ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԵՆՔ
Կեանքի արագընթաց պայմաններուն մէջ սփիւռքի հայ համայնքներուն կազմակերպուածութիւնը անհրաժեշտ հրամայական է։
Կազմակերպուածութիւն՝ որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողութեամբ դիմագրաւել հետզհետէ դժուարացող հայապահպանումի մարտահրաւէրը եւ միեւնոյն ատեն հայութեան համաշխարհային կարողականութիւնը ի սպաս դնելու Հայաստանի Հանրապետութեան, որուն 20-ամեակի շքեղ հանդիսութիւններուն ականատես եղանք վերջին օրերուն։
Սփիւռքի համայնքներու հասարակական կեանքին մէջ անուրանալի դերակատարութիւն ունին կուսակցութիւնները իրենց միաւորներով, որոնք նուիրումով կաշխատին իրականացնել իրենց նպատակները՝ ծառայելու մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին։
Կիպրոսի մէջ 1890-ական թուականներէն գոյութիւն ունի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միաւոր, որ վերջին տասնամեակներուն աշխոյժ գործունէութիւն ցուցաբերած է։ Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու պիտի նշենք միայն, թէ երիտասարդական, մարզական, մշակութային, բարեսիրական, մամուլի եւ Հայ Դատի ոլորտներէն ներս շօշափելի ներդրում ունենալով, ան կրցած է իրերայաջորդ սերունդներ մեծ մասամբ կապուած պահել մեր հանրային կեանքին ու հայութեան։
Սակայն, ինչպէս վերը ընդգծեցինք, մեր երիտասարդութեան հայկական նկարագրի պահպանումը հետզհետէ աւելի դժուար ու տագնապալի կը դառնայ։ Արդի ապրելակերպը համակարգիչի ու զանգուածային հաղորդակցութեան միջոցներով խուժած է մեր տուներէն ներս ու մեր նոր սերունդները կը տանի իր ճամբով, որ շատ հեռու է հայութիւն պահպանելու անհրաժեշտ միջավայրէն ու մթնոլորտէն։ Միեւնոյն ատեն մեր երիտասարդութիւնը կը գտնուի նաեւ տեղական կամ օտար կազմակերպութիւններու ազդեցութեան տակ, որոնք նիւթական անսպառ հնարաւորութիւններով շատ աւելի հրապուրիչ կը թուին քան մեր կառոյցները։
Այս մարտահրաւէրին դէմ, Կիպրոսի դաշնակցական միաւորը որոշեց այս եւ յաջորդ մի քանի տարիներուն ամբողջութեամբ նուիրուիլ մեր երիտասարդութեան վերաբերող գործունէութեամբ, կազմելով հետեւեալ ծրագիրը.
ա) Ընդլայնել մարզական գործունէութիւնը եւ երիտասարդութեան համար աւելի ընկալելի մթնոլորտ ստեղծել ակումբէն ներս.
բ) Աւելի մեծ թափով շարունակել բանակումները, կազմակերպելով նաեւ շրջանային բանակումներ, հրաւիրելով շրջակայ երկիրներու երիտասարդական միաւորները։
գ) Մեր պատանիներն ու երիտասարդները գործուղել Հայաստան եւ Արցախ մասնակցելու հոն տեղի ունեցող ճամբարներու, սեմինարներու, ժողովներու եւ շրջապտոյտներու։
դ) Երիտասարդներ գործուղել Պրիւքսել եւ եւրոպական այլ կեդրոններ, մօտէն ծանօթանալու եւրոպայի երիտասարդական քաղաքական շարժումներուն հետ։
ե) Քաջալերել մեր երիտասարդները մասնակցելու տեղական սեմինարներու, զրոյցներու, դասախօսութիւններու, ներկայանալով եւ խօսք առնելով որպէս հայ երիտասարդութեան ներկայացուցիչներ։
զ) Քաջալերել հայերէնի գործածութիւնը՝ իրար հետ առօրեայ խօսակցութեան եւ ե-նամակագրութեան մէջ եւ խրախուսել հայերէն ընթերցանութիւնը։
է) Երիտասարդացնել մեր կառոյցներու ղեկավար մարմինները եւ քաջալերել երիտասարդութեան մուտքը կիպրահայ համայնքի կառոյցներէն ներս։
Ահաւասիկ այս ծրագրին պիտի հետեւինք եւ ջանանք իրագործել որպէս առաջնահերթ նպատակ, յուսալով որ որոշ չափով կը փրկենք մեր երիտասարդութիւնը օտարացման վտանգէն։
Կիպրոսի ՀՅԴ-ի ընկերները վստահ են, որ այս աշխատանքին մէջ անոնք պիտի վայելեն ամբողջ կիպրահայ համայնքին զօրակցութիւնը, օժանդակութիւնը եւ մասնակցութիւնը:
Խմբագրական «Արձագանգ»ի
- - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - -
ՀՅԴ Կիպրոսի Երիտասարդական Միութեան բանակում
ՀՅԴ Կիպրոսի Երիտասարդական Միութեան 23-րդ «Սողոմոն Թեհլիրեան» բանակումը տեղի ունեցաւ 10-17 Օգոստոսին, Թրոտոսի արենոյշներու բանակավայրին մէջ:
Շնորհիւ միութեան Վարիչ մարմնի տքնաջան աշխատանքին, այս տարի մասնակցողներու թիւը յաւելում արձանագրեց ու հասաւ 40-ի: Սողոմոն Թեհլիրեանի յիշատակին նուիրուած այս բանակումը կը կրէր «Արդարութիւն եւ «Պահանջատիրութիւն» կարգախօսը:
Օգոստոս 10-ի առաւօտեան բանակողները ժամանեցին բանակավայր, ուր պաշտօնական բացումէն անմիջապէս ետք բանակողներուն փոխանցուեցան բանակումի ներքին կանոնները, անոնց պարտականութիւնները եւ բամակումի նպատակները։ Բացատրուեցան մարզանքի ու խմբային աշխատանքի կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ յաջող բանակում մը ապահովելու համար կարգապահութան նշանակութիւնը եւ դաստիարակչականի անհրաժեշտութիւնը կազմակերպական կեանքի մշակման համար:
Որպէս գլխաւոր դասախօսական նշանաբան ունենալով «Իրաւունքը ուժն է միայն»՝ փոխանցուեցան նաեւ «ՀՅԴ ծնունդը», «Յեղափոխական շարժումը», «ֆետայական կեանքը» իրենց հոգեկան, ֆիզիքական եւ կազմակերպական տուեալներով: Այլ դասախօսութիւններ հանդիսացան «Սողոմոն Թեհլիրեան» եւ մեր ֆետայական կեանքի հերոսական դրուագները:
Բանակողներուն համար եզակի առիթ մըն էր ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ.Դաւիթ Իշխանեանի այցելութիւնը բանակավայր: Բանակողները առիթը ունեցան զինք ունկնդրելու եւ տեղեկութիւններ ստանալու Արցախի ներկայ իրավիճակին եւ ապագայ հեռանկարներուն մասին:
Այցելութիւն մը տուաւ նաեւ տոքթ. Վահագն Գազանճեան, որ իր մասնագիտութեան վերաբերեալ First aid-ի դաս-տիարակչական մը փոխանցեց պատանիներուն:
Այս տարի բանակումը իր վարիչներու իսկ որոշումով շեղեցաւ իր սովորական յայտագրէն: Օգոստոս 11-ին «Արմենիա» առագաստանաւի շրջապտոյտի վերջին կայքը Լիմասոլի նաւահանգիստը ըլլալով եւ նկատի ունենալով այս նախաձեռնութեան քարոզչական կարեւոր իմաստը, բանակողները իրենց վարիչներուն առաջնորդութեամբ ներկայ գտնուեցան Լիմասոլի նաւահանգիստը իրենց տարազներով ու դրօշակներով, առաւել փայլ մը տալով պաշտօնական հանդիսութեան:
Բանակումի վերջին օրը, Օգոստոս 17-ին, ծնողները այցելեցին բանակավայր։ Ծնողներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն։ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի անունով ընկ. Սեւակ Կիւրիւնլեան կազմին տպաւորութիւնները փոխանցեց բանակումի կապակցութեամբ:
- - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - -
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԶԵԿՈՒՑԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍԻՆ
Օգոստոս 24ի երեկոյեան, ՀՄԸՄ-Հայ Երիտասարդաց Միութեան ակումբի սրահին մէջ, Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը կազմակերպեց զեկուցական երեկոյ։
Զեկուցաբերն էր, այդ օրերուն Կիպրոս գտնուող, Արցախի ազգային ազատագրական պայքարի ազատամարտիկ եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան։
Հակառակ Օգոստոսի կիզիչ տաքին եւ խոնաւ կլիմային, եւ երկրէն բազմաթիւ անդամներու եւ համակիրներու բացակայութեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի ժրաջան երիտասարդները կարողացած էին լեցուն սրահ մը ունենալ։
Ներկայ էին Կիպրահայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Վարուժան արքեպիսկոպոս Հերկելեան, Ազգային Իշխանութեան Թեմական Ժողովի ատենապետ Սեպուհ Դաւիթեան եւ այլ՝ գաղութային կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։
Օրուայ զեկուցաբերին պաշտօնապէս ներկայացուց Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Սիմոն Այնէճեան, նշելով թէ այս, հազւագիւտ առիթ մըն է կիպ-րահայ համայնքին համար, իր մէջ ունենալու Արցախի ազատամարտիկ մը, որ միեւնոյն ժամանակ կը զբաղեցնէ այնչափ կարեւոր պաշտօն մը, ինչպիսին է ՀՅԴ Արցախի Կ.Կ.-ի ղեկավարի պաշտօնը։
Դաւիթ Իշխանեան, իր շուրջ 45 վայրկեան տեւող ելոյթին մէջ, անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայ իրավիճակին, կեդրոնանալով պետական, քաղաքական, զինուորական, գործարարական եւ վերաբնակեցման ոլորտներուն։
Ան մատնանշեց թէ վերջին տարիներուն, Արցախի բնակչութիւնը աճ արձանագրած է։ Նկատուած է նաեւ զբօսաշրջութեան զարգացում, որ հետեւանք է պետութեան կողմէ ձեռնարկուած ջանքերուն։
Ան սպառիչ կերպով բացատրեց Արցախի հիմնահարցի կարեւոր առանձքները եւ նշեց թէ դժուար է սփիւռքահայի մը համար ընբռնել այն զգացումը որ Արցախցին կը զգայ, երբ ան կը կոխէ հայրենի հողին վրայ։ Իշխանեան կոչ ուղղեց ներկաներուն որ անպայման այցելեն Արցախ, մօտէն ճանչնալու զայն։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Ստեփանակերտի օդակայանին, որու բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ մօտիկ ապագային եւ հրաւիրեց ներկաներուն, որ օգտագործեն զայն առաջին առիթով։
Ապա, ներկաներուն առիթը տրուեցաւ, որ իրենց հարցումները ուղղեն զեկուցաբերին։ Իշխանեան, հարցումներու միջոցաւ կարողացաւ աւելի մանրամասն եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցել Արցախի առօրեային մասին։
Երեկոյի պաշտօնական բաժնի աւարտին, Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներն ու համակիրները ընթրեցին Դաւիթ Իշխանեանին եւ իր ազնիւ տիկնոջ հետ։ Ճաշկերոյթի ընթացքին, ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Գազանճեան, ողջունելէ ետք Իշխանեանի ներկայութիւնը Կիպրոսի մէջ, ՀՅԴ 120-ամեակի առիթով՝ Կիպրոսի Կոմիտէի հրապարակ հանած արծաթեայ յուշամետալներէն մէկը նուիրեց ընկեր Իշխանեանին։
Իշխանեան նշեց թէ մեծապէս պատուուած կը զգայ եւ կը գնահատէ այս ժեստը։ Ան աւելցուց թէ Արցախի ազատամարտիկի մը համար, իր կատարածը նուազագոյնն էր, եւ այդ մէկը կատարուեցաւ, առանց որեւէ յարգանքի եւ պատիւներու ակնկալութեան։ Ան նշեց նաեւ, թէ ինք բախտաւոր կը զգայ որ ողջ է, որովհետեւ իր ընկերներէն շատեր, զոհուեցան 1988-էն 1994 երկարող Արցախեան պահանջատիրական պայքարի ընթացքին։
Վահան Այնէճեան