ՄԱՄԼՈՅ ՆՊԱՍՏՆԵՐ ՏԱԼՈՒ ԵՒ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԼՈՒ ՄԵԾ-ՄԵԾ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐԷՆ ԵՏՔ՝

Ահա թէ ինչ վերաբերում ցոյց կը տրուի տարբեր մշակոյթներու նկատմամբ

Ըստ «Ermenihaber.am» (Էրմենիհաբեր) լրատուական կայքէջին՝ Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի հայկական կաթոլիկ դպրոցի դրան վրայ փակցուած ցուցանակը քննարկման առիթ ստեղծած է: «Մարմարա» օրաթերթին մէջ այս գծով կը կարդանք թէ «Էվրէնսէլի» կայքէջին մէջ Մեհմէտ Աքկիւլի ստորագրութեամբ թղթակցութիւն մը լոյս տեսած է, ուր կը նշուի թէ Պոմոնթիի հայկական վարժարանի դրան վրայ կախուած է վերեւ նշուած գրութեամբ ցուցատախտակ մը: Այս նշանատախտակին վրայ գիրերուն հասակը դպրոցին անուան գիրերուն հասակէն ալ աւելի մեծ է:
Յօդուածագիրը հարց կուտայ թէ այս նշանատախտակը ի՞նչ գործ ունի հայկական վարժարանի մը դրան վրայ, Մինչ հայկական վարժարաններէն ներս մէկ հատ իսկ թուրք աշակերտ չկայ:
Թղթակիցը կը գրէ որ հայ հայրենակիցներ ալ, որոնք աշակերտներու ծնողներն են, բողոքած են այս գրութեան դէմ, նկատել տալով թէ նոյնիսկ թրքական դպրոցներու դռները այսպիսի ցուցանակ չեն կրեր...
Հետաքրքրական է նշել, որ նոյն այս հայկական դպրոցէն ընդամէնը մէ փողոց անդին ֆրանսական վարժարան մը կը գտնուի, որու դռան վրայ որեւէ այսպիսի գրութիւն չկայ: Նշուած գրութիւնը չկայ նաեւ քաղաքի տարբեր մասերու մէջ գտնուող գերմանական, անգլիական եւ ամերիկեան դպրոցների դռներուն վրայ: Ի՞նչ կը պարզէ այս երեւոյթը. թէ ցեղապաշտական մօտեցումը միայն հայկական դպրոցի նկատմա՞մբ է:
Նշենք յաւելեալ, թէ վերոնշեալ անգլալեզու, գերմանալեզու եւ ֆրանսալեզու դպրոցներուն մէջ ոեւէ մէկը կրնայ արձանագրութիւն եւ կրթութիւն ստանալ, մինչ հայկական դպրոց յաճախելու իրաւունք ունին միայն հայ երեխաները:
Թղթակիցը կը գրէ որ բողոքարկուներէն մէկը՝ Սասուն Էսդուքեանը, իրեն յիշեցուցած է Լոզանի դաշնագիրը, աւելցնելով թէ նմանօրինակ նշանատախտակի մը առկայութիւնը բացայայտ նշան է՝ հայերը մաշեցնելու եւ զանոնք ճնշումի ենթարկելու քաղաքականութեան:
Այլ անձ մը, որու զաւակները այդ դպրոցը կը յաճախեն՝ Ֆիլոր Ուլուքը, նշած է. «Ազգ մը, որուն կը ստիպեն մերժել սեփական ազգութիւնը, ինչպէս կրնայ մայրենի լեզուն սորվիլ: Ամէն օր ըսել՝ «թուրք եմ». սա ամենամեծ ձուլումն է: Սա էթնիկ ցեղասպանութիւն է: Այս ամէնի պատճառով՝ մեր երեխաները մեզ չեն յարգեր: Երեխաս ինձ կ'ըսէ «Դու ստախօս ես: Կÿըսես, թէ հայ ենք, բայց դպրոցին մէջ մեզի թուրք կ'սեն»: