Եւրոպայի խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համարպըրկ Սթրազպուրկի մէջ խօսած է լրագրողներու դէմ իրականացուող բռնութիւններու մասին:

Համարպըրկ անդրադարձած է վերջին տարիներուն տեղի ունեցած լրագրողներու դաժան սպանութիւններուն եւ կոչ ըրած պատկան մարմիններուն՝ բացայայտել այդ սպանութիւններու ո՛չ միայն կատարողները, այլեւ` անոնց պատուիրատուները:
Համարպըրկ ընդգծած է, որ իրաւապահ եւ դատական մարմինները պատասխանատւութիւն կը կրեն լրագրողներու դէմ իրականացուած յանցագործութիւններու արագ եւ արդիւնաւէտ հետաքննութեան ապահովման համար:
«Վերջին տարիներուն Եւրոպայի մէջ  դաժան սպանութիւններու զոհ դարձած են շարք մը յայտնի լրագրողներ, ինչպէս` Հրանդ Տինքը Թուրքիոյ մէջ, Կէորկի Կոնկաձէն Ուքրանիոյ մէջ, Էլմար Հուսէյնովը Ատրպէյճանի մէջ, Աննա Փոլիդգովսգայան Ռուսաստանի մէջ»,- ըսած է Համարպըրկ` նշելով, որ 1992էն մինչեւ հիմա Եւրոպայի մէջ  սպաննուած է 100 լրագրող, մեծ թիւով լրագրողներ ենթարկուած են յարձակման կամ սպառնալիքներու: