Հակառակ հայկական պատուիրակութեան բազմաթիւ ե՛ւ բանաւոր, ե՛ւ գրաւոր հիմնաւորումներուն, թէ ինչու դէմ ենք ԵԽԽՎ-ի հրամանի տակ նման յանձնաժողովի գոյութեան, ԵԽԽՎի մէջ 20 վայրկեան տեւած նիստի մը ընթացքին՝ նշանակուեցաւ ԼՂՀ հարցով ենթայանձնաժողովը:
Հայ պատգամաւորները կընդգծեն, որ ասիկա տխրահռչակ Չաւուշօղլուի պաշտօնավարման վերջին շրջանն է: Նախորդ օրերուն ընթացքին յայտնի դարձաւ փակ քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք ընտրուած ԵԽԽՎ յաջորդ նախագահի անունը` ֆրանսացի պատգամաւոր Ժան Քլոտ Մինէոն: «Յոյս ունենք , որ նոր նախագահը կը լինի անաչառ եւ հաւատարիմ ԵԽԽՎ-ի արժէքներին, եւ վերջ կը դրուի ԼՂՀ-ի հարցերով տխրահռչակ ենթայանձնաժողովի գոյութեան» կըսեն անոնք: