ՔՈՒՓԵՐԹԻՆՕ, Քալիֆորնիա.- Ամերիկեան «Էյ.Փի.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Mac» համակարգիչներու եւ «iPod»ի ու «iPhone»ի նման արդիական կազմածներու «Էփըլ» ընկերութեան հիմնադիր եւ նախկին ղեկավար Սթիւ Ճոպզ, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5ին մահացած է։ 56ամեայ Ճոպզ մահացած է ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղէն։


«Էփըլ»ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Այսօր ամբողջ աշխարհը կորսնցուց հանճարեղ եւ հրաշալի մարդ մը։ Անոր հոգին միշտ պիտի ղեկավարէ մեր գործողութիւնները»։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, անդրադառնալով Ճոպզի մահուան՝ յայտնեց. «Ան վստահ էր, որ կրնայ աշխարհը փոխել»։
«Մայքրոսոֆթ»ի հիմնադիր Պիլ Կէյց, իր կարգին յայտնեց, թէ անոր ազդեցութիւնը «դեռ շատ սերունդներ պիտի զգան», իսկ «Տել» ընկերութեան հիմնադիր Մայքըլ Տել ըսաւ, որ «Ճոպզի ժառանգութիւնը պիտի մնայ նաեւ յաջորդ սերունդներու յիշողութեան մէջ»։
Յառաջիկայ Նոյեմբերին լոյս պիտի տեսնէ Ճոպզի կենսագրութիւնը՝ «I, Steve: Steve Jobs in His Own Words», որուն հեղինակն է «Սի.Էն.Էն.»ի նախկին գլխաւոր տնօրէն եւ ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթի խմբագիր Ուոլթըր Այզիքսըն։
Սթիւ Ճապզ ծնած է Փետրուար 24, 1955ին։ Անոր կենսաբանական ծնողներն են Ճոանա Սիմսըն եւ Սուրիայէն գաղթական Ապտուլֆաթահ Ճոն Ճանտալի։ Սակայն Ճոպզ, իր ծնունդէն միայն մէկ շաբաթ ետք որդեգրուելով՝ հասակ նետած է Փօլ Ճոպզի եւ անոր ազգութեամբ հայ կողակից Քլարա Յակոբեանի տան մէջ։ «Իմ ծնողքս անոնք են», կ՛ըսէր Ճոպզ։
Քլարա Յակոբեան Միացեալ Նահանգներ գաղթած է Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք՝ Մալաթիայէն։ Քլարայի հայրը՝ Լուիս Յակոբեան, ծնած է Մալաթիա, 1894ին, իսկ մայրը՝ Վիքթորիա Արթինեան՝ Իզմիրէն էր։
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ, «Էփըլ»ի ներկայացուցչութեան մօտ, Հինգշաբթի օր ծաղիկներ եւ մոմեր զետեղուած են՝ ի յիշատակ Սթիւ Ճոպզի:մակը ......... ուղղարկած է ..........։ Կրնաս հետաքրքրական