Մօտ շաբաթ մը առաջ Հարաւային Սուտանը իր անկախութեան հռչակումը նշեց, այսպէս՝ ամենայն պաշտօնականութեամբ հանդիսանալով աշխարհի վրայ ապրող նորագոյն ազգը:
Իսկ երկու օր առաջ, Հարաւային Սուտանը դարձաւ ՄԱԿի 193-րդ անդամը:
Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան՝ աջակցիլ նորաստեղծ պետութեան զարգացման գործին մէջ: Պան Քի Մուն ողջունեց Սուտանի եւ Հարաւային Սուտանի ղեկավարներու ջանքերը, որոնց շնորհիւ կեանքի կոչուեցաւ Սուտանի հիւսիսէն անջատուելու մասին հանրաքուէն:
Ընկերվար Միջազգայնականի պէս միջազգային կազմակերպութիւններ ջերմապէս շնորհաւորեցին Հարաւային Սուտանի անկախութեան հռչակումը, ողջունելով ժողովրդավարութեան կարգով խաղաղութեան հաստատումը եւ յոյս յայտնելով, որ վերջ պիտի տրուի երկար ժամանակ տեւած բռնութեան շրջանին: Այլ երկիրներու կարգին՝ Հայաստան եւ Յունաստան եւս փութացին ողջունելու նորակերտ անկախութիւնը:
Նոյն պահուն 260.000է աւելի մարդ արագօրէն հասնող օգնութեան պէտք ունի. անոնք են 100.000 գաղթականները, որոնք իրենց շրջաններէն հեռացան, Մայիսէն ետք տեղի ունեցած բռնութիւններու եւ զինեալ յարձակումներու հետեւանքով հարաւային եւ հիւսիսային ուժերուն միջեւ, յատկապէս սահմանամերձ Ապիյէյ շրջանէն մեկնած ըլլալով: Անոնց մեծամասնութիւնը կը յուսայ ետ վերադառնալ, ներկայիս հաստատուած ըլլալով այլ հեռաւոր շրջաններու մէջ, լաթի կտոր մը իրենց մարմնին շուրջ եւ պատառ մը հաց (կամ հատիկներ, կամ նոյնիսկ ծառերու տերեւներ...) իրենց փոքրիկ պարկերուն մէջ:
«Բժիշկներ Առանց Սահմանի» մարդասիրական միջազգային ընկերութեան տուեալներուն համաձայն, -որ ընկերոջ մը կողմէ ստացայ-, արդէն առանձին կը նկարագրուի Հարաւային Սուտանի մէջ տիրող իրավիճակը: Որբ կամ տարեց մեծ թիւով մարդիկ, ահաւոր տաք պայմաններու տակ, առանց բնակարանի, առանց սնունդի, առանց մաքուր ջուրի՝ օգնութեան կարիքը ունին:
Միջազգային վերջին տուեալներուն համաձայն, Սուտանի մէջ բնակչութեան մօտ 70%ը սիւնի իսլամներ են, 5%ը քրիստոնեայ եւ մնացեալը՝ այլ:
Նաֆթի գործօնը իր մեծ դերը խաղացած է այս հակամարտութեան մէջ ալ: Նաֆթահանքերու մօտ 80%ը կը գտնուի Հարաւային Սուտանի տարածքէն ներս: Նաֆթի արդիւնաբերութեան օգտագործումը շատ հին չէ Սուտանի մէջ:1999էն ետք սկսաւ ծաւալ ստանալ այս մարզը եւ ըստ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարութեան տուեալներուն՝ իր նաֆթի պաշարներով Սուտան՝ Ափրիկէի ցամաքամասի երկիրներու 5-րդ դիրքը կը գրաւէ:
Նախորդ պարբերութիւններուն մէջ օգտագործուած բառերը՝ հակամարտութիւն, բռնութեան դէպքեր, հանրաքուէ, անկախութիւն եւ ասկէ ծնող հետեւութիւնները՝ ուղղակի մեզ կը մղեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցը մտաբերելու: Նոյնը եղաւ մի քանի տարի առաջ, երբ միջազգային քաղաքական հանրութիւնը փութաց ճանչնալու Քոսովոյի անկախութիւնը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջնորդող քայլին հետեւելով: Այսօր դարձեալ նոյնը կը տեսնենք Սուտանի պարագային: Վաղը՝ շատ հաւանական է նոյնը տեսնել շարք մը այլ երկիրներու կապակցութեամբ, բայց անտարակոյս՝ հո՛ն ուր ամերիկեան շահեր պաշտպանելու հարցեր գոյութիւն ունին: Մարդասիրական տարազ մը հագած եւ քօղ մը իր աչքերուն՝ միջազգային քաղաքական աշխարհը «հարց չունի արդարամտօրէն քննելու» հարցախոյզով վճռուած ժողովուրդի կամքը: Բայց ժողովուրդի կամքը նոյն ձեւով չէ՞ որ դրսեւորուեցաւ նոյնպէս Ղարաբաղի մէջ: Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը միջազգայնօրէն ամրագրելու կուգայ ուրեմն դարձեալ Սուտանի պարագան:
Այլ հարցադրում մըն ալ կարելի է կատարել, նկատի առնելով Թուրքիոյ դերը, որ փորձեց կարեւոր նեդրումի պէս տեսնել իր օժանդակութիւնը Սուտանի նախկին ղեկավար Ալ Պաշիրի քաղաքականութեան զօրավիգ կանգնելով: Նոյն այդ Ալ Պաշիրը, որ ամբաստանուեցաւ պատերազմական ոճիրներ գործադրած ըլլալու յան-ցանքով: Այդ ծիրէն ներս, յիշենք վարչապետ Էրտողանի, ինչպէս եւ նախագահ Կիւլի յայտարարութիւնները, որոնք երբեք...ցեղասպանութիւն չտեսան Տարֆուրի մէջ: Թուրքիոյ մերժման քաղաքականութիւնը անգամ մը եւս սխալ ճամբով առաջնորդեց իր ղեկավարութիւնը:
Հռիփսիմէ Յարութիւնեան-Եաղուպեան