Նոյեմբեր 7-ին Մոսկուայի տան ցուցասրահին մէջ  տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցի տնօրէն դեսպան Վահէ Գաբրիէլեանի ARTSAKH: the people and land of KARABAKH («Արցախ՝ Ղարաբաղի ժողովուրդն ու հողը») անգլերէն գրքի շնորհանդէսը եւ գիրքին մէջ ներկայացուած հեղինակային լուսանըկարներու  ընտրանիի մը  ցուցահանդէսի բացումը:

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի կազմակերպութեամբ 28 Ապրիլի 2011-ին սփիւռքահայ անուանի արձակագիր Յակոբ Օշականին նուիրուած գիտաժողովին ներկայացուած նիւթերու գրքոյկը։


Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2011-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Փանոս Քալոկերոփուլոսի այցելութիւնը:

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Ռէուվեն Ռիվլին Երեքշաբթի օր յայտարարած է, որ կ՛ուզէ Քնեսեթը Հայոց ցեղասպանութեան հարցով լիագումար նիստի հրաւիրել: «Իբրեւ հրեայ եւ իսրայէլացի իմ պարտականութիւնս է ճանչնալ այլ ժողովուրդներու ողբերգութիւնները», ըսած է ան:

ՌՈՒՍԻԱ
Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարած է, որ Ռուսիա կþողջունէ Ատրպէյճանի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ոչ մնայուն անդամակցութիւնը։