Երեւան եւ Նիս զուգորդ քաղաքներ դարձած են 2007ին: Այդ հանգամանքով ծնունդ առած գործակցութեան ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախութեան 20ամեակին առթիւ, Նիսի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ Սեպտեմբեր 23ին Հայաստանի զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուբէն Սեւակի յուշաքարի բացումը, ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհերուն:


Արարողութիւնը կը գլխաւորէին Երեւանի եւ Նիսի քաղաքապետները՝ Կարէն Կարապետեան եւ Քրիսթիան Էսթրոզի: Ներկայ էին նաեւ Նիսի քաղաքային բազմաթիւ խորհրդականներ եւ դեսպան Վիգէն Չիթէճեան, բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններ: Քաղաքապետները իրենց ողջոյնի խօսքին մէջ նշեցին, որ այս ձեւով անգամ մը եւս կ'ամրապնդուի եղբայրացած քաղաքներու բարեկամութիւնը եւ հետագայ գործակցութիւնը՝ առաջնակարգ դասելով ժողովրդավարական, մարդասիրական արժէքները:
Արարողութեան ներկայ էր եւ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ռուբէն Սեւակի դուստրը՝ 97ամեայ Շամիրամ Սեւակ: