Բեմադրիչ Գոռ Կիրակոսեանի «Կորսուած եւ գտնուած Հայաստանի մէջ» նոր ժապաւէնը զաւեշտախառն սիրային պատմութիւն մըն է, որ ծիծաղի ժամեր կը խոստանայ հանդիսատեսներուն:
Ժապաւէնի ծանուցողական «թրէյլըր» երիզը փոքրիկ համ մը կուտայ ժապաւէնի մասին: Ամերիկացի զբօսաշրջիկ մը Թուրքիա կը գտնուի արձակուրդի օրերը անցնելու համար: Օր մը, հակառակ իր փափաքին եւ ընկերներու ճնշումին տակ, կÿորոշէ անկարգել (փարաշիւթ) օգտագործել: Անկարգելի պարանները սակայն կը կտրին եւ հովը զինք կը տանի մինչեւ Հայաստան: Ամերիկացի զբօսաշրջիկը հայկական գիւղ մը կը հասնի այս ձեւով եւ անկէ ետք կը սկսին իր արկածախնդրութիւնները:
Կեդրոնական դերերը ստանձնած են Ճէյմի Քենէտի եւ շնորհագեղ Անճելա Սարաֆեան: Ժապաւէնը պատրաստուած է ամբողջովին հայկական ֆինանսաւորումով:
Ժապաւէնի «թրէյլըր»ը կարելի է դիտել «Ազատ Օր»ի Facebook-ի միջոցաւ: