Փետրուար 9ի այս օրը, 188 տարի առաջ, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ, վախճանեցաւ Հայաստանեաց Եկեղեցւոյ արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեան։
Ոչ միայն հայրենի հողէն այդքա՜ն հեռուները ինկած հայոց հօտին անձնուիրութեամբ տէր կանգնող հովիւը եղաւ Տէր Յարութիւն, այլեւ հիմնադիրն ու խմբագիրը դարձաւ հայկական առաջին տպագիր թերթին՝ «Ազդարար»ին, որ լուսաւորութեան դարաշրջան մը բացաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։
Ծնած էր Պարսկաստանի Շիրազ քաղաքին մէջ, 1750ին։ Ծննդավայրին դպրոցը աւարտելէ ետք, միացած էր Ս. Ամենափրկիչ վանքի միաբանութեան եւ քահանայ ձեռնադրուած էր 1770ականներու սկզբնաւորութեան։ Մինչեւ 1777 քահանայական ծառայութիւն կատարած էր Շիրազի մէջ, իսկ այնուհետեւ՝ մինչեւ 1784, մենակեացութեան դիմած էր՝ իր ժամանակը ամբողջապէս նուիրելով ինքնազարգացման։ Սորված էր պարսկերէն եւ արաբերէն. հմտացած էր գրականութեան, աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ էր։ Նաեւ՝ արհեստներ իւրացուցած էր։ Այդ բոլորով զինուած՝ Մատրաս ուղարկուելով իբրեւ աւագ քահանայ, Տէր Յարութիւն Շմաւոնեան լծուեցաւ ե՛ւ հոգեւորական, ե՛ւ ազգային-հասարակական, ե՛ւ մշակութային-գաղափարական եռուն գործունէութեան։
Առաջին իսկ քայլերէն, բառին բուն իմաստով տէր կանգնեցաւ իր հօտի հաւաքական կարիքները բաւարարելու առաքելութեան։ Զարկ տուաւ ոչ միայն եկեղեցական կեանքին, այլեւ իր սորված արհեստները տարածեց իր շրջապատին մէջ։ Բայց յատկապէս երիտասարդ սերունդին ազգային¬ազատագրական ապրումներուն եւ ոգեւորութեան թափ տուաւ։ 1789ին իր հերթին հիմնեց տպարան, որպէսզի հայ հոգեմտաւոր հարստութիւնը մատչելի դարձնէ թէ՛ Մատրասի հայութեան եւ թէ, հայ վաճառականներու միջոցաւ, հայ ժողովուրդի ցիրուցան զաւակներուն։
Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանի անունը յաւերժացաւ հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան մայր տոմարին մէջ 1794ի Հոկտեմբեր 14ին, երբ լոյս ընծայեց հայկական առաջին տպագիր թերթը՝ «Ազդարար»ը, որ մինչեւ 1796ի Մարտը, ամսական պարբերականութեամբ, հրատարակուեցաւ եւ վարակիչ օրինակ դարձաւ։
Յատկանշականօրէն եւ հայ ժողովուրդին ազգային¬քաղաքական ճակատագիրը խորհրդանշելով՝ հայկական առաջին տպագիր թերթը լոյս չտեսաւ հայրենի հողի վրայ։ Հրատարակուեցաւ Հնդկաստանի հարաւային Մատրաս քաղաքին մէջ, որ միջազգային նշանակութեամբ վաճառականական եւ մշակութային կեդրոն՝ նաւահանգիստ-քաղաք մըն էր։ Հայեր հոն հաստատուած էին 16րդ դարէն սկսեալ։ 1547ին արդէն, Մատրասի մէջ հիմնուած էր ու կը գործէր հայկական առաջին եկեղեցին։ Իսկ 1772ին հիմնուած Ս. Աստուածածին Եկեղեցին կը գործէ մինչեւ մեր օրերը։
1770ականները ազգային¬հասարակական ծաղկումի եւ հայ ազատագրական շարժման բուռն խմորումներու շրջան մը եղան Մատրասի հայութեան կեանքին մէջ։ Հայաստանի անկախացման եւ հայոց պետականութեան վերականգնման առաջին դրօշակիրներէն Յովսէփ Էմինի քարոզչութիւնը հասած էր Հնդկաստան եւ վարակած էր Մատրասի հայ երիտասարդութիւնը, որ այդ տարիներուն հիմնած էր գրական-քաղաքական իր շարժումը եւ Եւրոպայի, յատկապէս Ռուսաստանի օգնութեամբ Հայաստանի անկախութեան հասնելու նպատակը դրած էր իր առջեւ։
Մատրասի հայութեան զարթօնքին մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ յատկապէս հայկական առաջին տպարանի հիմնադրութիւնը 1772ին, Շահամիր Շահամիրեանի կողմէ, որ նաեւ ձեռնարկեց ինչպէս հայ մատենագիրներու, նոյնպէս եւ ժամանակի հայ հեղինակներու գործերուն տպագրութեան։
Ահա այդ պայմաններուն մէջ Յարութիւն Աւագ Քահանայ Շմաւոնեան ուղարկուեցաւ Մատրաս, 1785ին, իբրեւ ծխատէր քահանայ ծառայելու համար հայ գաղութի հոգեմտաւոր կարիքներուն։
«Ազդարար»ի 18 համար լոյս տեսաւ։ Օրինակներ պահպանուած են ինչպէս Հայաստանի, նոյնպէս եւ Սփիւռքի հայկական բոլոր մեծ գրադարաններուն մէջ։ Իսկ 1979ին Կիւլպէնկեան Հաստատութիւնը, յոբելինական երկու հատորներով, «Ազդարար»ի ամբողջական հաւաքածոն արժանացուց վերահրատարակութեան։
Հրապարակագրական եւ խմբագրական մօտեցման, ձեւաւորման ու բաժիններու առումով՝ «Ազդարար» նախակարապետը եղաւ սփիւռքահայ մամուլի աւանդական պատկերացումին։ Ամսական պարբերականութեան հիման վրայ, «Ազդարար» ամփոփ լրատուութիւնը կատարեց հնդկահայ եւ, մանաա՛նդ, Մատրասի հայ կեանքի իրադարձութիւններուն։ Կարեւոր բաժին մը տրամադրեց կրօնաբարոյական նիւթերու եւ հարցերու։ Նաեւ գրական ու պատմական բաժին մը ունեցաւ՝ ինքնուրոյն թէ թարգմանական նիւթերու հրատարակութեամբ։
«Ազդարար»ը հիմնական ներդրում ունեցաւ հայ քաղաքական մտքի զարգացման մէջ՝ հայոց ազգային¬ազատագրական շարժման ռուսական արեւելումը հունաւորելու եւ հիմնաւորելու առումով։ Պարսկական եւ թրքական տիրապետութեան լուծը թօթափելու գաղափարական դրօշը բարձրացուց՝ շեշտը դնելով քրիստոնեայ Ռուսաստանի օգնութեան ապաւինելու ուղղութեան վրայ։ Իբրեւ այդպիսին՝ «Ազդարար» հանդիսացաւ 19րդ դարասկիզբի հայ ազգային զարթօնքի առաջին ծիծեռնակներէն մէկը՝ Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանի անունը անմահացնելով մեր ժողովուրդի մեծարժէք երախտաւորներու համաստեղութեան մէջ։
Ն.