Տնտեսական ճգնաժամի եւ եւրոպական պարտքերու տագնապը ձիւնամրրիկի հետեւանքներ կը սպառնայ ունենալ ամբողջ Եւրոպայի համար: Շուկաները չեն համոզուած, որ Եւրոպական Միութենէն ներս զօրաւոր կամք կը ցուցադրուի տագնապի առաջքը առնելու եւ լուծումներու առաջնորդուելու գծով:

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վիքթորիա Նուլընտ յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն 15 Յուլիսին երկօրեայ այցելութեամբ մը Թուրքիա պիտի մեկնի։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, ըստ աւելի կանուխ ձեռք բերուած համաձայնութեան, ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ

ՔԱՊՈՒԼ
Աֆղանիստանի մայրաքաղաքը հասաւ այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, մի քանի ժամուայ այցելութիւն մը կատարելով: Սարքոզի պիտի այցելէ Թակապ գիւղը, ուր տեղակայուած է ֆրանսական զօրախումբի ուժը:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ
Միջին Արեւելքի հարցով այսօր հանդիպում տեղի կունենայ Ուաշինկթընի մէջ, յաղթահարելու համար հարցերը որ կրնան ստեղծուիլ Սեպտեմբերին,