Սեպտ. 30-ին Նոր Ջուղայի հայոց ազգային կրթահամալիրի ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի մէջ առաջին կին դեսպան Տիանա Աղաբէկ Աբգարի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած գրքի շնորհանդէսը:
2010ին հայ կնոջ տարուայ առիթով Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Բաբգէն եպս. Չարեանի հրամանով, թեմի Կրօնական խորհուրդը նախաձեռնեց հրատարակել 1919-1920 թթ. Ճափոնի մօտ ՀՀ դեսպան Տիանա Աբգարի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած գիրք մը: Նշուած գիրքը արդիւնքն է մասնագէտ անձերու համատեղ աշխատանքի, որոնց շարքին կարելի է յիշատակել պատմաբան Արծուի Բախչինեանը, ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ» պարբերականի խմբագիր տոքթ. Կարէն Խանլարեանը, բանասէր-հրապարակախօս Էդիկ Անդրէասեանը: Սոյն գրքին մէջ տեղ գտած են Տիանա Աբգարի մտորումները, կենսագրու-թենէն դրուագներ եւ շարք մը վկայութիւններ՝ յիշեալի գործունէութեան ու հայրենասիրութեան մասին: Գրքին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Տիանա Աբգարի յղած նամակներուն, հեղինակած գրքերուն, աշխատանքներուն ու յօդուածներուն, որոնց ընդմէջէն ընթերցողը առաւել կը ծանօթանայ մեծ հայուհիի նկարագրին, մտածելակերպին եւ աշխատաոճին: Գիրքը տպագրուած է դասական ու նոր ուղղագրութիւններով եւ գիրքի հրատարակութեան ծախսերուն իր մասնակցութիւնը բերած է Նոր Ջուղայի Հայ կանանց գթութեան (Կարմիր Խաչ) միութիւնը:
Տեղի ունեցաւ գրքի գինեձօնի արարողութիւն: