Հազարաւոր քաղաքացիներ ողողած են Կիպրոսի նախագահական պալատի շրջակայքի ճամբաները, 7րդ օրն ըլլալով հաւաքուելով եւ բողոքելով նաւային խարիսխին մէջ տեղի ունեցած պայթումին համար: Ցուցարարները մոմեր կը վարեն գիշերները, ողբերգական դէպքին ընթացքին զոհուածներու յիշատակը յարգելով:
Նիկոսիոյ մէջ նախագահական պալատի դռները շղթաներով փակուած են եւ ոստիկանական ուժեր ներկայ են: Ցուցարարները լոզունգներ կը բացագանչեն, նախագահ Խրիսթոֆիասը պատասխանատու համարելով արկածին համար եւ իր հրաժարումը պահանջելով:
Նշենք, որ ցուցարարները բուռն բողոք կը յայտնեն նաեւ գրաւուած Կիպրոսէն ստացուած ելեկտրական հոսանքին կապակցութեամբ:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊ
Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Մարքոս Քիփրիանու իր հրաժարականը ներկայացուցած է նախագահին, խնդրելով որ զինք ձերբազատէ իր պարտականութիւններէն: Հակազդեցութիւնները եղած են արագ, մինչ մամուլը խիստ ոճով կը քննադատէ ընդդիմութեան կեցուածքը, որ անորոշ եւ տկար եղած է: Մարիոս Կարոյեանի նախագահող ՏԻՔՕ կուսակցութեան մէջ եւս բողոքի ձայներ կը բարձրանան, քննարկելով համախոհական կառավարութենէն դուրս գալու պարագան: