ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Լիբանանի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը՝ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ, Հոկտեմբեր 3ին այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը:

«Ծանր  պատասխանատուութիւն կը  կրէ  նախագահ Խրիսթոֆիաս»

Երէկ կէսօրին իր աւարտին հասաւ Կիպրոսի մէջ յատկապէս կազմուած՝ «Մարի» զինուորական կայանի արկածի քննչական խումբի աշխատանքը:

Սեպտ. 30-ին Նոր Ջուղայի հայոց ազգային կրթահամալիրի ամփիթատրոնին մէջ  տեղի ունեցաւ աշխարհի մէջ  առաջին կին դեսպան Տիանա Աղաբէկ Աբգարի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած գրքի շնորհանդէսը:

Երեւան եւ Նիս զուգորդ քաղաքներ դարձած են 2007ին: Այդ հանգամանքով ծնունդ առած գործակցութեան ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախութեան 20ամեակին առթիւ, Նիսի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ Սեպտեմբեր 23ին Հայաստանի զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուբէն Սեւակի յուշաքարի բացումը, ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհերուն:

Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան տուեալներուն համաձայն՝ անցեալ շաբթու ընթացքին նախատեսուած Օսմանեան զինուորական նուագախումբի քայլարշաւի օրինակով ցուցադրական արարքը անակնկալօրէն ջնջուեցաւ, երբ զայն կազմակերպող թուրք-ամերիկեան «Փասիֆիքա» հիմնարկը որոշեց վերադարձնել քայլարշաւին համար իր ստացած արտօնագիրը: