- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի նամակ մը յղած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին, ուր կ՛ըսուի.
«Պարոն նախագահ,
Կը փափաքիմ ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզի, այն բացառիկ ընդունելութեան համար, զոր ցուցաբերեցիք ինծի Հայաստան պետական այցի ընթացքին, զոր կատարելու պատիւն ու հաճոյքը ունեցայ Հոկտեմբեր 6-7ին:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
1915-1923 թուականներու ընթացքին հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդներու ցեղասպանութեան պատմական փաստին անդրադարձաւ Աւստրալիոյ Սենատէն ներս իր ելոյթի ժամանակ աւստրալիացի սենաթոր Նիք Քսենոֆոնը՝ պնդելով, որ երկրի խորհրդարանի Վերին Պալատը պէտք է ճանչնայ մարդկութեան դէմ կատարուած այս յանցագործութիւնը որպէս ցեղասպանութիւն:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Ռուսաստանի Կրասնոյարսկի մէջ գաղթականներու նկատմամբ վերաբերմունքը երկու տարբեր տեսակներով կ'արտայայտուի։ Մէկ կողմէ անոնց աշխատանքը անհրաժեշտ է տարածաշրջանէն ներս զարգացող կարեւոր բնագաւառներու մէջ, յատկապէս՝ շինարարութեան եւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառները, միւս կողմէ սակայն տեղւոյն բնակիչները վախի զգացումներով կ'ընկալեն օտարներու ներկայութիւնը:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Իբրեւ «Տոքթոր մահ» ծանօթ դար-ձած ամերիկահայ բժիշկ Ճէք Գէորգեանի հեղինակած կտաւները, ձեռագիր գրութիւնները եւ անձնական իրերը Հոկտեմբերի վերջաւորութեան աճուրդի պիտի հանուին Նիւ Եորքի մէջ:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին ընդառաջ, «Արթ իզ ֆոր փիս» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, հայ եւ օտար յայտնի երգիչները հանդէս կու գան «Այլեւս երբեք» խորագիրը կրող համերգաշրջանով: