Քիչեր կրնան յանդգնութիւնը ունենալ մահուան դէմ յանդիման կանգնելու, արհամարհելու զայն եւ ի գին նահատակութեան կառչելու իրենց գաղափարներուն, սկզբունքներուն, մտքին, հոգիին ու խղճին ձայնին: Այդ քիչերէն էր համայն հայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան հպարտութիւն ներշնչող եւ իր նահատակութեամբ պատգամ փոխանցող գաղափարապաշտ, տիպար դաշնակցական եւ նուիրեալ հայորդի Մհեր Ջուլհաճեան, որուն յիշատակին նուիրուած արժանավայել հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 1 Սեպտեմբերին, Պէյրութի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Շանթ Եագուպեան,
որ անդրադարձաւ պայքարի ուղին բռնած Մհերին,
անոր բնաւորութեան իւրայատկութիւններուն,
ինչպէս նաեւ իր նահատակութեամբ փոխանցած պատգամներուն
Հետաքրքրական նորութիւն էր այն, որ սրահի մուտքին զետեղուած էր պաստառ մը, որուն վրայ իրենց ստորագրութիւնը կամ անունը արձանագրեցին ձեռնարկին ներկայ գտնուողները:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սարհատ Արոյեան, որ անդրադարձաւ նահատակներուն մարմնաւորած արժէքին ու փոխանցած պատգամին՝ դիտել տալով, որ անոնք կը գօտեպնդեն իրերայաջորդ սերունդները, ուժ, կորով եւ հաւատք կը ներշնչեն անոնց, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել հայութեան սրբազան գոյերթը: Ապա ան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ Մհեր Ջուլհաճեանի ընտրած ուղին՝ յայտնելով, որ ան ջահակիրը եղաւ արդարութեան, խօսքը գործի վերածեց ու այսօր կը բոցավառէ բոլորին սրտերը:
Յայտագիրը վարեց Հրակ Աւետանեան:
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի ապրած կեանքն ու դէպի նահատակութիւն ընտրած ուղին՝ յանուն հայութեան եւ Արցախի:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Շանթ Եագուպեան, որ հաստատեց, թէ Մհեր գնաց իրեն նախորդող ազատամարտիկներու, ֆետայիներու եւ անձնազոհներու ուղիով՝ հաստատ գիտնալով, որ այս ուղիին վրայ կրնայ մահը գրկել: Բայց եւ այնպէս, նշեց բանախօսը, Մհերի նահատակութիւնը ակնկալուածէն կանուխ տեղի ունեցաւ, «ափսոսացինք Մհերի կորուստին համար, որովհետեւ Մհեր տակաւին շատ բան ունէր տալիք իր ազգին ու հայրենիքին, բայց չկրցաւ տալ, որովհետեւ մեր հերոսները չեն մեռնիր. անոնք կը նահատակուին, իրենց ոսկորները կ՛ապրին հողին տակ եւ հոգիները կը սաւառնին մեր հայրենիքի յաւերժութեան մէջ՝ Տարօն, Կարին, Մուշ ու Սասունէն մինչեւ Պիթլիս, Վան, Արտահան, Կարսէն մինչեւ Անի, Երեւան, Շուշի, Նախիջեւանէն մինչեւ Ախալքալաք, մինչեւ հինգհազարամեայ քաղաքներն ու գիւղերը հայոց աշխարհի»:
Բանախօսը դիտել տուաւ, որ հակառակ կարճ կեանքին, Մհեր ապրեցաւ հերոսական ու բովանդակալից կեանք մը: Ան կը պատկանէր Դաշնակցութեան 100-ամեակի սերունդին եւ իւրացուցած էր կուսակցութեան մաքրամաքուր արժանիքները, հայրենապաշտութեան զգացումներով տոգորուած էր, այդ պատճառով ալ գնաց Հայաստան՝ բնական եւ վերջնական հայրենիքը ամէն հայու: Ապա ան անդրադարձաւ Մհեր Ջուլհաճեանի նկարագրային ուրոյն գիծերուն՝ քաջ, կարգապահ, գաղտնապահ, բարոյականի տէր, հնարամիտ, նախաձեռնող, արագ կողմնորոշուող եւ ընկերասէր: Ան այն անձն էր, որ կը տագնապէր հայութեան վերաբերող հարցերով, Հայաստանի, սփիւռքի եւ Արցախի նոր սերունդը համակող յոռի երեւոյթներով:
Շանթ Եագուպեան շեշտեց, որ նահատակ Մհեր Ջուլհաճեան այսօր երեք պատգամ կը փոխանցէ մեզի. առաջին՝ համոզուիլ եւ համոզել Արցախի հայկականութեամբ‘ հիմնուած պատմական, մշակութային եւ իրաւական տուեալներու վրայ, երկրորդ՝ կերտել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան, իսկ երրորդ պատգամը ուղղուած է երիտասարդութեան՝ դիմագրաւելու ամէն տեսակի մարտահրաւէր, պայքարելու յանուն հայութեան եւ անոր դատին: Բանախօսը շեշտեց, որ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հզօրութիւնը կը կայանայ իր արեւելեան կողմը պաշտպանութեան ամրոց Արցախի գոյութեամբ: Երիտասարդութեան ուղղուած պատգամը մանրամասնելով՝ Շ. Եագուպեան դիտել տուաւ, որ հակառակ անկայուն վիճակին, դարուն բերած հսկայական մարտահրաւէրներուն, երիտասարդութիւնը պէտք է արդի արհեստագիտութեան միջոցներով պատրաստուի պայքարի՝ բոլոր ճակատներուն վրայ:
Գեղարուեստական բաժինով Խաժակ Խաչատուրեան ջութակի, իսկ Աբիկ Չոլաքեան դաշնակի վրայ ներկայացուցին «Կռունկ»ը, Մակի Մկրտիչեան-Տէր Խաչատուրեան ասմունքեց Դ. Վարուժանի «Հայր օրհնէ՛» բանաստեղծութիւնը: Ապա տուտուկի վրայ «Վարդանի մօր երգը» նուագեցին Յակոբ եւ Սերօ Քելուկեան:
Ապա կենդանի գծագրութեամբ Արա Ազատ ձեռնարկին սկիզբը սրահ մուտք գործողներու ստորագրութեամբ լեցուն պաստառին վրայ ուրուագծեց Եռագոյնը եւ անոր ընդմէջէն Մհեր Ջուլհաճեանը, որ ապրեցաւ Եռագոյնով, հետեւեցաւ անոր եւ նահատակուեցաւ անոր համար, ինչպէս նաեւ այդ Եռագոյնն է, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի՝ իրեն հետ տանելով պատգամը Մհեր Ջուլհաճեաններու:
Ձեռնարկին մասնակից լիբանանահայութեան ստորագրութիւնները կրող պաստառին վրայ համալրուեցաւ լիբանանահայութեան հարազատ զաւակ Մհեր Ջուլհաճեանի ընտրած ուղիին ու փոխանցած պատգամին ուրուագիծը‘ ծառայել, հաւատարիմ մնալ Եռագոյնին եւ զոհուիլ անոր անսասանութեան ի խնդիր:
Աւարտին Գառնիկ Սարգիսեան երգեց «Մհերի յիշատակին» եւ «Զոհուածներին» երգերը, որմէ ետք հնչեց «Մշակ բանուոր»ը, որ եզրափակիչ բաժինը եղաւ ձեռնարկին: