Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան տուեալներուն համաձայն՝ անցեալ շաբթու ընթացքին նախատեսուած Օսմանեան զինուորական նուագախումբի քայլարշաւի օրինակով ցուցադրական արարքը անակնկալօրէն ջնջուեցաւ, երբ զայն կազմակերպող թուրք-ամերիկեան «Փասիֆիքա» հիմնարկը որոշեց վերադարձնել քայլարշաւին համար իր ստացած արտօնագիրը:

Վերոյիշեալ հիմնարկը կը գործէ թրքական «Կիւլեն» շարժումի հովանիին տակ ու կազմակերպիչն է նաեւ «Անատոլիական փառատօնին», որ Հոկտեմբեր 8-9 շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Ըրվայնի մէջ: Յիշեցնենք նաեւ, թէ «Կիւլեն» շարժումը «Էֆ.Պի.Այ.»ի կողմէ կը հետապնդուի իր դպրոցներու ցանցին համար ստացած պետական գումարները շահագործելու ամբաստանութեամբ:
Այս քայլարշաւին դէմ մէկ սկիզբէն բողոքի ցոյց մը նախատեսած էր Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ն, դիտել տալով թէ այսպիսի ցուցադրութեան մը նպատակն էր փառաբանել Օսմանեան կայսրութիւնը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւս խստօրէն դատապարտած էր «իրենք զիրենք ոճրագործ ջոկատներու ժառանգորդները նկատող խմբակին նման քայլարշաւ մը կատարելու արտօնութիւնը տալու Լոս Անճելըս քաղաքին որոշումը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդները նման տգեղ  կացութեան մը առջեւ դնող քայլը «ամբողջութեամբ անընդունելի» որակելով:
Ուրբաթ օրուան իր թիւով՝ «Լոս Անճելըս Թայմզ» անդրադարձած է թրքական քայլարշաւի ջնջումին, «Բողոքները Վերջ Կու Տան Հոլիվուտի Քայլարշաւի Ծրագիրին» խորագիրով լուրի մը մէջ: