Գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան կը պատրաստուի պաստառի վրայ ներկայացնել Վէսթ Մէմֆիսի եռեակի պատմութիւնը: Եռեակի այս գործը, որ տակաւին իր տրամաբանական աւարտին չէ հասած, վաւերագրական ժապաւէններու շարքով նկարահանուած է «Կորուսեալ դրախտ» անունով:
Իրական պատմութիւնը այսպիսին է. 1993-ին Ամերիկայի Արքանզաս նահանգի Վէսթ Մէմֆիս քաղաքի մէջ ութամեայ երեք տղաներ սպաննուեցան եւ տարի մը վերջ 20-ամեայ երեք երիտասարդներ բանտարկուեցան՝ այդ սպանութեանց մեղադրանքով: Անոնցմէ մէկը մահապատիժի դատապարտուեցաւ, իսկ միւս երկուքը՝ դատապարտուեցան ցմահ բանտարկութեան: Սկզբնական դատավարութեան ընթացքին մեղադրող կողմի պնդումները ընդունուած էին դատարանի կողմէ եւ վճիռ արձակուած էր այն մասին թէ եռեակը սպանութիւնը կատարած էր որպէս սատանայական ծէս:
Հասարակութեան մէկ մասը, շոու պիզնըսի բազմաթիւ աստղեր, երաժիշտներ, վաւերագրողներ բողոքի ձայն բարձրացուցին, կասկածներ յայտնելով նախաքննութեան ու դատավարութեան արդարացիութեան հանդէպ: Պնդուեցաւ որ եռեակը անմեղ է: Ծինաբանական փորձա-քննութիւններն ալ (DNA) ցոյց տուին որ դատապարտեալներու DNA-ի առկայութիւն բացարձակապէս չկայ սպանութեան վայրին մէջ առգը-րաւուած նմոյշներու վրայ: Ատոր փոխարէն ըս-պանութեան վայրին մէջ գտնուեցան սպանեալներէն մէկուն խորթ հօր եւ անոր ընկերոջ DNA նմոյշները:
19 Օգոստոս 2011-ին, 18 տարի բանտի մէջ անցընելէ ետք եռեակը ազատ արձակուեցաւ՝ 10 տարուայ պայմանական ազատազրկումով եւ այժմ անոնք կը պատրաստուին դատ բանալ՝ իրենց անմեղութիւնը ապացուցանելու համար:
Ինչպէս «Կորուսեալ դրախտ» վաւերագրական ժապաւէնի հեղինակները, Ատոմ Էկոյեանն ալ համոզուած է որ եռեակի հանդէպ սխալ արդարադատութիւն իրականացած է: Էկոյեանի այս նոր ժապաւէնի սէնարիոն կը գրէ լրագրող Մարա Լիվիրիթ: Ըստ բեմադրիչին, ժապաւէնը պիտի բացայայտէ դատավճիռներու վարագոյրի ետին առկայ մարդկային ճակատագրերն ու ողբերգութիւնը: