Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պատասխանատու աղբիւր մը սուրիական պետական «Սանա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիա կը ճանչնայ 4 Յունիս 1967-ի սահմաններով եւ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան պետութիւնը

ՔԱՊՈՒԼ


Թալիպաններու ներկայացուցիչները մերժած են լուրերը իրենց ղեկավար մուլա Օմարի մահուան մասին:

Կիպրոսի եւ Յունաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը յայտարարութիւններով անդրադարձած է Կիպրոսի մէջ թրքական ներխուժման 37-ամեակին, շեշտելով գործնական եւ արդար լուծումի մը առաջնորդուելու կարեւորութիւնը,  նոյն պահուն խստօրէն դատապարտելով Թուրքիոյ կեցուածքը, որ կը շարունակէ պատասխանատու ըլլալ՝ խոչընդոտ հանդիսանալով հարցի լուծման:

Հազարաւոր քաղաքացիներ ողողած են Կիպրոսի նախագահական պալատի շրջակայքի ճամբաները, 7րդ օրն ըլլալով հաւաքուելով եւ բողոքելով նաւային խարիսխին մէջ տեղի ունեցած պայթումին համար: Ցուցարարները մոմեր կը վարեն գիշերները, ողբերգական դէպքին ընթացքին զոհուածներու յիշատակը յարգելով:

Մօտ շաբաթ մը առաջ Հարաւային Սուտանը իր անկախութեան  հռչակումը նշեց, այսպէս՝  ամենայն պաշտօնականութեամբ հանդիսանալով աշխարհի վրայ ապրող  նորագոյն ազգը:
Իսկ երկու օր առաջ, Հարաւային Սուտանը դարձաւ ՄԱԿի 193-րդ անդամը: