Այսօր՝ Փետրուար 10ին, կ'ոգեկոչենք 73րդ տարելիցը հայ հոգեւորականութեան արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեանի վախճանումին։
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հաւատաւոր, նուիրեալ, իմաստուն եւ մտաւորական սպասարկուներուն պայծառ դէմքը մարմնաւորեց Թորգոմ Սրբազան, որ հոգեմտաւոր իր բեղուն ծառայութիւնը պսակեց իբրեւ Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք իր ծաւալած մեծարժէք գործունէութեամբ՝ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական այս Աթոռը բարձրացնելով Կոչումի պատուանդանին։
Պարտիզակ ծնած 27 Սեպտեմբեր 1874ին, աւազանի անունով՝ Պիլիճեան Մկրտիչ, Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան Արմաշի Դպրեվանքի շունչով թրծուած եւ այդ շունչը հայաշխարհով մէկ տարածելու առաքելութեան զինուորագրուած անձնդիր հոգեւորականը եղաւ։
Երիտասարդ տարիքին իսկ հոգեւոր պատասխանատուութեանց կոչուեցաւ նոյնինքն Արմաշի եւ, ապա, Կ. Պոլսոյ մէջ։ Իր ուղին հարթեց իբրեւ հայ հաւատացեալի սրտին խօսող եւ մեր ժողովուրդին հոգեմտաւոր աշխարհը մշակող հովիւ։ Առաջին իսկ քայլերէն Հայու Հաւատքին անխոնջ տարածիչը դարձաւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ ազգային նկարագրին եւ առաքելութեան ճառագայթումին նուիրաբերեց իր անձն ու գործը, հոգեմտաւոր ու հասարակական իր ողջ կարողականութիւնը։
Թորգոմ Սրբազանի արժանիքները ի յայտ եկան յատկապէս Եգիպտոսի Հայոց Թեմի առաջնորդութեան շրջանին, քսաներորդ դարու երկրորդ եւ երրորդ տասնամեակներուն։ Իրեն վստահուեցաւ ոչ միայն քսաներորդ դարասկիզբին հայկական գաղթաշխարհի ամէնէն ծաղկուն օճախը հանդիսացած Եգիպտոսի թեմին առաջնորդութիւնը, այլեւ իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան նուիրական պատուիրակ՝ Թորգոմ Արքեպիսկոպոսին վստահուեցան կաթողիկոսական նուիրակի կարեւորագոյն առաքելութիւնները ի Պարսկաստան եւ Հնդկաստան։
Ո՛ւր որ գործեց, Թորգոմ Սրբազան ազգային հոգեմտաւոր շարժում առաջացուց իր շուրջ՝ ոչ միայն գրական, բանասիրական եւ թարգմանական իր բեղուն գործունէութեամբ, այլեւ՝ իբրեւ թեմակալ առաջնորդ կամ կաթողիկոսական նուիրակ նորահաս սերունդները դէպի բարձրագոյն ուսում, ստեղծագործ աշխատանք եւ հոգեւորական կոչում մղելով։
Արմաշի հայ հոգեւորական սերունդին արժանաւոր այս ներկայացուցիչը ամէնուր պաշտամունք տարածեց Հայաստանի հանդէպ։ Գաղթաշխարհի հայութիւնը հայրենի հողին կապելու, հայրենական արժէքներով տարագիր հայուն ազգային ինքնաճանաչումն ու հպարտութիւնը ջրդեղելու առաքելութեան անխոնջ դրօշակիրը դարձաւ։ Իր ներշնչումով եւ նախաձեռնութեամբ էր, որ Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն ետք, ի խնդիր Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման եւ հզօրացման, Եգիպտոսի հայ գաղութի առաջնորդութեամբ թափ տուաւ նորանկախ Հայաստանի կարիքներուն հասնելու գաղթաշխարհի հայութեան զօրաշարժին։
Յատկապէս 1931էն ետք իր հասունացման փուլը նուաճեց Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի հոգեմտաւոր ծառայութիւնը, երբ ան ընտրուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ շարունակելու համար հայ հոգեւորականութեան արժանաւոր միւս ներկայացուցիչին՝ բանաստեղծ Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի գործը։ Ոչ միայն Ժառանգաւորացի ուսուցչական կազմը արժանաւոր եւ հեղինակաւոր դասախօսներով հարստացուց, այլեւ՝ կարեւոր դեր ունեցաւ Միջին Արեւելքի տարբեր հայօճախներէն նոր սաներ Ժառանգաւորաց բերելու եւ անոնց ուսում ու հայեցի շունչ ջամբելու գործին մէջ։
Իր պատրիարքութեան շրջանին էր, նաեւ, որ պաշտօնաթերթ «Սիոն»ը հայագիտական եւ բանասիրական գիտական հանդէսի իր փայլուն ու ծաղկուն ժամանակները ապրեցաւ։
Թորգոմ Պատրիարքի կարապի երգը եղաւ իր մղած հաւատքի պայքարը ի սպաս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անսասան պահպանումին, երբ նախ հայաշխարհով մէկ բացայայտեց պոլշեւիկներու ձեռամբ Ամենայն Հայոց Խորէն Մուրադբեգեան Կաթողիկոսի խեղդամահ սպանութեան քստմնելի ոճիրը, ապա՝ համընդհանուր շարժում ծաւալեց ի պաշտպանութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ վերականգնումին ու լիարժէք առաքելութեան։
Երուսաղէմի Հայոց արժանաւոր Պատրիարքը սրտի կաթուածով յանկարծամահ եղաւ 1939ի Փետրուար 10ին։
Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեանէն ժառանգ կը մնայ գրականագիտական եւ բանասիրական հարուստ ժառանգութիւն մը, որուն կարեւորագոյն նուաճումը իրաւամբ կը նկատուի Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աշխարհաբարի թարգմանութիւնը։
Ն.