ԵՐԵՒԱՆ, «Մետիամաքս».- Ֆրանսացի հայ դերասան եւ բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեան կը  կատարէ Սերգէյ Փարաջանովի դերը՝ համանուն շարժապատկերին մէջ:

Վրացական ուղղափառ եկեղեցւոյ Սինոտը փակ քննարկումէ մը ետք երկուշաբթի երեկոյեան որոշեց համաձայնութեան գալ երկրին իշխանութիւններուն հետ եւ զսպել ժողովուրդի յուզումներն ու  բողոքի գործողութիւնները:

Կիպրական եւ յունական թերթերը պաշտօնական փաստաթուղթ մը բացայայտեցին, Կիպրոսի Զիղիի նաւային խարիսխէն ներս Երկուշաբթի առաւօտուն տեղի ունեցած պայթումին կապակցութեամբ:

Սուրիա բուռն կերպով դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները՝ զանոնք համարելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն բացայայտ միջամտութեան յաւելեալ փաստ մը։ Քլինթըն ըսած էր, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ սպառած է իր օրինականութիւնը։ Այս մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ»ը։

ՊԷՅՐՈՒԹ
Երկրի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնած է, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը պիտի ըլլայ երկրին իշխանութիւններուն առաջնահերթութիւնը: