«Հնարաւորութիւններ եւ մարտահրաւէրներ Հայաստան-Ուրուկուայ երկկողմ յարաբերութիւններու» խորագրով սեմինար մը կը կազմակերպուի Սեպտեմբեր 9ին, Ուրուկուայի Օրէնսդիր Պալատի նախասրահին մէջ, նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 20-րդ տարեդարձին եւ Ուրուկուայի ազատագրութեան գործընթացի երկուհարիւրամեակին:
Ձեռնարկը կը կազմակերպեն Ուրուկուայ-Հայաստան բարեկամութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբը միասնաբար Ուրուկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ, հովանաւորութեամբ ՀՀ դեսպանութեան, Երեսփոխանական Պալատի - Միջազգային Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի եւ Ծերակոյտի - Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողովի:
Բացման խօսքը կը կատարէ
- Ազգային Ժողովի նախագահ հաշուապահ պր. Տանիլօ Ասթօրի
- Ներկայացուցչական պալատի նախագահ տոքթ. Լուիս Լագալլէ Փօ
- արտ. գործ. նախարար տոքդ. Լուիս Ալմակրօ
- Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչը
- Ուրուկուայ- Հայաստան Միջխորհըրդարանական Բարեկամութեան Յանձխումբի ներկացացուցիչը
Տարբեր բաժիններ ներառնուած են սեմինարի ընթացքին:
Առաջին բաժինով նախատեսուած է «Ներածութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական իրողութեան Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական համատեքստի մէջ» նիւթը, բանախօսութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանի:
Երկրորդ բաժնով նախատեսուած է «Գիտութիւնը եւ տեխնոլոխիան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ» վերլուծութիւնը եւ երկկողմ համագործակցութեան հնարաւորութիւններու ակադեմական եւ գիտութեան նիւթերու շուրջ քննարկում տոքթ. Արա Աւետիսեանի կողմէ (փոխ տնօրէն Երեւանի համալսարանի ճարտարագիտական ֆակուլտետի):
Այլ բաժնով նախատեսուած է «Հայ Գաղութը եւ անոր կապը Ուրուկուայի հետ» նիւթով բանախօսութիւն, ՀՀ Ազգային Ժողովի անդամ եւ Եւրոնեսթի փոխ նախագահ Վահան Յովհաննիսեանի կողմէ:
Ձեռնարկին ներկայ պիտի գտնուին խորհրդարանական շրջանակները: