ անոր անդրանիկ ներկայացման առիթով յատկապէս նշելով, որ՝
«Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց թատերական առաջին փորձերը կատարուած են ԺԹ. դարուն սկիզբները։ 1820էն քիչ առաջ, պատանիներու կողմէն՝ Տիւզեանց Գուբուչէշմէի բնակարանին մէջ։ Քիչ ետքը սկսած են թաղային վարժարաններու ներկայացումները։ 1856ի վերջերը, Օրթագիւղցի երիտասարդներ, իրենց գլուխը ունենալով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը, մասնաւոր տուներու մէջ, ներկայացուցած են ողբերգութիւններ ու կատակերգութիւններ...
«... Բերայէն եւ Հասգիւղէն զատ, այդ ատենները, քանի մը ներկայացումներ ալ Սկիւտարի եւ Գուզկունճուքի ընտանեկան շրջանակներուն մէջ տրուած են թատերասէրներու կողմէ, ինչպէս նաեւ դպրոցական բեմադրութիւններ տեղի ունեցած են զանազան թաղերու մէջ։
«Հայ Թատրոնի ծագման այդ շրջանի վերջերն է, որ մեր լրագիրներուն գործածած թատերական բառերը հետզհետէ կը ճշդուին։ Ատկէ առաջ թատերաբեմը՝ տեսարան կը կոչուէր, եւ դերասանին՝ թատրասաց ըսողներ կային։ Օթեակը կը կոչուէր մասնաւոր խուց, եւ փոխանակ ողբերգութիւն մը ներկայացնել գրելու, կը գրէին՝ ողբերգութիւն մը նկարագրել։ Նոխազերգութիւն կը գործածուէր տռամի տեղ, եւ յուշարարի տեղ՝ թատրոնի հծծող։
«Ասոնք էին ահա թատերական գործին հանգամանքները մեր մէջ, երբ 1861 Դեկտեմբեր 14ին Բերայի Արեւելեան Թատրոնը տուաւ իր առաջին ներկայացումը։
«... Թատերական խումբ մը կազմուած էր աշխոյժ երիտասարդներէ, որոնց մեծ մասը ետքէն ամէնէն համբաւաւոր դերասանները եղան թրքահայ թատերաբեմին։ Պետրոս Մաղաքեան, Յովհաննէս Աճէմեան, Սերովբէ Պէնկլեան, Դաւիթ Թրեանց, Մարտիրոս Մնակեան եւ շատ ուրիշ դերասաններ, որոնց եկան միացան Ստեփան Էքշեան, Յակոբ Վարդովեան եւ Թովմաս Ֆասուլեաճեան, կը կազմէին թատերախումբը։ Դերասանու- հիի մասին դժուարութիւն կրած էին, բայց գեղեցիկ ու մանկամարդ աղջիկ մը, օրիորդ Արուսեակ Փափազեան, որ Գում¬Գաբուի աղջկանց վարժարանը ուսում առած էր եւ իբր վարժուհի կը պաշտօնավարէր հոն, ստանձնած էր վերջապէս բեմ ելլել։ Արուսեակ Փափազեանին հետեւած էր իր քոյրն ալ, օրիորդ աղաւնի Փափազեան։ Խումբին մէջ մտաւ նաեւ վարժուհի մը՝ տիկին Մարիամ Ծաղիկեան (Պիլէճիքլեան)։ Թատրոնին տնօրէնն էր Ռուբէն Կարապետեան, որ «Թատերապետ» կը կոչէր ինք-զինքը իր յայտարարութեանց մէջ։ Պետրոս Մաղաքեան դերասանապետն էր խումբին. սկիզբները դերուսոյց ալ եղաւ, բայց այս վերջին պաշտօնին մէջ շուտով իրեն յաջորդեց իտալացի եօթանասունամեայ փորձառու դերասան մը՝ Ասթի, որուն ճարտարութեան մասին գովեստներ լսած եմ նոյնիսկ Պետրոս Մաղաքեանէն։ Յուշարարն էր Ռոմանոս Սէտէճեան, որ ետքէն պիտի ճանյցուէր իբր թատերագիր»։
Արեւելեան Թատրոնի անդրանիկ ներկայացումը ոչ միայն բուռն գովեստի արժանացաւ Յարութիւն Սվաճեանի «Մեղու» թերթի էջերէն, այլեւ՝ նոյնինքն Գասպար Իփէկեանի վկայութեամբ, «Մեղու»ի այդ անդրադարձը հիմը դրաւ արեւմտահայ թատերական քննադատութեան բարձրորակ աւանդութեան։
Իր կարգին Միքայէլ Նալբանդեան, որ հայ գրականութեան արեւմտահայ եւ արեւելահայ թեւերուն կամրջման ու փոխ¬հարստացման գլխաւոր գաղափարախօսներէն մէկը եղաւ իր ժամանակին, յատուկ ճառով մը ողջունեց Արեւելեան Թատրոնի ստեղծումն ու առաջին ներկայացումը։
Իսկ ներկայացման առաջին գիշերը առնուազն հինգ հարիւր երիտասարդ հանդիսականներ ներկայ գտնուած են։
Արեւելեան Թատրոնը կարճ ընդհատումներով յաջողեցաւ գործել մինչեւ Դեկտեմբեր 1874, երբ վերջնականապէս փակուեցաւ։
Ն.