Պոլսոյ յունական համայնքէն ներս, այս տարի դպրոցական տարեշրջանը նուազած համրանքով սկսաւ: «Էլէֆթէրոթիփիա» թերթի հաղորդումին համաձայն, երկու նախակրթարաններ՝ Ֆանարի Մարասլիոն եւ Խալքիտոնայի դպրոցները պիտի չբանան իրենց դռները:

Առաջինը փակուեցաւ աշակերտներու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով, իսկ երկրորդը՝ «ճամբեց» սակաւաթիւ իր աշակերտները:
Պոլսոյ երեք նախարկթարաններուն մէջ աշակերտներու թիւը հետզհետէ կը նուազի: Այս տարի, կրթական տարեշրջանը բացուեցաւ 78 աշակերտներով. Զափիոն ունի 65 աշակերտ, Փրիկիփոյի դպրոցը՝ 3 եւ Վալկայի դպրոցը 10 աշակերտ: Վերեւ նշուած թիւին մէջ ներառնուած են 32 արաբերէն խօսող փոքրիկներ (արաբ ուղղափառ), խառն ամուսնութիւններէ 20 զաւակ եւ 23 յոյն:
Նմանօրինակ է վիճակը նաեւ երկրորդական վարժարաններուն մէջ, ուր կը յաճախեն ընդհանուր թիւով 112 աշակերտներ (38-ը՝ յոյն):
Նախակրթարան թէ միջնակարգ յաճախող ընդհանուր թիւը 190 հոգի է: Թերթը կը նշէ թէ տաս տարիներ առաջ այս թիւը 257 էր, իսկ 20 տարի առաջ՝ 391: