Մօտաւորապէս տարիէի մը ի վեր համացանցի վրայ կը գտնուի Վահան Նահապետեանի եւ Մանան Մկրտչեանի նախաձեռնութեամբ ձայնադարան մը
www.audiodaran.com հասցէով:
Հայերէն կարդալ չգիտցող եւ տեսողութեան հարցեր ունեցողներու համար պատրաստուած այս կայքէջը ունի աւելի քան 400 ձայնագրուած տարբեր սեռերու գիրքեր, որոնց ընթերցանութիւնը կը կատարուի հայ հանրածանօթ դերասաններու, խօսակներու կողմէն, կան նաեւ հեղինակներու ձայնով ձայնագրուած գիրքեր, ինչպէս՝ Աւ. Իսահակեանի եւ Պ. Սեւակի ձայնով:
«Կայքէջին նպատակն է նաեւ համահայկական ըլլալ, որպէսզի բոլոր հայերը մէկ ձեւով մտածեն: Ինչպէս հայկական երաժշտութեան շուրջ կը համախմբուին հայերը, միասին կը պարեն, այդպէս ալ կ՛ուզեմ, որ տարբերութիւն չդնեն եւ իմանան, որ մէկ լեզուով կը մտածենք ու կը խօսենք: Կ՛ուզեմ, որ ձայնադարանը միաւորէ աշխարհի հայերը», ըսած է Մանան Մկրտչեան իր հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին:
Կայքէջէն օգտուելու համար պէտք է բաժանորդագրուիլ: Բաժանորդագրութեան հասոյթէն մաս մը կ՛օգտագործուի շարունակելու ծրագիրը, իսկ միւս մասը կը տրուի ծրագիրին հովանաւոր «Փիփլ ֆոր փիփլ» կազմակերպութեան:
Ըստ տուեալներուն, կայքէջէն ամէնէն շատ կ՛օգտուին հայաստանցիները, ապա՝ Լոս Անճելըսի եւ Պոսթընի հայերը: Բաժանորդներ կան նաեւ Մոսկուայէն եւ եւրոպական երկիրներէն:
Ծրագիրը արձագանգ գտած է նաեւ դպրոցներու մէջ, իսկ Լոս Անճելըսի հայկական դպրոցները առաջարկած են ձայնադարանը ներառել իրենց ուսումնական ծրագիրին մէջ: Կարգ մը դպրոցներ առաջարկած են հայերէնի դասագիրքերը ձայնագրել: Մկրտչեան պիտի այցելէ նաեւ Լիբանան, Թեհրան, Հալէպ՝ խօսելու համար տեղի հայկական վարժարաններու հետ: