Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պատասխանատու աղբիւր մը սուրիական պետական «Սանա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիա կը ճանչնայ 4 Յունիս 1967-ի սահմաններով եւ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան պետութիւնը
՝ պահպանելու համար պաղեստինեան արդար իրաւունքները, իսկ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան Դամասկոսի գրասենեակը այս յայտարարութեան հրապարակումէն սկսեալ պիտի նկատէ դեսպանատուն:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ողջունեց Սուրիոյ կողմէ 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան պետութեան ճանաչումը՝ զայն նկատելով յառաջիկայ Սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի կողմէ ճանաչում ստանալու ուղղութեամբ մեծ քայլ մը: