Կիպրոսի եւ Յունաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը յայտարարութիւններով անդրադարձած է Կիպրոսի մէջ թրքական ներխուժման 37-ամեակին, շեշտելով գործնական եւ արդար լուծումի մը առաջնորդուելու կարեւորութիւնը,  նոյն պահուն խստօրէն դատապարտելով Թուրքիոյ կեցուածքը, որ կը շարունակէ պատասխանատու ըլլալ՝ խոչընդոտ հանդիսանալով հարցի լուծման:

Գրաւուած  Կիպրոսի  մէջ  ցոյցերով  «դիմաւորուեցաւ»  Էրտողանը

Բազմանդամ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ՝ գրաւուած Կիպրոս ժամանեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանը, ուր «դիմաւորուեցաւ» բողոքի ցոյց կատարող թուրք-կիպրացիներու կողմէ, որոնք հակառակութիւն կը յայտնէին Էրտողանի անցեալին կատարած յայտարարութիւններու կապակցութեամբ:
Էրտողանի պատուիրակութեան մաս կազմեցին արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի պատասխանատու Էկէմէն Պակըշ եւ երկու այլ նախարարներ, ինչպէս նաեւ ապահովական ուժերու 2.000 ոստիկաններ:
Ինչպէս կը յայտնեն յունական թերթերը, գրաւուած Կիպրոսի մէջ սարսափի եւ բռնութեան մթնոլորտ կը տիրէ, տրուած ըլլալով որ ապահովական ուժերը յատուկ արտօնագրերով օժտուած են, որ իրենց հնարաւորութիւն կուտան խուզարկումներ կատարելու եւ երիզագրիչ ու լուսանկարիչ սարքաւորումներ գրաւելու:
Ցուցարարներէն 12 հոգի վիրաւորուած են, երբ անոնք փորձած են պաստառ մը բարձրացնել, հակառակ ոստիկանութեան արգելքներուն: