Անթիւ մրցանակներու  արժանացած եւ իր տաղանդին ու արուեստին համար մեծապէս գնահատուած աւստրալիահայ ծանօթ լուսանկարիչ Երուանդ Զանազանեան, Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ երկօրեայ սեմինարներ իրականացուց, խօսելով ամուսնութեան լուսանկարներու արուեստի մասին:

Երուանդ Զանազանեան Wedding Stories խորագիրը կրող այս սեմինարային շարքին համար համագործակցեցաւ Պամպի Քանթրէլի հետ:
Լուսանկարչութեան արուեստին նուիրուած յատուկ այս դասընթացքներուն ընթացքին, մաս մըն ալ նուիրուած էր համակարգչային փրոկրամներու օգտագործման, որոնց միջոցաւ կարելի է կատարելագործել կամ փոփոխութեան ենթարկել լուսանկարը:
Հայ լուսանկարիչը աշխարհի լաւագոյն հարսանեկան լուսանկարիչներու հնգեակին մէջ ներառնուած է: Ան ծնած է Եթովպիա.  կապրի եւ կաշխատի Աւստրալիոյ մէջ. աշխարհի ամենալաւ վարձատրուող լուսանկարիչներէն մէկն է. ունի իր աշխարհահռչակ մակնիշը՝ «Yervant»: Կինը եւ զաւակները նոյնպէս ներգրաւած են  այս ասպարէզէն ներս:
Եթովպիոյ մէջ Երուանդ Զանազանեանի հայրը եղած է արքունական ոսկերիչ: Եթովպահայ համայնքի մասին պատմելու ընթացքին Զանազանեան կըսէ, որ հայերը եթովպացիներու կողմէ թէ՛ սիրուած եւ թէ՛ յարգուած էին, ընկերական-բարեկամանական կապեր ունէին հեղինակաւոր ընտանիքներու հետ:
Հարսանեկան լուսանկարչութիւնը միշտ հաճելի թուած է Երուանդ, իւրաքանչիւրի պահը  որսալու կարեւորութեամբ. «Չես կրնար կրկնել, պիտի ամէն բան կատարեալ նկարես ճշգրիտ վայրկեանին»,- կըսէ ան: Իր հայեացքի տակ ամէն հարս գեղեցիկ է, եւ իր խնդիրն է այդ գեղեցկութիւնը ներկայացնել: Անոր ծառայութիւնները կարժեն մօտ 20-100 հազար տոլար: