Զուիցերիա արժեզրկեց ֆրանքը
Դրական եղաւ օտար դրամանիշի եւրոպական շուկաներու արձագանգը, Զուիցերիոյ Կեդրոնական Դրամատան երէկուան յայտարարութեան կապակցութեամբ, որ եւրօի համարժէք նկատեց զուիցերիական ֆրանքը:
Զուիցերիացիները յայտարարեցին, թէ պիտի չհանդուրժեն եւրօի գինի արժեզրկումը՝ 1.20է նուազ: Անոնք անմիջապէս յայտնեցին իրենց մտադրութիւնը օտար դրամանիշի մեծ քանակութիւն գնելու մասին:
Զուիցերիոյ առած քայլերը անմիջական իրենց արձագանգը ունեցան եւրօի ուժեղացման պայքարին մէջ: