Արեւմտահայ գրականութեան պոլսական եւ փարիզեան սերունդներուն կամրջումը առաւելագոյնս շնչաւորեց բանաստեղծ Ահարոն Տատուրեան, որուն մահուան 47րդ տարելիցն է այսօր։
31 Յունուարի այս օրը, 1965ին, Փարիզի մէջ վախճանեցաւ Ահարոն, որ հայ գրականութեան անդաստանէն ներս մուտք գործեց իբրեւ Դանիէլ Վարուժանի սերնդակիցն ու գեղարուեստական

աշխարհայեացքով գրչեղբայրը։ Ճակատագիրը տնօրինեց այնպէս, որ արեւմտահայ գրականութեան պոլսական սերունդին այս կրտսեր ներկայացուցիչը վերապրի թրքական պետութեան գործադրած Հայասպանութենէն եւ արմատախիլ, Պուլկարիոյ ու Չեխիայի միջեւ թափառելէ ետք, վերջնականապէս հաստատուի Ֆրանսա եւ ինքնամփոփ մասնակիցը դառնայ սփիւռքահայ գրականութեան փարիզեան սերունդին։
Բառին հակասական իմաստով «երեւոյթ» մը եղաւ Ահարոն հայ գրականութեան մէջ։ Կարծես գրեց միայն ինքն իրեն համար։ Գրելու ուշագրաւ ձիրք ունէր՝ մշակուած լեզու, ինքնատիպ ոճ եւ խոհուն ներաշխարհ, բայց բնաւ չբացուեցաւ կեանքին ու աշխարհին, այլ՝ իր տեսած, ապրած ու զգացած ամէն ինչը, բնութեան թէ մարդկային կեցութեան հետ կապուած, լեցուց իր հոգիին խորը եւ վերածեց... բանաստեղծութեան։
Այդ պատճառով ալ Ահարոն ոչ միայն մեծ «մոռցուած» մը եւ «անծանօթ» մը դարձաւ ընթերցող լայն հասարակութեան համար, այլեւ՝ ինքզինք հեռու պահեց հայ գրողներու եւ մտաւորականներու կենսունակ բեմահարթակներէն ու խռովայոյզ հրապարակներէն։
Մենակեացութեան ու ինքնամփոփման երգիչը եղաւ եւ, իբրեւ այդպիսին, «երեւոյթ» դարձաւ յետ¬ եղեռնեան հայ բանաստեղծութեան մէջ։
Բայց իր ստեղծագործական առաջին քայլերէն այդպիսին չեղաւ Ահարոն։
Պարտիզակի ծնունդ՝ Ահարոն իր ուսումը ստացաւ նախ Պոլսոյ, ապա՝ Վենետիկի Մխիթարեաններուն մօտ։ Վենետիկեան տարիներուն, դասընկերն ու մտերիմն էր Դանիէլ Վարուժանի, որուն հետ կապուեցաւ նաեւ գրական աշխարհայեացքով ու հետագային դարձաւ Վարուժանեան դպրոցին արժանաւոր ժառանգորդն ու շարունակողը։ Լեզուական իր ճկունութիւնը եւ ոճական շքեղութիւնը առաւ Մխիթարեաններէն, իսկ Պարտիզակի կենսունակ բարբառին ներգործութեամբ՝ կրցաւ հեռու մնալ Մխիթարեաններու հայերէնին               գրքունակ ու կաղապարուած կաշկանդումներէն։
Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք Պոլիս վերադարձաւ, ուսուցչութեան նուիրուեցաւ եւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ այդ տարիներու գրական մեծ զարթօնքին։ Շաւարշ Միսաքեանի «Ազդակ» շաբաթաթերթին, Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի գրական հանդէսին եւ Հ.Յ.Դ. Ուսանողական Միութեան «Երկունք» պարբերականի էջերուն լոյս տեսան իր առաջին բանաստեղծութիւնները, որոնք անմիջապէս սիրուեցան ընթերցողին կողմէ եւ արժանացան գրական քննադատներու դրուատինքին։ Իբրեւ խոստմնալից բանաստեղծ՝ Ահարոն Տատուրեան իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ «մեհենական» շարժումին՝ բանաստեղծութիւններով եւ հրապարակագրական յօդուածներով հանդէս գալով «Մեհեան», ապա «Նաւասարդ» հանդէսներու էջերուն։
Երբ Առաջին Աշխարհամարտը բռնկեցաւ, Ահարոն սպայ էր օսմանեան բանակին մէջ եւ, այդ պատճառով, չենթարկուեցաւ Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան 24 Ապրիլի զանգուածային աքսորին ու սպանդին։ Բայց փախուստ տուաւ բանակէն, ամիսներով թաքստոցներու մէջ ապրեցաւ եւ, ի վերջոյ, կեղծ անցագրով անցաւ Պուլկարիա։ Զինադադարէն ետք, 1919ին, իր կարգին վերադարձաւ Պոլիս եւ վերստին լծուեցաւ ուսուցչական եւ գրական աշխոյժ գործունէութեան։
Բայց թրքական երկրորդ հարուածը չուշացաւ եւ, քեմալականներու իշխանութեան ամրապնդումով, հալածանքի ու խստացման ալիքը դարձեալ ստիպեց Պոլսոյ հայ մտաւորականութիւնը, որպէսզի հեռանայ իր բնօրրանէն։ Ահարոն 1922ին վերջնականապէս բաժնուեցաւ Պոլիսէն։ Շրջան մը մնաց Պուլկարիա, ապա՝ անցաւ Փրակա, ուր ամբողջացուց համալսարանական իր ուսումը։ 1929ին վերջնականապէս հաստատուեցաւ Փարիզ, շրջան մը ուսուցչութիւն ըրաւ Քէլէկեան որբանոցին մէջ եւ, Երկրորդ Աշխարհամարտէն սկսեալ, նիւթական անձուկ պայմաններու մատ- նուած, հայ կեանքի հրապարակէն լրիւ քաշուեցաւ եւ մենակեաց ու ինքնամփոփ կեանքի մը անձնատուր եղաւ...
1939ին մեծ հատորի մը մէջ հաւաքեց եւ հրատարակութեան յանձնեց Պոլսոյ մէջ ապրած տարիներուն ստեղծագործութիւնները՝ «Մագաղաթներ» անունով։ 1940ին լոյս ընծայեց Փրակայի մէջ իր գրած բանաստեղծութիւնները՝ «Պոհեմականք» հատորով։ Իսկ 1949ին լոյս ընծայեց «Սօսեաց Անտառ»ը, որ կը մէկտեղէր փարիզեան տարիներու իր գործերը։ Յետ մահու, 1971ին, լոյս տեսան Ահարոնի «Վերջին Կաթիլներ» եւ  «Հին Քերթուածներ» հատորները։

«...Ես ըսփինքսն եմ, անապատի սիրահար,
Սէրս ինձ բաւիղ տօթակէզ։
Ես իմ դիմաց նըստած լուծել չեմ կըրնար.
Սիրտս, ափերուս մէջ, ծաղկաման շանթահար.
Խարոյկ եւ կամ մութի դէզ,
Կը հատնիմ՝ լուռ եւ անտես»։

Ահա այդպէ՛ս, սփինքսի մը պէս, ինքնամփոփ ու մենակեաց դարձաւ հայ գրականութեան արժանաւոր այս դէմքը։
Հիմա արդէն դժուար չէ տեսնել, որ Ահարոն այդպիսին դարձաւ իր տեսած ու ապրած՝ հայ ժողովուրդի ահաւոր գողգոթային հետեւանքով։ Թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն բնաւ չվերականգնեցաւ Ահարոնը իբրեւ կենսուրախ բանաստեղծ, աստիճանաբար խրեցաւ իր ներքին վիշտին ու անհուն տրտմութեան մէջ։ Իր «Հին Կարօտ»ը խօսուն վկայութիւնն է Ահարոն Տատուրեանի այդ մեծ տառապանքին.

¬ «Օտար բոլոր ճամբաներէն քալեցի,
Չըհարցուցի թէ ո՛ւր կու գան, ո՛ւր կþերթան,
Յաճախ փուշեր, երբեմն ալ վարդ քաղեցի,
Բայց չըգըտայ դեռ քու ճամբադ Հայաստան։
...
Օտար բոլոր վիշտերն ինձ մօտ ըզգացի,
Չըհարցուցի թէ մերթ ինչո՞ւ կը կոտտան,
Մոռցայ զանոնք, կամ մէկ օր լոկ սըգացի,
Բայց չըմոռցայ քու վիշտն, անգի՜ն Հայաստան»։

Հայաստանը ամէնուր փնտռող եւ, տարագրութեան մէջ, իր մտքին ու հոգիին խորերը Հայաստան մը ստեղծող բանաստեղծը եղաւ Ահարոն։
Իր ոգեկոչման նուիրուած յուշատետրի այս էջը կարելի չէ փակել առանց յուշելու եւ շեշտելու, որ իր ամէնէն տրտում եւ դառն պահուն անգամ՝ Ահարոն միշտ պահպանեց հայու իր լաւատեսութիւնը, գրելով՝
«Չարը հեռուն կþաղօտանայ, կþառկայծի,
Եւ աշխարհը երգ մըն է կարծես, ե՜րգ յարութեան»։

Ինչպէս Մինաս Թէօլէօլեան դիտել կու տայ, Ահարոն Տատուրեան ստեղծագործեց՝ միշտ մտերմութեան մէջ ըլլալով «մեր բոլոր աւանդութիւններուն, մեր բոլոր հին ու նոր հաւատքներուն, մարդկային բոլոր վիշտերուն եւ խանդավառութիւններուն, ամէնէն խոնարհ ու փարթամ վայելքներուն, հին ու նոր աստուածներուն եւ անոնցմով խորհրդանշուող կեանքի հանգանակներուն,¬ զորս կը քննէ ստոյիկեան մարդու հայեացքով, հասնելու համար հանդարտ եզրակացութիւններու»։ Ահա՛ եւ վերջին նմոյշ մը մարդկային հոգիի գաղտնիքներուն եւ խորհուրդներուն սեւեռած Ահարոնի բանաստեղծութենէն.

Նախերգանք

Թո՛յլ տուր հիմա, որ մըրմընջեմ, սիրելի՛ս,
Դուն բաղեղի նըման հիւսուած գիշերին,
Թո՛ղ որ հըծծեմ ականջիդ, գլուխըդ կուրծքիս,
Թէ, խօ՛լ աղջիկ, լոյսերն ի՜նչ շուտ կը մարին։

Թո՛յլ տուր հիմա, որ մըրմընջեմ, Արտեմի՛ս,
Կո՛յս վիրաւոր, վէրքովն հատու սուսերին,
թէ երբ կախարդ երազէն վերջ կը տըրտմիս,
Այդ թախիծով բիբերդ ի՜նչ մութ կը վառին։

Եւ մինչ արիւն ու կաթ տալով ցայգերուն,
Կ՛անցնիս կ՛երթաս ճամբաներէն աշխարհի,
Մեր ծոցն ես յար, մե՜րկ վիշտ, դողով քու սարսռուն։

Ցայգերէն վերջ, միշտ մեզի հետ այգերուն,
Կաս ու չեկաս, փլած մեհեան ո՛վ Դիցուհի,
Կաս ու չեկաս, թաց աչքերով դեգերուն։
Ն.