Մարտ 22էն 26 երկարած օրերը, 92 տարի առաջ, արիւնալի եւ սեւ էջ մը աւելցուցին հայ ժողովուրդի արծուեբոյն Արցախի հայութեան բազմաչարչար, այլեւ հերոսական պատմութեան մէջ։
22 Մարտ 1920ին, Ղարաբաղի հայութեան ինքնապաշտպանական ուժերուն ընդհանուր հրամանատարութիւնը որոշեց Ո՛չ պատասխանել Ատրպէյճանի մուսաւաթական կառավարութեան կողմէ արձակուած անձնատուութեան վերջնագրին։


Ինքնիշխան ապրելու արցախահայութեան այդ վճռակամ որոշումին թուրքեւթաթար զինեալ ուժերն ու հակահայ մոլուցքով բորբոքած ամբոխը պատասխանեցին ցեղասպանի վայրագութեամբ։
Մարտ 23էն սկսեալ ամբողջ երեք օր, պատմական Շուշի քաղաքը թատերաբեմ դարձաւ հակահայ ջարդերու եւ աւերումներու։ Շուշիի աւելի քան 22 հազար հայերէն միայն 300 հոգի մնացին հայոց հինաւուրց բերդաքաղաքին մէջ, տասնեակ հազար հայեր բառացիօրէն մորթուեցան ու ջարդուեցան, մնացեալը բռնի տեղահանուեցաւ, իսկ 19րդ դարավերջի հայոց հոգեմտաւոր մեծ կեդրոնը հրկիզուեցաւ, քարուքանդ կործանուեցաւ եւ հսկայական աւերակոյտի մը վերածուեցաւ։
Պատմական ծանօթ իրողութիւն է, որ 1905ին եւ 1918ին արիւնալի ընդհարումներ արձանագրուած էին հայերու եւ ազերի թաթարներու միջեւ։ Երկու պարագաներուն ալ, ռուսական եւ թրքական կայսերապետութեանց ծաւալապաշտական ախորժակները գրգռիչ դեր խաղացած էին՝ Անդրկովկասի մէջ հայեւթաթար դարաւոր կենակցութիւնը ազգամիջեան հակադրութեան, թշնամանքի եւ արիւնահեղութեան անդունդը գլորելու առումով, ի սպաս տարածաշրջանը սեփական հակակշռին տակ պահելու թուրքեւռուսական անխնայ մրցապայքարին...
1918ի Մայիսին արուեստականօրէն Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը ստեղծելէ եւ անոր ղեկին Իթթիհատի հոգեզաւակ Մուսաւաթ կուսակցութիւնը իշխանութեան ղեկին հաստատելէ ետք, Անդրկովկաս արշաւած օսմանեան Թուրքիոյ բանակային ուժերուն հրամանատարութիւնը հետեւողականօրէն յառաջ մղեց հայկական Արցախը հայութենէ պարպելու եւ թուրք¬թաթարական հակակշռի ենթարկելու քաղաքականութիւնը։ Անդրկովկասի թուրք¬թաթար եւ քիւրտ ազգաբնակչութիւնը շարունակաբար զինելով եւ զանոնք հակահայ գրգռութեանց մղելով, թրքական եւ ատրպէյճանական կուսակից իշխանութիւնները պարբերական յարձակումներով տեւական ճնշումի տակ առին Ղարաբաղի հայութիւնը։ 1919ի ամբողջ տեւողութեան եւ 1920ի առաջին ամիսներուն, յատկապէս Ղարաբաղի նահանգապետ Սուլթանովի նախաձեռնութեամբ, անզէն հայ բնակչութեան դէմ պարբերական յարձակումներ գործուեցան, մինչեւ որ 1920ի գարնանամուտին Սուլթանով արցախահայութեան ուղղեց անձնատուր դառնալու վերջնագիրը՝ զէնքերն ու կռուելու ունակ երիտասարդները իրեն յանձնելու կտրուկ պահանջով։
Ահա ա՛յդ վերջնագրին դէմ էր, որ 22 Մարտ 1920ին Արցախի հայութիւնը պաշտօնապէս Ո՛չ պատասխանը տուաւ եւ ձեռնարկեց ընդհանուր ապստամբութեան։
Եւ այդ օրը նոր էջ մը բացուեցաւ Անդրկովկասի հայեւթաթարական ազգամիջեան ընդհարումներու արիւնալի պատմութեան մէջ։
Առաջին անգամ ըլլալով Արցախի հայութիւնը զինեալ ապստամբութեան դիմեց՝ ազերիական լուծը թօթափելու եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան միանալու որոշումով ու հաստատակամութեամբ։
Այդպէս՝ օդէն ինկած անակնկալ որոշում մը չէր Արցախի հայոց ապստամբութիւնը։ Իր հիմնադրութենէն օրերէն իսկ, այսպէս կոչուած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մուսաւաթական իշխանութիւնները հետեւողականօրէն յառաջ մղեցին տարածաշրջանէն ներս հայկական տիրական ներկայութեան ազգագրական քարտէսը փոխելու, հայերը կոտորելով եւ հեռացնելով՝ հայկական տարածքները յափշտակելու եւ իւրացնելու «ազգային մաքրազտումի» իրենց քաղաքականութիւնը։
Ազերի թաթարներու հայատեացութիւնը հրահրելով եւ խուժան ամբոխի միջոցաւ հայ բնակչութիւնը խժդժութեանցենթարկելով՝ մուսաւաթականները քայլ առ քայլ յառաջ մղեցին այդ քաղաքականութիւնը։ Հայերու դէմ պարբերական յարձակումները, սպանութիւնները եւ ալան¬թալանը մնայուն կենսակերպի վերածուեցան մուսաւաթական Ատրպէյճանի մէջ։ Եւ որքան մօտեցաւ խորհրդային իշխանութեանց Անդրկովկասին «վերատիրանալու» պահը, այնքան կատաղի դարձան մուսաւաթականները՝ հակահայ իրենց «մաքրազտումի» քաղաքականութեան մէջ։
Ահա՛ այդ մթնոլորտին մէջ, 19 Փետրուար 1920ին, Ատրպէյճանի մուսաւաթական ղեկավար Սուլթանովը վերջնագիր ներկայացուց Արցախի Հայոց Ազգային Խորհուրդին՝ «շտապօրէն վերջնական լուծում տալու Արցախը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան անբաժանելի մասը ընդունելու հարցին»։
Արցախի Հայոց Ազգային Խորհուրդը, 23 Փետրուարէն մինչեւ Մարտի 4ը, գումարեց իր 8րդ Համագումարը եւ որոշեց մերժել Սուլթանովի վերջնագիրը։ Աւելի՛ն. Համագումարը իր պաշտօնական պատասխանով դատապարտեց մուսաւաթական իշխանութիւնները, որ առանց Ազգային Խորհուրդի հաւանութեան ազերի զօրքեր մտցուցած էր հայկական տարածքներուն մէջ եւ Փետրուար 22ին լայնածաւալ խժդժութեանց՝ կոտորածներու եւ հրկիզման ենթարկած էր անզէն հայերն ու անոնց բնակավայրերը Խանքենտի եւ Ասկերանի շրջաններուն մէջ, ինչպէս եւ Շուշի¬Էվլախ ճանապարհին։
Մինչ Սուլթանովի կառավարութիւնը կատաղօրէն հակազդեց Համագումարի մերժումին եւ անմիջապէս պահանջեց Ազգային Խորհուրդին լուծարումը՝ իբրեւ իրաւական եւ օրինական ոչ մէկ հիմք ներկայացնող մարմնի, Արցախի հայութեան կողմէ ընտրուած ներկայացուցչական մարմինը դիւանագիտական յատուկ նախաձեռնութեան մը դիմեց՝ Դաշնակից Ուժերու դիւանագիտական լիազօրներուն, Անդրկովկասի երեք հանրապետութեանց դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն եւ Անդրկովկասի մէջ խորհրդային իշխանութեանց լիազօրի ներկայութեան, յայտարարելով որ Արցախի հայութիւնը պիտի պարտաւորուի ինքնապաշտպանութեան իր օրինական իրաւունքը զէնքով հաստատագրելու, եթէ մուսաւաթական իշխանութիւնները շարունակեն իրենց հակահայ «ազգային մաքրազտում»ի քաղաքականութիւնը։
Այդպէ՛ս էր, որ Սուլթանովի կառավարութեան անդրդուելի կամակորութեան հակադարձելով՝ 22 Մարտին Արցախի հայութիւնը պարզեց ընդհանուր ապստամբութեան դրօշը։
Ազերիները անշուշտ պատրաստուած էին եւ հայոց ապստամբական առաջին գործողութիւնները ռազմադաշտի վրայ պարտութեամբ վերջ գտան։ Հետեւեցան լայնածաւալ ազերիական յարձակումներ։ Շուշիի գլխաւոր մասը կազմող հայկական թաղերը քար ու քանդ եղան, հազարաւոր անզէն հայերու արիւն հեղեցաւ եւ հայկական տուներն ու խանութները կողոպտուեցան եւ կրակի տրուեցան... աւելի քան հազար հայեր Շուշիի մէջ ձերբակալուեցան եւ բանտ նետուեցան։
Սկզբնական այդ պարտութենէն հերոսական Արցախի հայութիւնը արագօրէն վերականգնեցաւ։ Բուռն կռիւներ մղուեցան Արցախի ամբողջ տարածքին եւ, հակառակ ազերիական կանոնաւոր զօրքի թուական ու ռազմական գերազանց ուժին, հայկական ուժերը կրցան ետ մղել Սուլթանովի բանակը եւ ազերի խուժանը։ Մինչեւ Ապրիլի կէսերը շարունակուեցան զինեալ ընդհարումները։ Զանգեզուր գտնուող Դրօն իր զօրամասերով հասաւ Արցախի օգնութեան եւ հայոց ապստամբութիւնը, գոնէ ժամանակաւորապէս, յաղթանակով պսակուեցաւ։
Պատմական Գիտութիւններու դոկտոր եւ փրոֆեսոր Հրանտ Աբրահամեան, ուսումնասիրելով հայոց նորագոյն պատմութեան կարեւորագոյն փուլերէն Արցախի ազգային¬ազատագրական պայքարին շղթայազերծման ակունքները, մանրամասն կը նկարագրէ ատրպէյճանական իշխանութեանց ձեռնարկած հակահայ «ազգային մաքրազտման» քաղաքականութիւնը եւ կը գրէ.
«1905-1906 թուականներու ազգամիջեան ընդհարումներու ժամանակ ատրպէյճանցիները թէ՛ Շուշիի եւ թէ գաւառի հայ բնակավայրերուն մէջ սարսափելի ոճիրներ իրականացուցին։ 1918-1920 թուականներուն անոնց ձեռագիրը չփոխուեցաւ։ Միայն 1918-1920ին Արցախի մէջ ոչնչացուեցաւ 59 գիւղ, սպաննուեցաւ 25 հազար մարդ (արցախահայութեան 20,1 տոկոսը), անօթեւան մնաց 37 հազար բնակիչ, փոշիացաւ 7000 տնտեսութիւն, փակուեցաւ կամ ոչնչացուեցաւ երկրամասի ֆապրիքներու եւ արհեստանոցներու 90 տոկոսը, մոխրացաւ հայոց Շուշին (տես՝ «Խորհրդային Ղարաբաղ», 1930, N 31)։
«Ատրպէյճանցի պատմաբանները միշտ ալ կեղծած են եւ հասարակութենէն թաքցուցած են Շուշիի ցեղասպանութեան բուն պատճառներն ու հետեւանքները։ Ակնյայտ է, որ անցեալին Շուշին, Թիֆլիսէն եւ Պաքուէն յետոյ, Անդրկովկասի տնտեսական եւ մշակութային երրորդ զարգացած կեդրոնն էր։ Ասիկա չէր կրնար բաւարարել ատրպէյճանցիներուն, ուստի անոնք Շուշին հայաթափելու ծրագիր մշակեցին եւ սկսան իրագործել 1905¬1906 եւ 1920 թուականներուն։ Ամենասարսափելի ջարդերը տեղի ունեցած են 1920 թուականի Մարտի 23ին, երբ մէկ օրուան ընթացքին ցեղասպանութեան զոհ գնաց քաղաքի հայութիւնը՝ անոր իսկական եւ պատմական տէրը։ Թուրք¬ազերիները նպատակ ունէին ոչնչացնել ամբողջ արցախահայութիւնը։ Հայաստանի մօտ Ատրպէյճանի դիւանագիտութեան ներկայացուցիչ Խան Թեքինսկին, դեռ 1919ի Օգոստոսին, իր կառավարութեան յորդորած էր երկու շաբթուան ընթացքին մաքրել հաշիւները Զանգեզուրի հետ եւ զօրքերը հասցնել մինչեւ Ղամարլու՝ Երեւանի մատոյցները (Հայաստանի Ազգային Արխիւ (այսուհետեւ՝ ՀԱԱ), ֆ. 200, ց. 1, գ. 43, թ. 53)։
«Ատրպէյճանը 1919ի երկրորդ կէսին եւ 1920ի առաջին ամիսներուն իր ռազմական ուժերը տեղակայեց Արցախ-Ղարաբաղի ռազմավարական բոլոր կէտերուն վրայ։ Ատրպէյճանը կը ձգտէր Արցախի դէմ օգտագործել ոչ միայն ազերի ասկեարներն ու սպաները, այլ նաեւ Ղարաբաղի նահանգապետ, քիւրտ Խոսրովբէկ Սուլթանովի ծննդավայր Հաջի Սամլուի քիւրտերէն կազմուած հրոսակները, ինչպէս եւ մուսաւաթական բանակին մէջ ծառայող նախկին ցարական բանակի ռուս սպաները։ Այդ օրերուն Ղարաբաղ-Զանգեզուրի, ինչպէս եւ Հայաստանի հարցը լուծելու համար, «Իթթիհատ» փան-թուրքական կուսակցութիւնը Ատրպէյճանի մուսաւաթական կառավարութեան տրամադրեց հանրապետութեան հարուստներէն հանգանակած մէկ միլիառ ռուպլին, կազմակերպեց 200 հազարնոց բանակ եւ զայն օգտագործեց հիմնականին մէջ հայութեան դէմ (նոյնը, գ. 42711, թ. 241)։ Մուսաւաթական Ատրպէյճանը իր դահիճներէն կը պահանջէր «լայն մասշտաբով եւ մի քանի ուղղութիւններով զինաթափել ու իրեն ենթարկել Ղարաբաղ¬Զանգեզուրը» (նոյնը, գ. 249, թ. 139)։
«1920ի Մարտ 23ին քաղաք մտաւ քրտական ջոկատը։ Սուլթանովի հրամանով՝ նախօրօք քաղաքի թուրքերուն բաժնած էր նաւթ եւ լուցկի՝ հրամանի պարագային վառելու հայերու տուներն ու հասարակական կառոյցները։ Բացի այդ, ան յատուկ գրութեամբ պահանջած էր, որ հայկական շրջաններու ոստիկանապետերը Մարտ 23ին գան քաղաք՝ նահանգապետի «պայրամը» շնորհաւորելու («Հայրենիք», Պոստոն, 1923, N 11, էջ 116)։ Անոր անսքող նպատակն էր այդ օրը գլխատել հայկական շրջաններու բոլոր ոստիկանապետերը։ Մահմետական Ամանորի շքերթին մասնակցելու պատրուակով Աղդամէն, Վարարակէն եւ այլ վայրերէ բազմաթիւ զօրամասեր տեղափոխուած էին Շուշի (Հ.Ա.Ա., ֆ. 200, ց. 1, գ. 563, թ. 102)։
«Արցախ-Ղարաբաղի դէմ մուսաւաթական Ատրպէյճանի յարձակումը սկսաւ նախատեսուածէն շուտ, 1920ի Մարտ 22ի լոյս 23ի գիշերը։ Գանձակէն մինչեւ Մուսուլմանլար¬Զանգեզուր սկսան պատերազմական գործողութիւններ։ Թուրք-ատրպէյճանցիները Թարթառի ուղղութեամբ փորձեցին ներխուժել Ջրաբերդի շրջանը։ Սակայն հայ պաշտպաններու հուժկու հարուածներէն ետ շպրտուեցան եւ Ջրաբերդը մնաց անառիկ։ Ջրաբերդցիները օգնութեան հասան նաեւ Կիւլիստանցիներուն ու խաչէնցիներուն։ Ատրպէյճանի մուսաւաթական յարձակումներն անյաջողութեամբ վերջացան նաեւ Դիզակի ու Վարանդայի պարագային։
«Ատրպէյճանը իր բանակին հիմնական ուժերը կենտրոնացուցած էր Աղդամ-Ասկերան-Շուշի ուղղութեամբ։ Ճիշդ այստեղ՝ Ասկերանի ձորակին մէջ ալ տեղի ունեցան ամենաուժեղ մարտերը։ Ասկերանի ճակատը կþերկարէր Վարազաբունէն մինչեւ Քարագլուխ, շուրջ 15 քմ. երկարութեամբ։ Դալի Ղազարը (դաշնակցական յայտնի գործիչ - Ն.), որ Ղարաբաղ եկած էր դեռ 1920ի Յունուարին, 350 զինուորներով Քեաթակ գիւղի մօտէն անընդհատ կը գրոհէր հակառակորդի դիրքերուն վրայ։ Ասկերանի ուղղութեամբ գործող հայկական զօրամասերու սպայակոյտի պետ Յարութիւն Թումեանը հետագային նշած է, որ Ասկերանի ուղղութեամբ կը գործէին 30 հազարէն ոչ պակաս թրքական կանոնաւոր եւ անկանոն ուժեր (Մատենադարան, Այլեւայլ հեղինակների արխիվ, թուղթ 24012, ցուցակ 74, վաւերագիր 29, Գ մաս, էջ 21)։
«Այդ օրերուն ամենաողբերգական իրադարձութիւնները տեղի ունեցան Շուշի քաղաքին մէջ։ Գիշերուան կէսին Սուլթանովը՝ լուր ստանալով, որ քաղաք թափանցած է հայկական ջոկատ մը եւ փորձած է թուրք ասկեարները զինաթափ ընել, կը հրամայէ «սրի ու հրի մատնել հայկական քաղաքամասը» (ՀԱԱ, ֆ. 314, ց. 1, գ. 34, թ. 223)։ Մահմետական մոլեռանդ խուժանը՝ ասկեարներու եւ թուրք սպաներու գլխաւորութեամբ, ներս կը խուժեն քաղաքի հայկական թաղամասերը, կը հրդեհեն, կը կողոպտեն տուները, խանութները, հասարակական շէնքերը, անխնայ կը կոտորեն անպաշտպան բնակչութիւնը, կը բռնաբարեն կիներն ու աղջիկները։ Մուսուլման սպաները, որոնք կը գիշերէին հայերու տուներուն մէջ, կը սպաննեն տան բնակիչները, տունը կը վառեն եւ գոռուն¬գոչիւններով կը նետուին փողոց։ Այդ գեհէնի ականատեսը յետոյ պիտի գրէր.- «... իսկ այն, ինչ Շուշիի մէջ կատարուեցաւ, նկարագրել անկարելի է. լուսաբացին՝ ժամը 4ին, կիսահագնուած... հայկական հրդեհի ալիքներուն միջէն, գնդակներու տարափի տակ մի կերպ, շուրջս խիտ մառախուղ, գուցէ եւ հրաշք օգնութեամբ կարողացայ բակերով ու նեղ փողոցներով ճանապարհ գտնել դէպի Քարին Տակ գիւղը, որով եւ ազատուեցանք վերահաս մահէն» (նույնը, ֆ. 4041, ց. 1, գ. 103, թ. 14)։
«Տեղի ունեցած այդ ցեղասպանութենէն մի քանի օր անց, Արցախէն Հայաստանի կառավարութեան ուղարկուած հաղորդագրութեան մը մէջ ըսուած է, որ Շուշիէն Քարին Տակ ճամբով ցած իջած եւ Վարանդա ու Դիզակ գացած են 5¬6 հազար մարդ։ Ըստ այդ հաղորդումին՝ քաղաքը մնացած հայերէն 3000ը սպաննուած են փողոցներու մէջ (նոյնը, ֆ. 4033, ց. 5, գ. 461, թ. 145¬146)։ Յայտնի վիճակագիր Բախշի Իշխանեանի հաշւումներով, այդ օրերուն միայն Շուշիի մէջ զոհուած է 8988 հայ («Յառաջ», 1.04.1920)»։
92 տարիներ անցած են պատմական ծանրակշիռ այդ ժամանակաշրջանէն։ Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարը շատ փուլերէ անցաւ՝ մինչեւ որ 1988ի իր նորագոյն պոռթկումով նուաճեց իր իրողական ազատագրումը ատրպէյճանական լուծէն։
Վերանկախացեալ Արցախի հայութեան հետ ողջ հայաշխարհը այսօր կը տօնէ ազերիական լուծին դէմ Արցախի հայոց պատմական առաջին ապստամբութեան տարեդարձը։ Եւ Արցախի հայութեան հետ բոլորս կը յայտարարենք ի լուր աշխարհին, թէ Ատրպէյճան ոչ մէկ իրաւունք ունի Հայկական Արցախը բրտօրէն իր կազմին մէջ առնելու եւ անարգ լուծի ենթարկելու...
Մարտ 1920ին արեան մէջ խեղդուած, թալանուած ու հրկիզուած Շուշին անջնջելիօրէն դրոշմուած կը մնայ հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ։
Ազերիական լուծին «վերադարձը» բացառուած է ամէն գնով։
Ինչպէս որ «Շուշի Բարեգործական Հիմնադրամ»ի ղեկավարը՝ արձակագիր Բակուր Կարապետեան իրաւացիօրէն դիտել տուած է, 1988ին եւ այնուհետեւ Ատրպէյճանի գործած հակահայ կոտորածները կանխուած պիտի ըլլային, եթէ նախ Խորհրդային Միութիւնը ինք եւ, ապա, լայն առումով մեծապետական աշխարհը անպատիժ չձգէր 1920ին կատարուած Շուշիի եւ ընդհանրապէս Արցախ Աշխարհի հակահայ ջարդերը։
Աւելի՛ն. ցեղասպանագիտութիւնը այսօր արդէն կþուսուցանէ, որ «ազգային մաքրազտման» ցեղասպանական ոճիրները կանխելու միակ ուղին եւ գրաւականը կը կայանան ցեղասպանութեանց պատժումին մէջ։
22¬26 Մարտ 1920ի Շուշիի ջարդերը փաստօրէն կրկնուեցան Սումկայթի եւ Պաքուի մէջ քսաներորդ դարավերջին՝ մերօրեայ աշխարհին յուշելով, որ երբ անպատիժ կը մնան ցեղասպանութիւնները, անոնք ուղղակի «քաջալերանք» կը դառնան... ցեղասպաններու ժառանգորդներուն։

Ն.