ՔՈՒՓԵՐԹԻՆՕ, Քալիֆորնիա.- Ամերիկեան «Էյ.Փի.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Mac» համակարգիչներու եւ «iPod»ի ու «iPhone»ի նման արդիական կազմածներու «Էփըլ» ընկերութեան հիմնադիր եւ նախկին ղեկավար Սթիւ Ճոպզ, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5ին մահացած է։ 56ամեայ Ճոպզ մահացած է ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղէն։

Եւրոպայի խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համարպըրկ Սթրազպուրկի մէջ խօսած է լրագրողներու դէմ իրականացուող բռնութիւններու մասին:

Մինչեւ Հոկտեմբերի աւարտը պիտի տեւէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառի հովուապետական այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ, որ սկիզբ առաւ երէկ, Լոս Անճելըսի մէջ:

Պոլսոյ յունական համայնքէն ներս, այս տարի դպրոցական տարեշրջանը նուազած համրանքով սկսաւ: «Էլէֆթէրոթիփիա» թերթի հաղորդումին համաձայն, երկու նախակրթարաններ՝ Ֆանարի Մարասլիոն եւ Խալքիտոնայի դպրոցները պիտի չբանան իրենց դռները:

Հակառակ  հայկական պատուիրակութեան բազմաթիւ ե՛ւ բանաւոր, ե՛ւ գրաւոր հիմնաւորումներուն, թէ ինչու դէմ ենք ԵԽԽՎ-ի հրամանի տակ նման յանձնաժողովի գոյութեան, ԵԽԽՎի մէջ 20 վայրկեան տեւած նիստի մը ընթացքին՝ նշանակուեցաւ ԼՂՀ հարցով ենթայանձնաժողովը: