Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի նամակ մը յղած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին, ուր կ՛ըսուի.
«Պարոն նախագահ,
Կը փափաքիմ ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզի, այն բացառիկ ընդունելութեան համար, զոր ցուցաբերեցիք ինծի Հայաստան պետական այցի ընթացքին, զոր կատարելու պատիւն ու հաճոյքը ունեցայ Հոկտեմբեր 6-7ին:
Իմ պետական այցէն նախեւառաջ մնացած է այն խոր յուզմունքի զգացումը, զոր ապրեցայ Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մօտ, 1915ի Ապրիլ 24ին Ձեր ժողովուրդին դէմ իրագործուած մահավճիռի զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու ընթացքին: Վստահ եղէք, որ Ֆրանսան չի դադրեցներ իր յանձնառութիւնը այնքա՛ն ժամանակ, քանի դեռ այդ ջարդերը հարկ եղածին պէս չեն ճանչցուած իրականացնողներու ժառանգներուն կողմէ:
Ես երջանիկ եմ, որ այցը ինծի հնարաւորութիւն ընձեռեց հայ ժողովուրդին վկայելու Ֆրանսայի անկեղծ երախտագիտութիւնը այն բոլորին համար, զոր մեր երկրին մէջ ապաստան գտած Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածները տուած են Ֆրանսային՝ նպաստելով Ֆրանսայի դիմագիծի կերտման, մինչեւիսկ՝ միաձուլուելով անոր:

Պոլսոյ մէջ ֆրանսական դեսպանութեան շէնքին առջեւ,
հաւաք մը իրագործած են 100ի մօտ ցուցարարներ,
բողոքելով Ֆրանսայի նախագահ Ն. Սարքոզիի
Ցեղասպանութեան ակնարկող յայտարարութիւններուն դէմ
Նոյն կերպով, ես կը պահպանեմ յուզիչ յիշողութիւնը այն խանդավառութեան, որ համակած էր Ֆրանսայի հրապարակը եւ որ արտայայտութիւնն էր պատմութեան մէջ խորապէս արմատաւորուած եւ նախորդ դարի փորձութիւններուն մէջ կոփուած մեր երկու երկիրները միաւորող այդքա՛ն սերտ բարեկամութեան: Նաեւ, կը փափաքիմ Ձեզի վերահաստատել, որ Ֆրանսան Հայաստանին իր բարեկամն ու քոյրը կը համարէ:
Վստահ եղէք, որ Ֆրանսան անշեղօրէն Ձեր կողքին է՝ Ձեր երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ, առաջին հերթին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ բանակցութիւններու միջոցով կարգաւորման ճանապարհին: Ձեր երկրին համար ճակատագրական պահերուն, Դուք կրցած էք ապացուցել Ձեր խիզախութիւնն ու պատասխանատուութեան զգացումը, որոնք արժանի են հիացմունքի: Ես չեմ կասկածիր, որ հարկ եղած պահուն, Դուք ի զօրու էք ստանձնելու խաղաղութեան «ռիսկ»ը՝ յանուն Ձեր երկրի եւ տարածաշրջանի բարօրութեան՝ անով ձգելով Ձեր դրոշմը Հայաստանի ապագային վրայ:
Այժմ մենք պէտք է որոշակիացնենք մեր հանդիպումներուն ժամանակ ուղենշուած հեռանկարները, որպէսզի իրականացուին ծրագիրներ, որոնք պիտի նպաստեն երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութեան առաւել ամրապնդման: Հաւատացած եղէք, որ Ֆրանսան ի սրտէ եւ անվերապահ կ՛աշխատի անոնց իրագործման համար: Հայաստանին կը ցանկամ խաղաղ եւ բարեկեցիկ ապագայ, որուն իրաւունքը ան նուաճա՛ծ է, եւ կը մաղթեմ, որ երկրի ղեկավարի Ձեր առաքելութիւնը պսակուի այն յաջողութեամբ, որուն, իրաւամբ, արժանի էք:
Կը խնդրեմ ընդունիլ, մեծարգոյ պարոն նախագահ՝ սիրելի՛ Սերժ, ամենախոր յարգանացս, ինչպէս նաեւ իմ խոր բարեկամական զգացումներու հաւաստիքը»: