Մինչեւ Հոկտեմբերի աւարտը պիտի տեւէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառի հովուապետական այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ, որ սկիզբ առաւ երէկ, Լոս Անճելըսի մէջ:


Յիշեալ այցելութեան ընթացքին վեհափառը կարեւորութեամբ պիտի շեշտէ հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը, հայ   դպրոցի վերակազմակերպումը ու ազգային պահանջատիրութեան վերահզօրացումը:
Լոս Անճելըսի, Ֆրեզնոյի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Քալիֆորնիոյ այլ քաղաքներու մէջ վեհափառը պիտի այցելէ եկեղեցիներ, դպրոցներ ու առիթներ պիտի ունենայ ժողովուրդին հետ ըլլալու:
Վեհափառը նաեւ ԱՄՆի մեծագոյն համալսարաններէն՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը պիտի տայ, հանդիպումներ պիտի ունենայ երիտասարդութեան, ինչպէս նաեւ մտաւորականներու ու թեմական իշխանութեան հետ: