Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ համոզում յայտնեց, թէ Եւրոպան զօրացած դուրս պիտի գայ Եւրոգօտիէն ներս դիմագրաւուող տնտեսական տագնապէն: «Համոզումս հաստատ է, որովհետեւ յայտնի է այլեւս թէ բոլորը՝ աջ եւ ձախ, համաձայն են թէ հիմնական փոփոխութիւններու պէտք է դիմենք, որպէսզի կարողանանք մրցունակ դառնալ» ըսած է Պարոզօ:
Շուկաները՝ մտահոգ
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի ծննդավայր նահանգէն ներս ծանր պարտութիւն կրած Քրիստոնեայ ժողովըրդավարներու իշխող կուսակցութեան ձախողութիւնը, խոր մտահոգութիւն պատճառած է շուկաներուն մօտ, որոնք Մերքելի տկարացում եւ իր վարած քաղաքականութեան դէմ որպէս հակադրութիւն ընկալած են այս պարտութիւնը:
Եւրոպական շուկաներու սակարաններէն ներս անկումը կը շարունակուի:
Յունաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը փութաց հանդարտեցնելու մըթնոլորտը, դիտել տալով թէ արժեթուղթերու օրէնքներու փոփոխութեան քայլի պիտի դիմէ, այսուհանդերձ մտահոգութիւնները կան, մանաւանդ դրամատնային ցուցանիշերու կապակցութեամբ:
Eurobank, Alpha Bank եւ Փիրէոս դրամատուները անկում արձանագրած են, մինչ սակարանային արժեթուղթերը կը շարունակեն արժեզրկուիլ: