ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Լիբանանի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը՝ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ, Հոկտեմբեր 3ին այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը:
Լիբանանի պատուիրակութեան կ՛ուղեկցէր Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան: Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը ծաղկեպսակ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին առջեւ ու յարգեց անոնց յիշատակը անմար կրակին մօտ:
Ն. Պըրրի այցելեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, ուր ծանօթացաւ ցուցադրուող նիւթերուն, ապա արձանագրութիւն կատարեց պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ, ուր մասնաւորապէս նշեց. «Ցաւ կ՛ապրիմ հայ ժողովուրդի ողբերգութեան համար: Այս զոհերը իրենց հասակով արմատ նետած են հայոց հողին մէջ: Եւ այդ արմատներուն վրայ ալ դեռ կանգուն է Հայաստանը»:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ ասիկա առաջին անգամը չէ որ Հայաստան կու գայ, բայց ամէն անգամ նոյն ցաւը կ՛ապրի՝ գտնուելով Ծիծեռնակաբերդի մէջ:
Ն. Պըրրի եղեւնի տնկեց Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող «Յուշերու պուրակ»ին մէջ: