ՔԱՊՈՒԼ


Թալիպաններու ներկայացուցիչները մերժած են լուրերը իրենց ղեկավար մուլա Օմարի մահուան մասին:

Անոնք յայտնած են թէ ուղարկուած պատգամները ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց սուտերու շարքին պէտք է դիտել եւ հոգեբանական ճնշումներ գործադրելու փորձեր են:

ԱԼՄԱԹԻ


Ղազախստանի, Ուզպեքիստանի եւ Տաճիկիստանի մէջ զգալի դարձաւ Ռիխթերի 6.2 ուժգնութեամբ երկրաշարժը որ Ֆերկանա քաղաքին մօտերը արձանագրուեցաւ եւ զգալի եղաւ ամբողջ կեդրոնական Ասիոյ մէջ: